Հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ Մայիսը կը խորհրդանշուի իբրեւ յաղթանակներու ամիս: Մայիս 9-ը եռատօն է մեր ժողովուրդին համար: Համաշխարհային Երկրորդ պատերազմին ֆաշիզմի դէմ յաղթանակը, Շուշիի ազատագրութիւնը եւ Լեռնային Ղարաբաղի բանակին հիմնադրութիւնը: Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ընթացքին ֆաշիստական Գերմանիոյ դէմ խորհրդային բանակին յաղթանակը յեղաշրջեց նոր աշխարհի պատմութիւնը: Ֆաշիստական Գերմանիոյ պարտութիւնը եկաւ ամրապնդելու ափ մը հայրենիք Հայաստանին գոյութիւնը: Դիւրին չեղաւ ան: Թշնամին եւ անոր կողքին կեցած թրքական բանակը նպատակադրած էին խուժելու Կովկաս: Խորհրդային ժողովուրդներու կամքը ոչ միայն ջախջախեց ֆաշիստական բանակները, այլ պատերազմը փոխադրեց Գերմանիոյ սահմաններէն ներս՝ Պերլինի արուարձանները, մինչեւ նախայարձակին ամբողջական անձնատուութիւնը՝
Կիլիկիոյ Հեթում Բ. թագաւորը իր հատած դրամներուն վրայ գրած է հետեւեալ յատկանշական արտայայտութիւնը՝ Սիսի բերդն է թագաւոր: Ան ըսել կ’ուզէր, թէ Կիլիկիոյ թագաւորութեան մէջ իշխողը ոչ թէ ինք է, այլ՝ Սիսի միջնաբերդը: Այդպէս ալ եղաւ: Սիսի անկումով, տապալեցաւ Կիլիկիոյ թագաւորութիւնը: Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իշխողը Շուշիի բերդն էր:
Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը սկսած առաջին օրէն, Շուշին դարձաւ Ստեփանակերտի եւ անոր մերձակայ գիւղերուն պատուհասը: Ազերիները Շուշիի հայութիւնը ստիպեցին այլ գիւղերու մէջ ապաստան գտնել: Ազերիները հրթիռային ամենօրեայ յարձակումներ կը կատարէին Ստեփանակերտի վրայ: Միջին հաշուով, օրական հարիւր հրթիռ կ’արձակուէր Ստեփանակերտի, Շոշի, Ասկերանի, Նորագիւղի, Քարտինաքի եւ այլ գիւղերու ուղղութեամբ: Զոհերը կարելի չէր բազմամարդ թափօրով յուղարկաւորել: Հայկական գիւղաքաղաքները գիշեր ցերեկ կը ռմբակոծուէին Շուշիէն: Ստեփանակերտի մէջ ելեկտրականութեան, վառելանիւթի, սնունդի, դեղօրայքի տագնապները դարձան սովորական Վիրահատութիւնները կը կատարուէին մոմի լոյսի տակ: Գոյութիւն ունէր համաճարակի վտանգ: Փաստօրէն, Շուշին ազերիներուն ձեռքը մնալը սպառնալիք մըն էր Լեռնային Ղարաբաղի պետութեան գոյութեան: Շուշիի ազատագրութենէն ամիս մը առաջ, ազերիները խուժեցին հայկական Մարաղա գիւղը: Քանդեցին ու հրկիզեցին ամբողջ գիւղը: Մարաղայի ողբերգութենէն ետք, Ստեփանակերտի բնակիչները տեսան, թէ կարգը կը մօտենար իրենց:
Ծովու մակերեսէն մօտաւորապէս 1600 մեթր բարձրութեան վրայ գտնուող Շուշին հայ բանաստեղծներու համար եղած է արծուաբոյն, ուրիշներու համար՝ արագիլի բոյն, սակայն ռազմագէտնեդրու համար ան կը ներկայանար իբրեւ Աստուծոյ կողմէ ստեղծուած միջնաբերդ: Ստեփանակերտէն Շուշի կարելի էր բարձրանալ միայն ու միայն դէմ առ դէմ ճակատելով: Վերջապէս երկու անգամ յարձակումի ժամկէտը փոփոխութեան ենթարկուելէ ետք, որոշուեցաւ 8 Մայիս 1992-ի լոյս առաւօտեան ժամը 2.30-ին սկսիլ յարձակումին: Յարձակումը սկսելէ առաջ, Արցախի առաջնորդ Պարգեւ սրբազան Մարտիրոսեան օրհնեց ռազմական գործողութեան սկիզբը: Սրտաճմլիկ այս տեսարանը կ’արտայայտէր մեր ժողովուրդի հաւատքը եւ յաղթանակի պարտաւորութիւնը: Ղարաբաղի ինքնապաշտպանութեան մարտիկները կը շարժէին դէպի այն քաղաքը, որ թուրքերը հրկիզած էին եօթանասուն երկու տարիներ առաջ ( Մարտ 1920): Ահաւասիկ հասած էր հատուցման օրը: Մայիս 9-ի կէսօրին Շուշին վերադարձած էր հարազատ ժողովուրդին: Ազերի քարոզչութիւնը իր պարտութիւնը կ’արդարացնէր յայտնելով, թէ ատրպէյճանցի հրամանատարները դաւաճանած են իրենց հայրենիքին եւ անցած հայերուն կողմը…: Կ’ արժէ նշել, որ թրքական քարոզչութիւնն ալ ոռնոց բարձրացուցած էր այդ օրերուն…: Ազերիները, ինչպէս նաեւ թուրքերը կը մոռնային, որ անկարելի է յաղթել ազատութեան համար պայքարող ժողովուրդին:
Երբ կը խօսինք Շուշիի ազատագրութեան, Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան մասին, յաճախ կ’անտեսենք սոյն յաղթանակներուն ոչ նուազ կողմը՝ Ղարաբաղի հայկականացումը, յաղթանակներու հոգեւոր արդիւնքը: Մշակոյթի, լեզուի, կրօնքի վերազարթօնքը: Ազերիական բռնութեան ժամանակաշրջանին անհնար էր խօսիլ հայ եկեղեցւոյ հոգեւոր գործունէութեան մասին: Հայ պատանին զրկուած էր մայրենի լեզուէն, հայ գրականութիւն սորվելու իրաւունքէն: Այսօր Լեռնային Ղարաբաղը դարձած է հայախօս, իր աւելի քան երկու հարիւր յիսուն նախակրթարաններով, երկրորդական վարժարաններով, համալսարանով, հայկական թատրոնով, հրատարակութիւններով, մամուլով…: Ռազմական յաղթանակի հետ անհնար է մոռնալ մշակութային եւ հոգեւոր յաղթանակները: Անհրաժեշտ է ճիւղաւորել եւ պահպանել զանոնք:
Շուշիի ազատագրութիւնը հրաշքի համազօր յաղթանակ էր: Վիթխարի կամքի դրսեւորում: Ան միաժամանակ ապացոյց էր, որ մեր ժողովուրդը չի կրնար մոռնալ իր իրաւունքները: Շուշիի ազատագրութիւնը ոչ միայն Արցախի համար բացաւ փրկարար Կեանքի Ճանապարհը, ոչ միայն լռեցուց ազերիական մահաբեր կրակակէտերը, այլեւ դարձաւ խաղաղութեան երաշխիք: Մեր թշնամին 1994-ի Մայիսին ստիպուած եղաւ ստորագրելու զինադադարի համաձայնագիրը:
Եռատօն է այսօր այո, ցնծութիւն Հայաստան աշխարհի, Արցախի ու Սփիւռքի մէջ: Սակայն ամէն բանէ առաջ, եկէք խոնարհինք բոլոր անոնց առջեւ, որոնք իրենց արեամբ ու կեանքով կերտեցին մեր ներկան՝ Շուշիի ազատագրութիւնը, Արցախի բանակը: Խոնարհինք այն «բացականերուն» առջեւ, որոնց նուիրումին շնորհիւ կարելի եղաւ պահպանել մեր այսօրուան հայրենիքը: : Խոնարհինք Հայաստանի հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի սահմանները պահպանող հայկական քաջարի բանակին առջեւ:
Ցնծութեան օր է այսօր այո, բայց գիտնանք արժեւորել մեր երախտաւորներն ու սրբութիւնները, որպէսզի բոլորս արժանավայելօրէն ու բարձրաձայն ըսենք՝ Մեռաք, Չկորաք…:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ