Այսու գոհունակութեամբ կը հաղորդենք մեր համայն հաւատացեալ ժողովուրդին, թէ թեմակալ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի հրաւէրով, հիւրաբար թեմս այցելող Հայաստանի Արթիկի թեմի առաջնորդ եւ Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի Միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց բաժինի վարիչ Յովակիմ եպս. Մանուկեան, Քրիստոսի Այլակերպութեան տօնին՝ Կիրակի, Յուլիս 27, 2014ին Ս. պատարագ մատուցեց եւ քարոզեց առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ։
Առաջնորդ սրբազան հօր հանդիսապետութեամբ, առաւօտեան ժամը 9:45ին կատարուեցաւ ժամերգութիւն, որուն աւարտին սկսաւ Ս. պատարագի արարողութիւնը, զոր մատոյց Յովակիմ եպս. Մանուկեան:
«Հայր մեր»էն առաջ, Տաճատ Ծ. վրդ. Եարտըմեան ափսէի մէջ դրուած Հայրապետական սրբատառ երեք կոնդակներ ի ձեռին գրող եւ մտաւորական Գրիշ Դաւթեանը եւ կինը, Պօղոս Գուբելեանը եւ կինը, նաեւ Գէորգ Քրիստինեանը, մոմակալներու եւ սարկաւաներու թափօրով Մայր տաճարի գաւիթէն առաջնորդեց դէպի դաս, մինչ երգչախումբը կ՛երգէր «Ուրախ Լեր»ը:
Հայր սուրբը բարձրացաւ խորան, ապա Խաժակ քհնյ. Շահպազեան ընթերցեց վերոյիշեալ երեք մտաւորականներուն յղուած ընդհանուր սրբատառ կոնդակը:
Կաթողիկոսը Գրիշ Դաւթեանին ուղղուած իր կոնդակին մէջ գրած էր.
«Գոհունակութեամբ ենք անդրադառնում հայորդուդ գրական գործունէութեանը, որն արգասաւորուած է Ձեր խոհերն ու զգացումները արտայայտող բանաստեղծական ժողովածուներով: Ձեր ստեղծագործութիւնները թարգմանուել են տարբեր լեզուներով եւ արժանացնել գրականասէրների ընդունելութեանն ու գնահատանքին: Հայոց գրականութեան զարգացման ու տարածման ասպարէզում ունեցած ծառայութիւնների համար, Դուք արժանացել էք պատուաւոր պարգեւների: Ուրախութեամբ ենք հաստատում, որ ԱՄՆ Հայոց Արեւմտեան Թեմում Դուք շարունակում էք գրական առաքելութիւնը՝ բարի նպաստ բերելով Ամերիկահայ համայնքում մայրենի լեզուի եւ հայ գրականութեան հանդէպ սիրոյ զօրացմանը, ազգային ոգու ու գիտակցութեան պահպանմանը»:
Կաթողիկոսը Պօղոս Գուբելեանի ուղղուած իր կոնդակին մէջ գրած էր.
«Յարգարժան Պրն. Գուբելեան, հայրենասէր, ազգասէր եւ հաւատաւոր ոգով էք Դուք արգասաւորել ասուածաշնորհ Ձեր գրական ձիրքը: Դուք երկնել էք ուշագրաւ եւ ուսանելի ստեղծագործութիւններ, որոնցում արտայայտում էք մարդկային կեանքի մասին Ձեր մտորումները, բարու եւ արդարութեան ձգտումները: Գոհունակութեամբ ենք անդրադառնում, որ Ձեր գրական գործերը հրատարակուել են ինչպէս Սփիւռքում, այնպէս էլ Մայր Հայրենիքում, որով ճանաչելի էք դարձել ընթերցասէր հայ հասարակութեանը: Ձեր ստեղծագործութիւնները թարգամնուել են նաեւ այլ լեզուներով՝ հայ գրականութեան նորօրեայ արգասիքներին հաղորդ դարձնելով օտարազգիներին: Հաւատաւոր հայորդուդ շնորհների ու գրականութեան զարգացմանն ի խնդիր ներդրած ծառայութիւնների մասին են վկայում հեղինակաւոր Ձեր պարգեւներն ու մրցանակները»:
Իսկ Գէորգ Քրիստոնեանի ուղղուած կոնդակին մէջ գրուած էր.
«Յարգարժան Պրն. Քրիստինեան, գրական շնորհներով օժտուած հայորդուդ անունն ու գրական գործունէութիւնը ծանօթ են հայ ընթերցասէր շրջանակներին: Հայ գրականութեան անդաստանում Դուք ճանաչելի էք դարձել բանաստեղծական ժողովածուներով, ուսանելի ստեղծագործութիւններով ընթերցողներին հաղորդակից դարձրել Ձեր հոգու ապրումներին ու զգացումներին: Գոհունակութեամբ ենք հաստատում, որ տասնամեակների գրական, խմբագրական գործունէութեամբ աշխոյժ մասնակցութիւն էք ունեցել Հայաստանի, այնուհետեւ նաեւ Սփիւռքի գրական կեանքում:
Այսօր Դուք Գալիֆորնիայի Հայ Գրողների Միութեան Նախագահն էք եւ ջանքեր էք ներդնում Ամերիկահայ կեանքում հայ գրականութեան զարգացման ու առաջընթացի առաքելութեան մէջ»:
Ապա առաջնորդը «Սուրբ Սահակ եւ Սուրբ Մեսրոպ» շքանշանով զարդարեց մտաւորական Գրիշ Դաւթեանի, Պօղոս Գուբելեանի եւ Գէորգ Քրիստինեանի կուրծքերը: Սրբազան հայրը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց յարգարժան այս մտաւորականներուն, որոնք իրենց ամբողջ կեանքին ընթացքին նուիրուած են հայ գրականութեան եւ մշակոյթին՝ քաջաբար շարունակելով Սրբոց Թարգմանչաց վարդապետաց սկսած հայրենանուէր եւ ազգանպաստ ծառայութիւնները: Անոնք սիրած են իրենց Ս. եկեղեցին՝ Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինը, հայրենիքը եւ հայ ժողովուրդը: Իրենց գրական հարուստ վաստակով, գեղեցիկ եւ մնայուն ժառանգ թողած են մեր ներկայ սերունդին՝ ուղղութիւն տալով անոնց եւ կոչ ուղղելով հայրենասիրութեան եւ ազգասիրութեան: Մեծագոյն Լոս Անճելըսի մէջ Քալիֆորնիոյ հայ գրողներու միութեան շնորհիւ, անոնք իրենց շուրջը հաւաքած են հայ գրողները, քաջալերած են զանոնք եւ յաճախակի կերպով կը կազմակերպեն գրական եւ մշակութային երեկոներ:
Խօսքի աւարտին, առաջնորդը ի սրտէ շնորհաւորեց զիրենք, դարձեալ գնահատեց եւ յարատեւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց: Ապա ան հոգեկան գոհունակութեամբ հաւատացեալներուն ծանօթացուց հիւր պատարագիչ Յովակիմ եպս. Մանուկեանը, յայտնելով, որ ան Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսի կողմէ նորահաստատ Արթիկի թեմի առաջնորդն է եւ Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի Միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց բաժինի վարիչը: Սրբազան հայրը շեշտեց, որ ան ամենայն ձեռնհասութեամբ եւ բծախնդրութեամբ կը կատարէ իրեն վստահուած պարտականութիւնները եւ Միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց ժողովներուն ընթացքին լաւագոյնս կը ներկայացնէ Հայց. եկեղեցին եւ Մայր աթոռը:
Յովակիմ սրբազանը Կիրակի, Յուլիս 20ին Ս. պատարագ մատուցած եւ քարոզած էր Հոլիվուտի Ս. Յովհաննու Կարապետ Հայց. եկեղեցւոյ մէջ, իսկ Կիրակի, Օգոստոս 3ին Ս. պատարագ պիտի մատուցանէ եւ քարոզէ Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. եկեղեցւոյ մէջ:
Ապա առաջնորդը ուրախութեամբ հրաւիրեց Յովակիմ եպս. Մանուկեանը, որ հաւատացեալներուն փոխանցէ օրուան իր հոգեւոր պատգամը:
Եպիսկոպոս Մանուկեան հաւատացեալներուն փոխանցեց Ամենայն հայոց կաթողիկոսի օրհնութիւնները եւ մեր հայրենակիցներու ողջոյնները, ապա քարոզեց օրուան խորհուրդին մասին՝ որպէս բնաբան ունենալով օրուան Ս. Աւետարանի ընթերցումէն առնուած «Դա՛ է որդի իմ սիրելի, դմա լուարուք»: Ան հանգամանօրէն անդրադարձաւ Քրիստոսի Պայծառակերպութեան եւ կատարեց իր մեկնաբանութիւնները: Ապա բարեմաղթութիւններ կատարեց բոլոր հաւատացեալներուն եւ զանոնք արժանացուց իր օրհնութիւններուն:
Յովնան արք. Տէրտէրեանի տնօրինումով, «Տէր Ողորմեա»ի ընթացքին, հաւատացեալները իրենց աղօթքին մէջ յիշեցին մալեզիական օդանաւի զոհերը, Միջին Արեւելքի մեր հայրենակիցները եւ Լիզպոնի մէջ նահատակուած հայ ազատամարտիկները: Ապա մեծ թիւով հաւատացեալներ Հաղորդութիւն ստացան:
Ս. պատարագի աւարտին, առաջնորդարանի «Արմէն Համբար» դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ թեթեւ հիւրասիրութիւն մը, երբ հաւատացեալները առիթն ունեցան շնորհաւորելու «Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ» շքանշանով պարգեւատրուած Գրիշ Դաւթեանը, Պօղոս Գուբելեանը, Գէորգ Քրիստինեանը եւ անոնց ընտանեկան պարագաները:
Հաւատացեալները ունեցան ընկերային ուրախ պահեր, ապա գոհունակութեամբ բաժնուեցան առաջնորդարանէն:
(Դիւան Առաջնորդարանի)