ԽԱՉԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
1984-ին, Արժանթինի մէջ ժողովրդավարութեան վերադարձէն մէկ տարի յետոյ, նախագահ Ռաուլ Ալֆոնսինի կառավարութիւնը դէմ յանդիման կու գար իր առաջին ճգնաժամին: Այդ տարուայ Ապրիլ 24ին, հրապարակային ելոյթի մը ընթացքին, Ալֆոնսին առաջին անգամ ըլլալով շրջաքայութեան կը դնէր «լիբանանացում» (libanización) յղացքը. «Կը կարծեմ որ կամ մենք մեր դրօշակները կը պարզենք մեր երկրին մէջ կամ ալ ուրիշներ կու գան մեր երկրին մէջ պարզելու դրօշակներ որոնք մերը չեն»: Թէ «ուրիշներ»ը որո՞նք էին Լիբանանի պարագային՝ այնպէս ալ յստակ չմնաց: Ոչ ալ այնքան կարեւոր է թէ Ալֆոնսին ի՛նչ ունէր իր մտքին մէջ: 1976-1983 արիւնարբու զինուորական բռնակալութենէն ետք, ժողովուրդին կողմէ ընտրուած առաջին իշխանութիւնը կը փորձէր պետութեան հաստատութիւնները վերակառուցել սահմանադրական ժողովրդավար կարգերու մէջ, 30 հազար «անհետացածներ»ու պատասխանատու զինուորական խունթան կանգնեցնել արդարադատ ատեանի առջեւ եւ տարածաշրջանային մասշտապով տնտեսական անկումի պայմաններու մէջ երկիրը փրկել գերգնաճի սպառնալիքէն: «Լիբանանացում յղացքը կասկածելիօրէն նորոյթ դառնալու սկսած է», կը գրէր սպանական Էլ Փաիսի Պուէնոս Այրէսի թղթակից Մարթին Փրիէթօ թերթի 25 Ապրիլ 1984ի համարին մէջ իր ստորագրած կարճ ակնարկով: Յղացքը պատկերաւոր յիշեցում մըն էր պարզապէս ներքաղաքական պառակտումին, որուն կենդանի օրինակը այն ժամանակ կու տար Լիբանանը:
Ալֆոնսին նախընթաց մը ստեղծեց այդ յղացքով:
1989ին, երբ ան ստիպուեցաւ նախագահական իր ժամանակաշրջանի աւարտէն վեց ամիս առաջ երկիրը յանձնել նորընտիր Գարլոս Սաուլ Մենեմի, Արժանթին կքած էր արտաքին պարտքի բեռան տակ, գնաճը ամսական 200 տոկոս էր եւ մեծ քաղաքներուն մէջ ընկերային պոռթկումները ամէնօրեայ էին: Արժանթինեան Ձախի ծանօթ մտաւորականներէն Գարլոս Կապեթթա, Էլ Փաիսի 19 Մայիսի թիւին մէջ Ալֆոնսինի պարտութեան մասին իր վերլուծումը կ’աւարտէր յիշեցնելով հրաժարեալ Նախագահին լիբանանացում յղումը եւ կը զգուշացնէր որ երկիրը տակաւին կը գտնուէր պետական հարուածի կամ ներքաղաքական պառակտումի վտանգին դէմ յանդիման:
Խորխէ Ֆոնթեվէքքիա, արժանթինեան Փերֆիլ Մետիա ձեռնարկութեան տէրը եւ նոյնանուն շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիրը, Ուրբաթ 15 Մայիս 2020-ին, հրատարակութեան կայքին վրայ տեղադրած է «Աշխարհի Արժանթինացումը» խորագրուած ակնարկ մը: Յղացքը ան փոխ առած է Իտալիոյ նախկին վարչապետ Էնրիքօ Լեթթայէն, որ, իր կարգին, գործածած է անդրադառնալու համար ՔՈՎԻՏ-19 համաճարակի հետեւանքով Միացեալ Նահանգներու Դաշնակցային պահեստին (Ֆետերըլ Ռիզըրվ) կողմէ տոլարի տպագրութեան կշռոյթին, որ կը յիշեցնէ երկար տարիներու ընթացքին Արժանթինի Կեդրոնական դրամատան կողմէ փեսոյի տպագրութեան կշռոյթը: Տնտեսագէտներուն մօտ տարածուած համոզում է, որ երկրին քրոնիկ հիւանդութիւնը՝ գնաճը, արդիւնք է թղթադրամի այս անվերահսկելի տպագրութեան եւ արագ արժեզրկման:
Անկախ յօդուածին բովանդակութենէն, որ անդրադարձ մըն է արժանթինցի գործատէր Էտուարտօ Էլզսթայնի անգլերէնով հրատարակած համաճարակի տնտեսական հետեւանքներուն մասին «Երրորդ Գլուխ» (Չափթըր Թհրի) խորագիրով յօդուածին, որուն «արժանթինացում» յղացքը կրնանք թերեւս պատկերաւոր կերպով գործածել՝ որպէս լիբանանեան տնտեսական սուր ճգնաժամին եւ անոր հետեւանքով անոր պատմութեան ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով փոխատուութեան մը խնդրանքով Միջազգային Դրամական Ֆոնտին (ՄԴՖ) հետ բանակցելուն: Արդ, 1990-ականներէն ի վեր Արժանթինը երկար ճամբայ մը կտրած է ՄԴՖին հետ, եւ կարելի է ըսել նաեւ որ ՄԴՖը երկար ճամբայ կտրած է Արժանթինի հետ, այնքան մը որ այս փոխադարձ սիրոյ եւ ատելութեան կապը մօտիկ անցեալին եւ թերեւս այսօր՝ տարրալուծարանային փորձառութեան մը պարագայ կրնայ նկատուիլ համաշխարհային տնտեսութեան անկիւնադարձային այս պահուն, նախանշանի իմաստով:
Առանց Արժանթին-ՄԴՖ յարաբերութիւններու պատմութեան անդրադառնալու, ոչ ալ տնտեսագիտական վերլուծումներու հաւակնելու, կարելի է Արժանթինի ՄԴՖի հանդէպ սէր/ատելութիւն յարաբերութիւնը ամփոփել ժամանակագրական հետեւեալ պատկերին մէջ:
1980ականներուն, ժողովրդավարութեան վերադարձի և ամբողջ Լատինական Ամերիկայի համար «կորսուած տասնամեակ»ի (զէրօ տնտեսական աճ, սղաճ, անգործութիւն եւ, մանաւանդ, արտաքին պարտքի տոկոսները մարելու անկարելիութիւն, որու պատճառով ալ միջազգային որեւէ ֆինանսաւորում կը բացառուէր) մթնոլորտին մէջ, ՄԴՖն դարձած էր ժողովրդային լայն զանգուածներու ատելութեան առարկան: Միջազգային ֆինանսական հաստատութիւնը կը դիտուէր իբրեւ համաշխարհայնանալու սկսած նէօլիպերալ տնտեսական քաղաքականութեան տարածման գլխաւոր գործիքներէն մէկը:
1990ականներուն Արժանթինը որդեգրեց Ուաշինկթընի Համաձայնութիւնը (Ուաշինկթըն Քընսենսըս – Լատինամերիկեան Երկիրներու տնտեսական ճգնաժամը աւարտելու միտումով տնտեսութիւններու ազատականացման եւ սեփականաշնորհման տասը կէտերու փաստաթուղթը) եւ ՄԴՖի վերահսկողութեան տակ առաջ տարաւ շատ կարգապահ ելեւմտական քաղաքականութիւն: Արտաքին պարտքը կար, տոկոսները նոյնն էին, բայց միջազգային դրամագլուխի հոսքը ապահովուած էր: Արտաքին պարտքին մասին խօսող չկար, ընդհակառակը նէօլիպերալ կուրուները կ’ողջունէին միջազգային ֆինանսներէն կախուածութիւնը իբրեւ ցուցանիշ տնտեսական յաջողութեան: Երկիրը միջազգային բեմերու վրայ «բնորդ»ի վերածուած էր, ՄԴՖի ամէնէն ուշիմ աշակերտը, «փոսթըր չայլտ»ը… ՄԴՖի «բարի վարուց» վկայագիրները, որոնք անհրաժեշտ են միջազգային դրամագլուխին վստահութիւնը պահելու համար, կը շնորհուէին հաստատութեան մասնագէտներու քննիչ այցելութիւններու աւարտին: Արժանթինի վարքագիծը որպէս իր պարտքը, աւելի ճիշդը՝ անոր տոկոսները վճարող երկիր վերահսկող մասնագէտներու յանձնաժողովը կը գլխաւորէր Թերէզա Տէր Մինասեան:
2001-2002-ի տնտեսական փլուզումով առաջացած ընկերային խոր ճգնաժամէն ետք, երբ երկրի տնտեսութիւնը սկսաւ վերաշխուժանալ եւ իշխանութեան վրայ էր Փերոնականութեան կեդրոն-ձախ հատուածը, Արժանթին որոշեց ՄԴՖին վճարել իր ամբողջ պարտքը եւ վերջ տալ ֆինանսական կախուածութենէն՝ անհատ պարտատէրերու հետ առանց արտաքին միջամտութեան բանակցութիւններ վարելու համար: Նոյն քայլին դիմեց նաև Պրազիլ, ուր իշխանութեան վրայ էր Աշխատաւորական Կուսակցութիւնը: Ուաշինկթընի Համաձայնագրի թաւալգլոր ձախողութենէն ետք, դէպի Ձախ թեքած Հարաւային Ամերիկայի մէջ տարածաշրջանային համարկումի խնադավառ նոր գործընթաց մը սկսած էր փորձելով մէկ անգամ ընդմիշտ վերջ տալ ֆինանսական կախուածութեան եւ տնտեսական աճին հետ իրականութիւն դարձնել հարստութեան աւելի հաւասար բաշխումը, ընկերային արդարութիւնը: ՄԴՖն, հետեւաբար, բացակայ էր եւ մոռցուած, թէեւ երկիրը տակաւին կը պայքարէր իր արտաքին պարտքին մէկ մասը գնած «գիշատիչ» ֆոնտերուն դէմ, (ֆինանսական հաստատութիւններ, որոնք սնանկացած երկիրներու արտաքին պարտքը շատ ջնջին գումարներով կը գնեն՝ եւ անզիջողութիւն կը ցուցաբերեն, զանոնք տոկոսներով մարելու բանակցութիւններուն ընթացքին), քաղաքական որոշումը պարզ եւ մէկին էր՝ ոչ արտաքին պարտքին, որ տնտեսական կախուածութիւն պիտի առաջացնէ:
ՄԴՖն ալ քսանմէկերորդ դարու առաջին երկու տասնամեակներուն կորսնցուցած էր իր հմայքը համաշխարհային բեմահարթակին վրայ: Ելևմտական կարգապահութեան իր անզիջողութիւնը յանգած էր տնտեսական ճգնաժամերու, որոնցմէ ամէնէն աչքառուն Արժանթինն էր: Անոր վրայ պիտի աւելցնել իր նախավերջին Ընդհանուր Տնօրէնին սեռային գայթակղութեան միջադէպը Նիւ Եորքի մէջ, որ բնաւ չօգնեց իր պատկերի բարելաւման: Նոյնիսկ 2008-ի ֆինանսական անկումէն ետք շատ քիչ եղան այն երկիրները որոնք ՄԴՖին դիմեցին:
ՄԴՖին՝ համաշխարհային բեմահարթակ վերադառնալու, ուշադրութեան արժանանալու եւ լուսարձակներու տակ գալու նորագոյն պատեհութիւնը տուաւ դարձեալ Արժանթինը: Դեկտեմբեր 2015-ին իշխանութեան հասած կեդրոն-աջ կառավարութեան մէջ, նախագահէն սկսեալ մինչեւ տնտեսութեան ամէն տեսակի մարզերուն մէջ նախարարական թէ պետական բարձր պաշտօններ զբաղեցուցած անձեր ոչ միայն ջերմ հաւատացեալներ էին ազատ շուկայականութեան, այլ որպէս ֆինանսական ձեռնարկատէր թէ համալսարանի դասախօս ու վերլուծող՝ անոր դերակատարներէն: Հաւատալով որ իրենց միջազգային համբաւն ու կապերը առանձին երաշխիք են դրամագլուխի ներհոսք ապահովելու համար, համոզուած որ տնտեսական բարեկարգումներու առաջին քայլը ֆինանսական հոսքերուն վրայ դրուած ամէն արգելքի վերացումն է, անոնք յաջորդ երկու տարիներուն ի գործ դրին ելեւմտական քաղաքականութիւն մը, որ միայն արագացուց դրամագլուխի արտահոսքը առանց ապահովելու ոչ մէկ հիմնական ներդրում: Մայիս 2018-ին արդէն բացայայտ էր կրկին ՄԴՖի դուռը թակելու որոշումը: Յաջորդ մէկուկէս տարուան ընթացքին, ՄԴՖին զէրօ պարտական երկիրը Քրիսթին Լակարտի, Տոնալտ Թրամփի եւ Արժանթինի նախագահ Մաուրիսիօ Մաքրիի աշխոյժ համագործակցութեամբ երկիրը դրին 57 միլիառ տոլարի պարտքի տակ: ՄԴՖն երբեք այսքան կարճ ժամանակամիջոցի մէջ այսքան մեծ գումար փոխ չէր տուած… Արտաքին պարտքին հետ աւելցան՝ սղաճը, անգործութիւնը եւ աղքատութիւնը, նաեւ՝ որոշ դասակարգի մը օֆֆշորային հաշիւները…
Այնպէս որ անցեալ տարուան Դեկտեմբերին իշխանութեան հասած Փերոնական կեդրոն-ձախ կառավարութիւնը դէմ յանդիման գտնուեցաւ այդ պարտքի վճարման պայմանները վերատեսութեան ենթարկելու, եւ հետևաբար՝ տիֆօլթի սպառնալիքին դէմ յանդիման գտնուելու, մեծ մարտահրաւէրին: Հակառակ ասոր, կառավարութիւնը յստակօրէն դրաւ իր մօտեցումը. տիֆօլթի հասնելու տրամադրութիւն չկայ, բայց արտաքին պարտքը պիտի չվճարուի ի հաշիւ արժանթինցիներու սովին եւ թշուառութեան: Անհրաժեշտ է նախ տնտեսութիւնը վերականգնել, ապա միայն պարտքը վճարել, եւ այդ տրամաբանութեամբ ալ առաջ պիտի տարուին բանակցութիւնները: Արտաքին պարտքի մեծագոյն մարտահրաւէրը անհատ պարտատէրերն են, ուր «գիշատիչները» արդէն տեղ գտած են իբրեւ խորհրդատու բանակցութիւններու ընթացքին:
Արժանթինի կողմէ այդ ծանր պարտականութիւնը տրուած է երիտասարդ տնտեսագէտի մը՝ Մարթին Կուզման, որ Նիւ Եորքի Համալսարանի իր ամպիոնը ձգեց ընդունելով մարտահրաւէրը: Կարևոր մանրամասնութիւն մը. Կուզման աշակերտած է Ճոզըֆ Սթիկլիթցին, ապա հետը աշխատած՝ իբրեւ ուսումնասիրութեան հիմնական առարկայ ունենալով երկիրներու արտաքին պարտքը: Սթիկլիթց, ինչպէս եւ Փօլ Քրուկմըն եւ ուրիշներ որոնք դեռեւս 1990-ականներու երկրորդ կէսին ձայն բարձրացնելու սկսած էին նէօլիպերալիզմին դէմ, անտեսուեցան Պարաք Օպամայի կողմէ 2008ին, երբ ֆինանսական փլուզումը նոր առիթ մը տուած էր միջազգային համակարգը բարեփոխելու: Սթիկլիթց, որ մօտէն կը հետևի Կուզմանի առած քայլերուն, հիմա հաւանաբար առիթը ունի իր թէզերուն ճշդութիւնը փաստելու. Արժանթին, անգամ մը եւս, վերածուած է միջազգային ֆինանսական համակարգի բեկումնային պահուան մը ազդարարութիւնը տուող պարագայի: Եթէ երկիրը յաջողի բանակցութիւնները հասցնել յաջող աւարտի, ընդ որում համաշխարհային ֆինանսական քազինոյի մեծ խաղացողները ընդունին ռէալ տնտեսութեան աճի անհրաժեշտութիւնը որպէսզի ֆինանսներն ու ներդրումները ըլլան բարգաւաճումի գործօն, փոփոխութեան ինչ որ նշոյլ կարելի է տեսնել:
Համաճարակը, անշուշտ, կացութիւնը աւելի բարդացուց: Արժանթինի տնտեսութիւնը, ինչպէս գրեթէ ամէն տնտեսութիւն՝ մեծ անկում պիտի ապրի եւ ընկերային իրավիճակը կտրուկ պիտի վատանայ: Բայց Ալպերթօ Ֆեռնանտէսի կառավարութիւնը պարտատէրերուն կ’ըսէ. Արժանթին պատրաստ է վճարել իր պարտքը, եթէ իր պայմանները ընդունուին, պատրաստ է նոյնիսկ վճարել միջազգային տոկոսէն քիչ մը աւելի՝ համաշխարհային իրավիճակի մը մէջ, ուր միայն անորոշն է յստակը: Պարտատէրերը պատրա՞ստ են ոչ թէ վնասելու, այլ՝ նուազ շահոյթ ապահովելու…
Հետաքրքրականը Արժանթինի արտաքին պարտքի այս վտանգաւոր արկածախնդրութեան նորագոյն հանգրուանին ՄԴՖի զօրակցութիւնն է: Լակարտէն յետոյ միջազգային ֆինանսական հաստատութեան ընդհանուր տնօրէն նշանակուեցաւ պուլկարացի Քրիսթալինա Ճիորճիեվա, որ, իր կարգին, դէմ յանդիման կը գտնուի ՄԴՖի օրհնութեամբ արտաքին ահաւոր պարտքի տակ մտած Արժանթինի տնտեսութեան փլուզումի վտանգին մէջ հաստատութեան անուղղակի պատասխանատուութիւնը բացատրելու բարոյական պարտաւորութեան: ՄԴՖի յանցանքը չէ Արժանթինի ձախողութիւնը. բայց նուազ կարևոր չէ հասկնալ թէ ինչպէս կ’ըլլայ որ այնքան կարճ ժամանակի մէջ այդ քանակով գումար փոխ տրուեցաւ երկրի մը, որուն տնտեսութեան արագ վերականգնումի մասին ոչ մէկ տնտեսագէտ կը համարձակէր նախատեսութիւն կատարել…
Հակառակ զինք իշխանութեան գլուխ բերած ժողովրդային լայն խաւին ժխտական ընկալումին ՄԴՖի նկատմամբ, Ֆեռնանտէսի կառավարութիւնը կապերը չխզեց ՄԴՖի հետ, ոչ ալ բախումի գնաց անոր հետ: Ընդհակառակն, նորընտրեալ Ֆեռնանտէս եւ նոր նշանակուած Ճիորճիէվա առաջին օրէն իսկ լեզու գտան իրարու հետ: Արժանթինը որոշած է չվերցնել պարտքի վերջին բաժինը՝ յստակ կանխանշան տալով որ կը նախընտրէ չաւելցնել արտաքին պարտքը: Ճիորճեվայի կեցուածքը պարտքի վերատեսութեան բանակցութիւններուն համար պարտատէրերուն ուղղուած պատգամ մըն է. Արժանթին չի կրնար այս պարտքը վճարել: Թէ Արժանթինն ու ՄԴՖն դաշնակիցներու վերածուած են՝ միջազգային ֆինանսներու տրամաբանութիւնը փոխելու հեռանկարով դժուար է հաստատել: Կը մնայ որ երկուքին շահերուն կը համապատասխանէ երկրի արտաքին պարտքի բանակցութիւններու յաջող հանգուցալուծումը եւ տիֆօլթի շրջանցումը:
Այս բոլորը կրնա՞ն ինչ որ չափով ծառայել Լիբանանին որ ՄԴՖի հետ բանակցութիւններու այս «պրեմիերա»յով «արժանթինացման» նշաններ կու տայ: Ճիշդ է որ երկիրները ոչ միայն աշխարհագրականօրէն, այլեւ տնտեսական, քաղաքական ու սոցիալական համակարգի իմաստով իրարմէ շատ հեռու են: Բայց համաշխարհայնացումը ոչ միայն առիթ այլ եւ անհրաժեշտութիւն ստեղծած է միջազգային փորձառութիւններէն դասեր քաղելու: Ի դէպ, ՄԴՖին հետ սեղանակցութիւնը չէ միայն որ Լիբանանի արժանթինացման փաստեր կու տայ: Պարզ զուգադիպութիւն էր անշուշտ, որ անցեալ տարի Լիբանանի մէջ ընկերային լայնամասշտապ զօրաշարժը սկսաւ 17 Հոկտեմբերին, այն օրը երբ 1945-ին Էվա Տուարթէի ղեկավարութեամբ Արժանթինի աշխատաւորութիւնը հրապարակ իջաւ պահանջելու համար Խուան Տոմինկօ Փերոնի ազատ արձակումը: Յաջորդ տարի Փերոնը նախագահ ընտրելով երկիրը բեկումնային շրջադարձ կը կատարէր՝ սկիզբ տալով աշխատաւոր դասակարգի իրաւունքներու ամրագրման գործընթացին: 17 Հոկտեմբերը Արժանթինի մէջ կը նշուի որպէս «Փերոնական հաւատարմութեան օր»: Բայց այնքան ալ զուգադիպութիւն չէ Արժանթինի մէջ, 2001-2002 ընկերային պոռթկումի լօզունգին` «թող հեռանան բոլո՛րը» (քէ սէ վաժան թոտոս) համահունչութիւնը՝ «քըլլոն եանի քըլլոն» (բոլորը այսինքն բոլորը) լիբանանեան յեղափոխութեան լօզունգին հետ: Երկու անզիջողութիւններ, որոնք կ՛արտայայտեն ընկերատնտեսական արմատական բարեփոխումներու կենսական հրամայականը: Այն տարբերութեամբ որ Արժանթինի մէջ կայ քաղաքական այն ուժը որ կրնայ համախմբել կեդրոն-ձախ հակումները եւ նախաձեռնել բարեփխումներու: Լիբանանի մէջ այդ մէկը դեռեւս պայմանաւորուած է համայնքայնութեան տրամաբանութեամբ: Նշենք նաեւ որ նախկին նախագահ Մաուրիսիօ Մաքրիի կինը՝ Խուլիանա Աուատա լիբանանեան ծագում ունի: Բայց ասիկա իսկապէս որ աննշան զուգադիպութիւն մըն է…