Լեւոն Շառոյեան ( Հալէպ)
Ամէն օր խորապէս կը տխրիմ ու կը ցաւիմ՝ տեսնելով որ սփիւռքահայ մեր թերթերը հետզհետէ կը հեռանան ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅ դասական մամուլի դիմագծութենէն, նկարագրէն: Անոնք անզգալաբար կ՛իյնան արեւելահայերէնի ծանր ազդեցութեան տակ՝ թէ՛ բառապաշարով, թէ՛ դարձուածքներով, թէ՛ ոճով, թէ՛ լեզուական-քերականական ըմբռնումներով: Տեղ-տեղ, սփիւռքահայ մեր թերթերը, առանց խպնելու, յօդուածներ կը տպեն աբեղեանական ուղղագրութեամբ: Նոյնիսկ ունինք պաշտօնական կայքէջեր (թեմի մը, եկեղեցիի մը, ակումբի մը կամ հիմնարկի մը պատկանող), ուր լրատուութիւնը մի՛շտ եւ բացառաբար ԱՐԵՒԵԼԱՀԱՅԵՐԷՆ է ու ԱԲԵՂԵԱՆԱԿԱՆ գրելաձեւով…: Այլ խօսքով՝ արեւմտահայ-սփիւռքահայը հրաժարած է իր լեզուէն ու զայն ծախու հանած…:
Այսօր թերթ մը բացի կրկին: Աւելի քան հարիւրամեայ թերթ մը: Ահա՛ անոր Ա. էջի մէկ վերնագիրը.
«Պատերազմի բերումով ԼՂ մուտք գործած զինեալ ուժերը ՀՀ պիտի վերադառնան. Ա. Գրիգորեան»:
Այսպիսի խորագիր մը, արեւմտահայ թերթի մը մէջ, մերժելի է իմ կողմէ:
Ամէն բանէ առաջ՝ միանգամընդմիշտ պէտք է հրաժարիլ սա զզուելի յապաւումներէն, որոնք ժառանգ մնացին մեզի սովետական շրջանէն: Ի՞նչ ըսել է «ԼՂ», ի՞նչ ըսել է «ՀՀ»: Այո՛, գոնէ ընթերցասէրներս գիտենք, որ «ԼՂ»-ն Լեռնային Ղարաբաղն է, իսկ «ՀՀ»-ն ալ՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Սակայն ինչո՞ւ չենք գրեր «Ղարաբաղ» (կամ Արցախ) ու չենք գրեր «Հայաստան»: Այո՛, պարզապէս ՀԱ-ՅԱՍ-ՏԱՆ: Ծո՛վը թափեցէք այդ անճոռնի «ՀՀ»-ն:
Յետոյ, ուրկէ՞ իւրացուեցաւ արտայայտութեան մը հեղինակին անունը իր արտասանած խօսքին ԵՏԵՒԸ դնելու յոռի սովորութիւնը: Մեր արեւմտահայ բարքերով՝ ենթակային անունը կը դրուի իր արտայայտութեան ՍԿԻԶԲԸ: Ա՛յս եւս կապկած ենք հայաստանեան մամուլէն: Կը կապկե՜նք ու կը կապկե՜նք…: Հօ՜,հօ՜…
Հետեւաբար, 100-ամեայ այդ թերթին վերոնշեալ խորագիրը ես պիտի ուզէի տեսնել սա՛ ձեւով.
«Ա. Գրիգորեան կը հաւաստիացնէ, թէ պատերազմի բերումով Արցախ մեկնած զինեալ ուժերը Հայաստան պիտի վերադառնան»:
Քիչ մը ճիգ ու ճաշակ, սիրելի՛ խմբագիրներ, որպէսզի մենք ալ զգանք, թէ արեւմտահայ թերթ մը բացած ենք…: