Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի կողմէ նոր հրապարակուած հրատարակութիւններէն է «Արեւմտահայութեան թուաքանակի հարցը 1878-1914 թուականներին» գիրքը, որուն հեղինակն է Ռոպերթ Թաթոյեանը: Թրքական ժամանակակից պատմագրութիւնը եւ իշխանութիւնները կը ժխտեն Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ հիմնուելով օսմանեան վիճակագրութեանց վրայ` օսմանահպատակ հայերու թիւը կը գնահատեն 1,300,000 անձով:
«Փորձել եմ վերլուծել այդ ժամանակ հրապարակի վրայ եղած երկու կարեւորագոյն մարմինների տուեալները` Օսմանեան կայսրութեան եւ Կոստանդնուպոլսի հայոց պատրիարքարանի ունեցած տուեալներով, որոնք միայն իրաւունք ունէին հաշուարկներ անցկացնել», կը յայտնէ Թաթոյեան:
Հեղինակը կը նշէ նաեւ, որ գիրքին երեք գլուխներուն մէջ ինք կը հաստատէ, որ մինչ հայկական հարցը 2,400,000 հայ եղած է օսմանեան Թուրքիոյ մէջ, իսկ երբ հայկական հարցը դրուած է օրակարգի վրայ, երկու անգամ նուազեցուցած են օսմանահպատակ հայերու թուաքանակը: