Չորեքշաբթի, 17 օգոստոս 2022-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց Լիբանանի մէջ Արժանթինի դեսպան Մորիսիօ Ալիսը: Այցելութեան հիմնական նպատակն էր վեհափառ հայրապետին պաշտօնապէս յանձնել Diálogos Fraternos հատորը:
Յայտնենք, որ ամիսներ առաջ Արժանթինի կառավարութեան նախաձեռնութեամբ պատրաստուած էր յիշեալ հատորը, ուր ներառուած էին զանազան կրօններու պատկանող կարեւոր դէմքերու յօդուածները: Վեհափառ հայրապետը, ընդառաջելով պատասխանատուներու խնդրանքին, իր նպաստը բերած էր յիշեալ հատորին: Հատորին հրատարակութեան տուն տուող պատճառը Ֆրանչիսկոս պապին Fratelli Tutti կոնդակն էր, ուր Սրբազան Քահանայապետը կոչ կ՛ուղղէր կրօններու միջեւ փոխադարձ հանդուրժողութեան ու գործակցութեան:
Դեսպանին այցելութիւնը նաեւ առիթ հանդիսացաւ, որ անդրադարձ կատարուի Լիբանանը դիմագրաւող խնդիրներուն, ինչպէս նաեւ Արժանթինի հայութեան: