22 Փետրուարը, Միութեան վարժարաններուն համար, տօնական օր էր, որովհետեւ Վարդանանց հերոսամարտի ոգին կը թեւածէր իւրաքանչիւր աշակերտի, ուսուցիչի և ընդհանրապէս դպրոցի երկնակամարին վրայ:
Բծախնդրութեամբ ու հետեւողութեամբ պատրաստուած էր կոկիկ, գողտրիկ, բայց, հաղորդական յայտագիր մը, որ մեծապէս ոգեւորեց ու խանդավառեց աշակերտութիւնը:
Բեմը զարդարուած էր «Վարդանեան» խորհրդանշաններով – Վարդան Մամիկոնեան, Ղեւոնդ Երէց, խաչ, կարգախօս և Աւարայր, որոնք արդէն ցոյց կու տային հերոսամարտի պերճախօսութիւնը և արտայայտչականութիւնը:
Այնուհետեւ, մեկնարկ առաւ գեղարուեստական տպաւորիչ յայտագիր մը, հետեւեալ յաջորդականութեամբ.
- Խմբային արտասանութիւն. «Խորհուրդ Վարդանանց» (Վահան Թէքէեան), Ը. դասարանի կատարողութեամբ
- Խմբերգներ. «Հիմի Էլ Լռենք», Է. դասարանի կատարողութեամբ, դաշնակի ընկերակցութեամբ՝ Լոռի Փոլաճեանի, նաեւ «Մենք Քաջ Վարդանի Տոհմէն Ենք», դաշնակի ընկերակցութեամբ՝ Արաքս Էլմայեանի
- Վարդանանց հերոսամարտի նուիրուած ընդհանուր զարգացման մրցում, պատրաստութեամբ ու կազմակերպութեամբ Է., Ը., Թ., Ժ. դասարաններէն խումբ մը աշակերտներու, մրցակից կողմերը բաժնած ըլլալով չորս խումբի (Վարդան Մամիկոնեան, Ղեւոնդ Երէց, Աւարայր, Եղիշէ): Յաղթական խումբը հանդիսացաւ «Վարդան Մամիկոնեան»ը (Համբիկ Մարտիրոսեան, Թորոս Թորոսեան, Կարէն Պաղսարեան, Ռիթա Չարըքեան ):
Աշակերտ Համբիկ Մարտիրոսեան, ներկայացուց օրուան պատգամախօս՝ Պրն. Ահարոն Շխրտըմեանը, յիշելով անոր ազգային-հրապարակագրական-լրատուական մարզերէն ներս բերած գործունէութիւնները, ապա, զինք հրաւիրեց բեմ:
Պրն. Շխրտըմեան, իրեն յատուկ արտայայտութեամբ ու վճռակամութեամբ, խօսելէ ետք Վարդանանց հերոսամարտի պատմական եղելութիւններէն և ազգային դաստիարակութենէն քաղուելիք դասերուն, անոնց հետեւելու և անոնցմէ օգտուելու կարեւորութիւններուն վրայ, ընդգծեց այն գործօններուն վրայ, որոնք հայ ժողովուրդին գոյութեան և յարատեւման վրայ հսկայական դեր կ’ունենան և ազդեցութեան հետքեր կը դրոշմեն:
Այս առընչութեամբ և մեկնելով Վարդանանց հերոսամարտի ոգիի պահպանումէն, ան մէջբերումներ կատարեց հայ հանճարեղ բանաստեղծներէն՝ Եղիշէ Չարենց, Յովհաննէս Շիրազ, որոնք բոլորն ալ կը ձգտէին հայ ժողովուրդի ազգային յաւերժական գանձերու պահպանման և արժեւորման գործին:
Պրն. Շխրտըմեան, Վարդանանց հերոսամարտի ոգիին ընդմէջէն, արժեւորեց հայոց լեզուին, ինքնութեան, ազգային ճանաչութեան ու գիտակցութեան կառչած մնալու հրամայականութիւնը, հայրենիքը, հայ ժողովուրդը, հայ մշակոյթը, եկեղեցին գերիվեր պահելու որեւէ նկատառումէ, այլեւ ծառայելու անոնց պահպանման և ամրագրման:
Տնօրէն Պրն. Արա Վասիլեան, խօսելով Վարդանանց տօնի երեւոյթին և ոգեկոչման հիմնականութեան մասին, շեշտը դրաւ այն ոգիին ու տեսիլքին վրայ, որով մեր սերունդները պիտի լիցքաւորուին ու լիանան, իրենց էութեամբ, ոգեղնիութեամբ և անմիջականութեամբ դառնալով տիրապետողը իրենց ազգային լեզուին, արմատներուն և ակունքներուն, միշտ Վարդանանց հերոսամարտի սլացքով և ներշնչումով:
Աւարտին, երբ աշակերտութեան կողմէ օրուան պատգամախօսին կը նուիրուէր ծաղկեփունջ մը, Պրն. Տնօրէն յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց անոր, իր բովանդակալից, շինիչ ու բուխ խօսքին համար, նաեւ սրտի խօսք՝ այս յայտագիրի յաջողութեան նպաստող՝ ուսուցչուհիներ Տիկ. Մարալ Պալեօզեանին, Տիկ. Մանիշակ Ալեքսանեանին ու մասնակից աշակերտութեան: