«Ազդակ»-ի առցանց 53-րդ լսարանը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 27 հոկտեմբեր 2022-ին: Նիւթն էր` «Արեւմտահայերէնը Հայաստանի մէջ` վերջին տասնամեակին. աշխատասիրութիւններ, հրատարակութիւններ եւ ծրագիրներ»: Դասախօսեց Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկի եւ հայկական գաղթավայրերու պատմութեան բաժնի եւ Հրաչեայ Աճառեանի անուան լեզուի հիմնարկի գիտաշխատող դոկտ. Անի Ֆիշենկճեան: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժնի աշխատակից Մինաս Քէհեան:
Դասախօսը համապարփակօրէն ներկայացուց հայրենիքի մէջ տարբեր հիմնարկներու, համալսարանական ամպիոններու, կազմակերպութիւններու կողմէ մշակուած եւ իրականացուած ծրագիրները արեւմտահայերէնի պահպանման եւ զարգացման ուղղութեամբ: Ան յատուկ բաժնով զեկուցեց նաեւ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնած գիտաժողովներու, դասագիրքերու պատրաստութեան, հանրակրթութեան, ուսուցիչներու վերաորակաւորման եւ նման ուղղութիւններով իրականացուած ծրագիրներուն մասին: Անդրադարձաւ Հրաչեայ Աճառեանի անուան լեզուի հիմնարկին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միջեւ սկսած համագործակցութեան: Այս բոլորին զուգահեռ, դոկտ. Ֆիշենկճեան ներկայացուց նաեւ օրին սփիւռքի նախարարութեան կողմէ լեզուաբաններու պատրաստած հայեցակարգային եւ ռազմավարութեան մշակման փաստաթուղթեր` արեւմտահայերէնի պահպանման եւ զարգացման առումով:
Տեղեկութիւններով յագեցած այս խիստ այժմէական նիւթին մասին համապարփակ դասախօսութեան հետեւեցաւ լսարանին մասնակցողներու կողմէ հարց ու պատասխանի տեսքով քննարկում` սփիւռքէն եւ հայրենիքէն առցանց լսարանին մասնակիցներուն կողմէ:
Դասախօսութեան տեսագրութիւնը տեղադրուած է «Ազդակ»-ի «Եութիուպ»-ի համապատասխան ալիքին վրայ` https://www.youtube.com/watch?v=np7tUp9DaYE