Արեւմուտքը կ’ապրի նոր մղձաւանջ: Աֆղանիստանի եւ Իրաքի արշաւներէն ետք, ուր Միացեալ Նահանգներ եւ անոր դաշնակիցները ձախողեցան ամրագրել իրենց խոստացած կայունութիւնը եւ ժողովրդավարական հասարակարգերը, նախագահ Պարաք Օպամա իսլամ ծայրայեղականներու դէմ նոր արշաւի մը ստիպողութեան տակ կը գտնուի ներկայիս: Օպամա, օդարշաւներու հրահանգ տուաւ ծայրայեղական խմբաւորումներու վրայ` «Ցեղասպանութեան արարքներ կանխելու» մտահոգութեամբ: Շատ հաւանաբար, ինչպէս արդէն կը նկատենք, Ուաշինկթըն լծուած է զինելու արեւելեան Իրաքի քիւրտերը: Ան, միաժամանակ մարդասիրական լայնածիր օժանդակութիւններ կը տրամադրէ հիւսիսային Իրաքի քիւրտերուն, որպէսզի կանխէ ծայրայեղականներու թափանցումը քարիւղով հարուստ քրտական շրջանները: Ուաշինկթընի դաշնակիցները մէկ առ մէկ կը հետեւին անոր քայլերուն: Միջին Արեւելքը դարձած է աննախադէպ զարգացումներու ականատեսը: Խուսափելով անցեալի սխալներէն, նախագահ Օպամա եւ անոր դաշնակիցները կը փորձեն մարդկային եւ նիւթական նուազագոյն վնասներով դուրս գալ Տաաշի դէմ առ ճակատումէն:
Իսլամ ծայրայեղականներու երեւոյթը, անոնց կողմէ ամիսներու ընթացքին Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ լայն տարածութիւններու նուաճումը, Միջին Արեւելքի եւ մանաւանդ արաբական աշխարհի ժողովուրդներուն կրած ցնցումներուն անդրադարձն է, սկսելով Իրաք ներխուժումէն, հասնելու՝ Արաբական Գարնան եւ Սուրիոյ դէմ յայտարարուած միջազգային պատերազմին: Ռազմավարական առումով, աշխարհի ամենակարեւոր շրջաններէն մէկուն մէջ, իսլամ ծայրայեղականներ լոյս արեւու տակ կը սպաննեն քրիստոնեաններ, եզիտիներ, այլ փոքրամասնութիւններ: Անոնք կը քանդեն մշակոյթ, պատմութիւն: Պատահի, որ ծայրայեղականները ամբողջական հակակշիռի տակ վերցնեն վերոյիշեալ շրջաններու բնական հարստութիւնները, անոնց տիրապետած զէնքերն ու նիւթական անսահմանափակ հարստութիւնները պիտի սպառնան համայն աշխարհի խաղաղութեան: Իսլամական ծայրայեղականներու դէմ Արեւմուտքին անվճռական կեցուածքը հետզհետէ պիտի վարկաբեկէ ՄԱԿ-ի,ՆԱԹՕ-ի հեղինակութիւնը:
Միացեալ Նահանգներու եւ յատկապէս Բրիտանիոյ կառավարական շրջանակներու մէջ վերջին շրջանին լուսարձակի տակ կ’առնուին եւ կը վերարժեւորուին մօտիկ անցեալի Իրաքի, Սուրիոյ,Լիպիոյ եւ Եգիպտոսի կայուն իշխանութիւնները: Գոնկրէսականներ, բրիտանական խորհրդարանի անդամներ, վերոյիշեալ պետութիւններու ղեկավարները բռնատէր անուանելով հանդերձ, կը հաստատեն, թէ Միացեալ Նահանգներ եւ անոր դաշնակիցները չարաչար ձախողեցան փուլ եկող վարչակարգերը համոզիչ տարբերակներով փոխարինելու իրենց առաքելութեան մէջ:՝ Արեան բաղնիքի մը վերածուած է Լիպիան: Իրաքը՝ համայնքային հակամարտութիւններու դժոխքի մը: Պէտք չէ մոռնալ նաեւ հետեւեալ իրականութիւնը՝ 2001-էն սկսեալ, արեւմտեան պետութիւնները իրենք զինեցին այն ուժերը , որոնք այսօր դուրս գալով իրենց հակակշիռէն, սպառնալիք դարձած են Միջին Արեւելքի եւ համաշխարհային խաղաղութեան: Անոնք միաժամանակ աւելի արիւնարբու դարձած են, քան՝ նախապէս գոյութիւն ունեցող «բռնատիրական» վարչակարգերը:
Բրիտանիոյ խորհրդարանականներ կը պահանջեն քրէական պատասխանատուութեան ենթարկել նախկին վարչապետ Թոնի Պլէրը: Բրիտանացիներու համար առ այսօր մութ կը մնայ Իրաքի ներխուժումին մասնակցելու իսկական պատճառները:Գոնկրէսականներ, հակառակ Ուաշինկթըն – Մոսկուա սուր տարակարծութիւններուն, առանց վարանելու կ’արժեւորեն Արաբական Գարնան արձակած «Ծիլ» երուն առիթով Ռուսիոյ որդեգրած չափաւորական եւ զգուշաւոր քաղաքականութիւնը: Սուրիոյ վարչակարգը տապալելու ջատագովներէն Ճոն Մաքէյն՝ կը պահանջէ չէզոքացնել Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ Տաաշի դիրքերը..: Արեւմուտքը չի կրնար անձնատուր դառնալ Ռուսիոյ կեցուածքներուն, սակայն նոյնինքն Միացեալ Նահանգներ շատ յստակ կը տեսնէ, թէ Սուրիոյ իշխանութիւններուն քայքայումը պիտի դառնայ իսլամիստներու շահը: Օպամա բացայայտօրէն չի կրնայ ձեռք մեկնել սուրիական իշխանութիւններուն, հետեւաբար Ուաշինկըն եւ անոր դաշնակիցները իրենց հայեացքը եւ յոյսը կեդրոնացուցած են քիւրտերու վրայ: Օպամայի դաշնակիցը՝ Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Գամերոն յստակ զինադցութիւն կ’առաջարկէ Իրանի հետ:
Նախագահ Օպամա ներկայիս կը մերժէ ցամաքային զօրքերու մասնակցութեան ընտրանքը: Սակայն պատերազմը երկարելու պարագային, ցամաքային միջամտութիւնը պիտի դառնայ անխուսափելի:
Ռազմավարական նոր իրականութիւններ կը յայտնուին Միջին Արեւելքի հորիզոնին վրայ: Սակայն, բազմաթիւ քաղաքական հեղինակութիւններ, կ’ունենան ճիշդ ընկալելու եւ հետեւութիւններ քաղելու դժուարութիւն: Քանի մը օր առաջ, Միացեալ Նահանգներու նախկին պետական քարտուղար Հիլարի Գլինթըն, հարցազրոյցի մը ընթացքին ծանր քննադատութեան ենթարկեց նախագահ Պարաք Օապաման՝ Սուրիոյ «չափաւոր» ապստամբներուն ռազմական յաելեալ օժանդակութիւն չհայթայթելու պատճառով: Ըստ տիկին Հիլարիի՝ նման համարձակ քայլերու չդիմելու հետեւանքով մեծ բաց մը գոյացած էր Սուրիոյ մէջ եւ ճիհատիստները լաւագոյնս օգտագործած են զայն: Անոր կարծիքով, միայն զինուորական եւ ռազմական լայնածաւալ գործողութիւններով կարելի պիտի ըլլար ժողովրդավարութիւն հաստատել Սուրիոյ մէջ…: Տիկին Գլինթըն, որ կը նկատուի Միացեալ Նահանգներու պատմութեան մէջ ամենաշատ արտասահմանեան ուղեւորութիւններ կատարող պետական քարտուղարներէն մէկը: Բայց որքա՜ք փափաքելի պիտի ըլլար, իր դիրքորոշումները արձակելէ առաջ լսէր իրեն վստահելի՝ ազգային անվտանութեան ծառայողներուն խորհրուրդները : Դժբախտութիւնը , որուն երեւութապէս անծանօթ կը մնայ Հիլարի Գլինթըն, այսպէս կոչուած « չափաւորական»ներուն առաքուող զէնքը կ’անցնէր իսլամիստներուն, վաճառքի կամ՝ ձրի փոխանցումի ճանապարհով…: Նոյնը ճակատագիրը ունեցաւ իրաքեան բանակը վերակազմակերպելու նպատակով, վերջին երեք տարիներուն տրամադրուած 41.6 միլիառ տոլար գումարը:Ամերիկեան արդիական զէնքերով օժտուած իրաքեան բանակը ժամերու ընթացքին անձնատուր դարձաւ ծայրայեղականներուն եւ անոնց յանձնեց բոլոր զէնքերը:
Ուաշինկթըն համոզուած Միջին Արեւելքի մէջ նոր ռազմավարութին եւ նոր դաշնակիցներ որդեգրելու անհրաժեշտութեան: Ռազմավարական կենսոլորտը ենթարկուած է փոփոխութեան:
Ապագան կը մնայ բաւական մութ եւ անորոշ: Սակայն մէկ բան յստակ է ՝ այս ճակատագրական օրերուն, երբ օրակարգի վրայ ներկայացուած են դժուար եւ դառն որոշումներ: Մեկնելով անցեալի դառն փորձութիւններէն, Արեւմտեան պետութիւններու ժողովուրդները զիրենք ներկայացնող ղեկավարութեան մէջ պիտի փափաքէին տեսնել աւելի հեղինակաւոր շրջահայեաց եւ կարող անձնաւորութիւններ:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ