Սիլվա Իսկիկեան -Մահսերեճեան
Արարատ
Գնա՛ս բարով, ա՛յ ուխտաւոր
Երանի քեզ, Հա՛յ ուխտաւոր,
Որ կարօտով ու սիրառատ
Ուխտ ես գնում դէպ Այրարատ:
Յովհաննէս Թումանեան:
Ճամբան երկարեցա՜ւ ու երկարեցա՜ւ…: Անհամբեր կը սպասէի սուրբ լերան յայտնութեան: Արարատը տեսնելու ցանկութիւնս կը նմանէր անապատին մէջ ջրառատ ովասիսի մը հանդիպելու տենչանքին:
Վերջապէ՜ս…: Չէի կրնար հաւատալ, որ այդքան մօտիկ էի Արարատին…: Կարծես, մագնիսական հոսանքներ ու փշաքաղող ալիքներ պատած էին մարմինս: Սիրտս այնքան արագ կը տրոփէր ու շնչառութիւնս կուրծքս կը խեղդէր…: Դիմացս պարզուած պատկերը՝ ձախին բարձր գագաթը, ապա փոքրը՝ ամրօրէն խարսխուեցաւ միտքիս մէջ: Զարմանալի էր, որ «Երկու օրուան» Արարատը կրցաւ շրջել տարիներով ճանչցած Արարատիս պատկերը: Արդեօ՞ք իբրեւ սփիւռքահայ աւելի համակուած ու հարազատ զգացի վայրին, անարդարութեան զոհ գացած եւ օտարութեան մէջ որբացած ճակատագիրին, թէ՝ ընդահանրապէս հեռաւորը աւելի խորհրդաւոր է ու հմայի՞չ…:
«Առաւօտ լուսոյ,
Արեգակն արդար,
Առ իս լոյս ծագեա»։
Ներսէս Շնորհալի
Արեւուն առաջին շողերուն հետ ինքզինքս պատշգամ նետեցի դիմաւորելու Արարատը: Կախարդական պատկերին դիմաց հմայուած՝ անշարժացած էի…: Յիրաւի է Գրիգոր Նարեկացիին անուանումը. «Մեծութեան կշռորդ»: Նոյնպէս յիշեցի այլ բանաստեղծներու որակումները. «Մեծավայելուչ թագաւոր», «Անխաբ վկայ», «Արձան պարծանաց», «Քաջաց ոգիներու դիցարան»…: Որքա՜ն հակասական ու աղքատիկ է այսօրուան թրքական անուանումը՝ «Աղրի Տաղի» (ցաւի լեռ):
Աղօթեցի առ Աստուած, որ այս հրաշափառ գեղեցկութիւնը վերադառնայ ՏՈՒՆ:
«Սեղանն է առատ դիմացն Արարատ հնչում են երգեր ուրախ ու զուարթ…»: Այս երգով Խմբուեցանք պանդոկին կանաչապատ շրջափակին մէջ: Աստղազարդ գիշերն ու արծաթափայլ լուսինը յաւելեալ խորհրդաւորութիւն պարգեւած էին վայրին: Մեր դէմքերը յառած Արարատին, երգեցինք բազմաթիւ երգեր, երգեցինք սէ՜ր ու ցա՜ւ…: Անմոռանալի գիշեր մը անցուցինք, որուն քաղցր տպաւորութիւնները կ’ապրինք մինչեւ օրս:
Յաջորդ առաւօտ վերջին ակնարկ մը նետեցի վեհանիստ գոյութեան ու հանրակառք բարձրացայ: Ներշնչուած Աւետիք Իսահակեանի բանաստեղծութենէն, ըսի. «Ե՛ս ալ նայեցայ սէգ կատարին ու անցայ»:
Կարս
«Ինչքան որ հուր կայ իմ սրտում, բոլորը՜ քե՛զ,
Ինչքան կրակ ու վառ խնդում, բոլորը՜ քե՛զ…»:
Եղիշէ Չարենց
Կարս անունը միտքիս մէջ կը զուգորդուի հանճարեղ բանաստեղծ Եղիշէ Չարենցին ծննդավայրին հետ: Անոր լքուած ու աւերուած տունը օրինակ մըն է այլ խլուած ու որբացած տուներէն: Կարս՝ հարազատ քաղաք, ծանօթ իր պատմական վերիվայրումներով, յաղթանակներու եւ յուսախաբութիւններու քաղաք…:
Կարսի Ս. Առաքելոց եկեղեցին, հրաշալի կառոյց մըն է, որ ցաւօք միւսներուն նման այս ալ մզկիթի վերածուած է, մինչ իր ճարտարապետական կերտուածքը հայկականութիւն «կը պոռայ»: Անունը փոխած են Գիւմբէթ Մոսքի( Գմբէթ մզկիթ): Զայրացած՝ ես ինծի հարց կու տամ. արդեօք մզկիթները ե՞րբ գմբէթներ ունեցած են, իսկ Սելճուք, Մոնկոլ-Թաթարներէն սերածները՝ ճարտարարուեստ: Անունները փոխելու մէջ անգամ անկարող են: Պատմական անուններն ու իրականութիւնները խեղաթիւրելն անգամ «շնորհք» կը պահանջէ…: Յուսախաբութեամբ իմացանք, որ եկեղեցւոյ դարպասը փակ էր: Երկաթեայ ճաղերուն արանքէն բջիջայինս ներս սպրդեցի եւ բարեբախտաբար ստացած նկարս բաւական յստակ դուրս եկաւ: Անխաչ, անխորան ու անհոգի տարածք մը, իսկ յատակը՝ ծայրէ ծայր ծածկուած էր հնամաշ, գունաթափ եւ կարմիր նամազի գորգերով: Վրդովմունքս բառերու մէջ դնելը անկարելի էր…։ Կարծես մէկը այդ փոշոտ գորգերով կը ճնշէր դէմքիս ու կը փորձէր զիս խեղդել:
Կրկին ինծի հետ սկսաւ խօսիլ Նեւրիկը. «Ինչպէ՞ս կարելի էր իբրեւ ամուսին ընդունիլ զիս առեւանգողը, ինքնութիւնս կեղեքողը եւ ինծի կրօնափոխութիւն պարտադրողը: Ինչպէ՞ս կարելի էր ամէն գիշեր նոյնանալ սրբութիւններս պղծողին հետ եւ մէկ երդիքի տակ մարմին ու հոգի կիսել…»։
Դիմացս Կարսի բերդն է՝ խրոխտ, բարձրաբերձ ու անառիկ: Բագրատունիներու օրով եւ ձեռամբ կառուցուած այս դարաւոր կառոյցը ոչինչ կրնայ խախտել, որուն համար օգտագործուած են հրաբխային քարեր՝ պազալթներ: Դժբախտաբար, այսօր այս բերդը եւս կը նպաստէ Թուրքիոյ զբօսաշրջութեան մարզին աշխուժացման :
Կը լքեմ Կարսը՝ Չարենցի սրտայոյզ տողերով.
«Թողած Կարսում, գետի ափին, տունս՝ շինուած անտաշ քարով,
Կարսը թողած, Կարսի այգին ու հայրենի երկինքը մով…»:
Հետեւեցէք նկարներուն, որոնք տեղադրած եմ իրենց բացատրութեամբ եւ ըստ յօդուածին՝ յաջորդական կարգով: