Տոքթ.Արմենակ Եղիայեան
Հետագայ եւ յետագայ
Բոլոր ենթահողերը գոյութիւն ունէին, որ այս երկւութիւնը չհաստատուէր աշխարհաբարի մէջ, աւելի ճիշդը՝ ոչ մէկ ատեն մտածուէր յետագայ ձեւի մը մասին, բայց ահա այսօր իրողութիւն է, որ արեւմտահայերուս մեծամասնութիւնը որդեգրած է այս վերջին սխալ ձեւը սխալ ձեւը, եւ փոքրամասնութիւն մըն է, որ կը գրէ հետագայ ճիշդ ձեւը:
Արդարեւ, «Հին հայկազեան»-ը (1749) ընդմիշտ չունի յետագայ. ան կը ճանչնայ միայն հետագայ՝ հ-ով: «Նոր հայկազեան»-ը (1837), որ մեր բառապաշարի հիմնաքարն է, ունի միայն հետագայ, որուն կցած է բազմաթիւ բնագրային օրինակներ մեր մատենագրութենէն: Դրած է յետագայ եւս, որուն կից գրած է « տե՛ս հետագայ», ուրեմն մերժած է այս վերջինը: Վենետիկի «Առձեռն»-ը իր կարգին ունի միայն հետագայ: Միայն հետագայ ունին հայր Գրիգոր Ճելալեանի «Առձեռն բառարան հայկազնեան լեզուի»-ն (1865), Գաբամաճեանը (1913): Այս վերջինին ժամանակակիցներէն Պետրոս Զեքի Կարապետեան իր «Հայերէն-օսմաներէն բառարան»-ին մէջ (1907) հաւասարապէս ունի թէ՛ հետագայ եւ թէ՛ յետագայ, որոնց դիմաց գրած է كلەجك , որ կը նշանակէ գալիք, ապառնի, ապագայ, այլ խօսքով՝ այս երկուքը հոմանիշներ նկատուած են: Կարապետեանէն ետք՝ միայն հետագայ ունի Գայայեանը (1938): Պետրոս վ. Ճիզմեճեանը ունի երկուքն ալ, որոնցմէ հետագայ-ին դիմաց գրուած է յաջորդ, ետեւէն եկող, գալիք, իսկ յետագայ-ին դիմաց ալ գրած է յաջորդող, յետոյ եկող, մօտ յաջորդները. իրապէս զանազանելի տարբերութիւն մը կա՞յ այս երկու բացատրութեանց միջեւ, իսկ եթէ այո, ապա ինչո՞վ կրնայ արդի հայը զանազանել յաջորդ-ն ու յաջորդող-ը…: Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի բառարանին մէջ (1968) կը գտնենք երկուքն ալ՝ նոյն արուեստական ու բռնազբօսիկ զանազանութեամբ. արդարեւ՝
հետագայ _ յաջորդ, ետեւէն եկող, գալիք,
յետագայ _ յաջորդող, յետոյ եկող, ետքինը:
Նկատել «տարբերութիւն»-ը յաջորդ-ին եւ յաջորդող-ին միջեւ, այլեւ գալիք-ին ու յետոյ եկող-ին միջեւ…: Ո՞ր արեւմտահայուն (եւ ոչ միայն արեւմտահայուն) կրնաս հասկցնել, թէ ասոնք «տարբեր» բաներ են եւ ըստ այսմ պէտք է կիրարկուին. բայց միթէ ե՞ն: Աւելի ուշ հայր Անդրանիկ Կռանեան նոյնացուցած է այս երկուքը՝ իբրեւ յետոյ եկող, յաջորդ:
Ինչպէս կը նկատենք, արեւմտահայ բառարանագիրները որեւէ հիմնաւորում չունէին հետագայ ձեւին կից աւելցնելու յետագայ տարբերակ մը, որ ըստ էութեան անգոյ է, երբ Սեբաստացիի, Աւգերեանի, Գաբամաճեանի, Գայայեանի նման հսկաներ տեղ չէին տուած անոր, իսկ աւելի ուշ բերուած զանազանութիւնները բացարձակապէս շօշափելի ու ընկալելի չեն: Ասկէ բացի, իրենց օրին ի նպաստ հետագայ-ին ու ընդդէմ յետագայ-ին կատաղի պայքարով հանդէս եկան հայր Արսէն Ղազիկեանն ու Բենիամին Թաշեանը եւ ուրիշներ: Բայց ահա, ինչպէս ըսի, յետագայ ձեւը որոմի մը կենսունակութեամբ զարգացաւ, ուռճացաւ եւ այսօր գրաւած է արեւմտահայ գրաւոր խօսքի մօտաւորապէս 95 տոկոսը:
Այս ուռճացումին պատճառը այն է, որ արդի (ու ոչ միայն արդի) արեւմտահայուն մտքին մէջ աղօտած ու նսեմացած է հետագայ բառին դասական իմաստը, եւ ան կառչած է յետագայ ձեւին՝ ասոր մէջ տեսնելով յետոյ գալիք-ի նշանակութիւնը: Մինչդեռ հետագայ բառին մէջ, որ կը նշանակէ ետեւէն եկող, հետքին վրայէն եկող, հետեւող, յաջորդող, արդէն առկայ է յետոյ գալու իմաստը, քանի ինչ որ կամ ով որ կը յաջորդէ բանի մը կամ մէկու մը, ինքնաբերաբար յետոյ եկած կ’ըլլայ: Բաց աստի՝ դասական հետ բառը ինքնին արդէն կը նշանակէ նաեւ ետք, յետոյ, աւել ուշ, այս իմաստին հիմամբ ունինք յորմէհետէ մակբայը, որ կը նշանակէ որմէ ետք, այլ խօսքով՝ հետագայ կը նշանակէ նաեւ յետոյ գալիք, յետոյ եկող: Այս բոլոր իմաստներուն կողքին՝ ալ ի՞նչը կրնար մղել աշխարհաբար մտածողութիւնը, որպէսզի հնարէր յետագայ մը, եւ ի՞նչ նշանակելու համար,– իբրեւ յետո՞յ եկող: Բայց չէ՞ որ հետագայ-ն արդէն ունի այս իմաստն ալ, ինչպէս տեսանք:
Այս հնարանքին, այս ընտրութեան մէջ կայ, սակայն, ժողովրդային անփորձ ստուգաբանութեան բաժինը եւս. արդարեւ, յետ արմատը գոնէ աշխարհաբարեան բառերու մէջ յետոյ չի նշանակեր, այլ կը նշանակէ ետեւ կամ դէպի ետեւ. ահա օրինակներ՝
յետագնաց − դէպի ետեւ գնացող, գացող
յետադարձ − դէպի ետեւը դարձած
յետադաս − ետեւը դասուած
յետադէմ − դէպի ետեւ դիմող
յետազդեցիկ − դէպի ետեւ՝ անցածին վրայ ազդող
յետախաղաց ─ դէպի ետեւ խաղացող՝ շարժող՝ ընթացող
յետակաց − ետեւը կեցած, կանգնած
յետաձգել − յետ, այսինքն՝ ետեւը ձգել (Մալխասեան)
յետահայեաց − դէպի ետեւը հայող, նայող
յետամնաց − ետեւը մնացած
յետաշարժ − դէպի ետեւ շարժող
յետընթաց − դէպի ետեւ ընթացող, հկնշ.՝ յառաջընթաց
յետսապահ − ետեւը՝ ետեւի դիրքերը պահող
Խորքին մէջ յետ արմատը՝ ի ետ, իր բոլոր կիրարկութեանց մէջ ալ ետեւ կը նշանակէ. ի՞նչ ըսել է, օրինակ, յետպատերազմեան տարիներ,− սա կը նշանակէ այն տարիները, որոնք եկան պատերազմին ետեւէն. այսինքն՝ պատերազմը աւարտեցաւ, անոր ետեւէն եկան այս տարիները եւ յաջորդեցին պատերազմին: Անշուշտ այսպիսիներուն մէջ մենք այլեւս ժամանակային իմաստ ալ կը դնենք, եւ յետպատերազմեան-ը կ’ընկալենք (նաեւ) իբրեւ պատերազմէն ետք, յետոյ եւ այլն, սակայն այս ժամանակային իմաստը յառաջացած է պարզ համաբանութեամբ միայն:
Այս տուեալներով՝ եթէ մենք ունենայինք յետագայ բառ մը, ապա ան պիտի նշանակէր դէպի ետեւ եկող, եւ ոչ թէ՝ յետոյ եկող, ինչ որ այս բառը կիրարկողներուն ուզածը կամ կարծածն է: Իսկ դէպի ետեւ եկող-ի գաղափարը կը գտնենք արդէն յետագնաց, յետախաղաց, յետընթաց բառերուն մէջ, եւ լեզուն փաստօրէն գոհացած է այս երեքով եւ պէտք չէ տեսած հնարել յետագայ մըն ալ, որ պարզ ռամկաբանութիւն մըն է, յերիւրածոյ գոյացութիւն մը:
Մտածողներ ալ կան, թէ բերուած կրկնակ ձեւերու առկայութիւնը լեզուական հարստութիւն մըն է. սխա՜լ տրամաբանութիւն. յետագայ-ն իր անորոշ իմաստով աւելորդ ու խանգարիչ բեռ մըն է, որ կը կաշկանդէ հետագայ-ի ճիշդ ընկալումն ու հեզասահ կիրարկութիւնը:
Եզրակացութիւն՝ յետագայ-ն կեղծ ու շինծու բառ մըն է, որ ոչինչ կու տայ հայերէնին: