Յարութիւն Իսկահատեան-Պէյրութ
ՊԱՅՔԱՐ՝179-180
Օսմանեան Պետութեան Ծովային նախարար, Դ. զօրաբանակի հրամանատար ու հայոց դահճապետներէն՝ Ահմատ Ճեմալ փաշայի Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ վարած քաղաքականութիւնը 1914-1918 ժամանակաշրջանին, ուսումնասիրութեան կարեւոր նիւթ դարձած է պատմագիտական եւ ընկերաբանական շրջանականկերու մէջ:
Ահմէտ Ճեմալ ծնած է 1872-ին յունական Լեսպոս կղզիի վրայ Միտիլինի քաղաքը ըստ https://www.wikidata.org/wiki/Q189059 կայքէջին: Անոր հայրը օսմանեան բանակին մէջ դեղագործ էր: Ճեմալ աւարտած է Կ. Պոլսոյ Զինուորական Ակադեմիան 1893-ին: Ան Երիտթուրքերու կը միանայ 1898-ին: Քանի մը պաշտօններ ստանձնած է ինչպէս՝ Պաղտատի կառավարիչ, օսմանեան բանակի Կ. Պոլսոյ հրամանատար եւ 1913-ին Հանրային Գործերու նախարար: Ան Ծովային ոյժերու նախարար կը նշանակուի 1914-ին ըստ https://trialinternational.org/latest-post/ahmed-djemal-pacha/ համացանցային կայքի:
Ճեմալ իրար հակասող երկու անհատականութիւն դրսեւորած է իր յարաբերութիւններուն մէջ: Առաջին՝ Հալէպ հասնող հայ գաղթականները զանգուածաբար ու անվերադարձ դէպի Տէր Զօր ղրկած է Երիտթրքական կառավարութեան ծրագրին համաձայն, որպէսզի փճանան: Լիբանանի Մարոնիթ Անտոնեան միաբանութեան անդամ, նոյն միաբանութեան պատկանող Անթունիին համալսարանի պատմութեան բաժնի դասախօս՝ Հայր Ռեմոն Հաշիմ կ’ըսէ, թէ Լեռնալիբանանի արաբներու հետ իր յարաբերութեանց մէջ Ճեմալ երկդիմի քաղաքականութիւն կը վարէր: Ան զօրաւոր անհատականութիւն ունեցող արաբ ազգայինները դէպի հիւսիս (Հայաստանի արեւմտեան հատուած եւ Կիլիկիա) կ’աքսորէր՝ ջլատելու համար արաբական յեղափոխութեան մը հաւանական ծագումը: Ճեմալ փաշա դիտումնաւոր կերպով ամբողջ Լիբանանը սովի մատնեց, սնունդի մթերանոցները կրակի տալով եւ արջառը փճացնելով (Հայր Ռեմոն Հաշէմ, «Հարցեր Լեռնալիբանանի Պատմութենէն 1914-1918-ին Դէպի Թուրքիա Աքսորի Մասին 1920ին Փոքր Մագաղաթի Մը Տեղեկութեանց Հիման Վրայ», Անտոնեան համալսարանի հրատարակութիւն, Պաապտա, Լիբանան, 2007, Բ. Հատոր, էջ 63, արաբերէն): Ա. համաշխարհային պատերազմին տասնեակ հազարներով լիբանանցիներու կեանքը խլեց ան, պատրուակելով դաշնակից ոյժերու հաւանական մուտքը Լիբանան: Օրուան Մարոնի պատրիարք Իլիաս Պութրոս Հուայէք (1843-1931) հրաման տուաւ բոլոր վանքերու վանահայրերուն եւ պատասխանատու եկեղեցականներուն՝ եկեղեցիին ստացուածքներէն վաճառելու, նոյնիսկ հողերէն, եւ լիբանանցի ժողովուրդին սնունդ հայթայթելու առանց խտրութիւն դնելու քրիստոնեային եւ իսլամին կամ տիւրզիին միջեւ: Ճեմալ առ ի պատրաստութիւն իր հիմնելիք թագաւորութեան, 1915ի կէսերուն վերջ դրաւ Լեռնալիբանանի Մութասարիֆութեան (ինքնավարութեան), որուն վերջին կառավարիչն էր հայզագի Օհաննէս փաշա Գույումճեան (էջ 23-62): Ան քիչ թիւով հայեր դէպի Դամասկոս, Հաուրան եւ Հիճազի անապատները կը ղրկէր զանոնք հետագային օգտագործելու՝ իր հիմնելիք թագաւորութեան տնտեսական բարգաւաճումին համար եւ ոչ թէ մարդասիրական զգացումներէ մղուած, ինչպէս որ կը փորձեն որոշներ ներկայացնել:Ի դէպ, արաբական աշխարհը եւ մանաւանդ լիբանանցիները Ճեմալը կոչած են «սաֆֆահ», որ կարաբերէն կը նշանակէ մորթող կամ արիւնարբու: Ճեմալ ծանր տուրքեր կը գանձէր Սուրիոյ եւ Լիբանանի արաբներէն:
Ճեմալ փաշայի երկրորդ անհատականութեան դրսեւորումը կեղծիքն ու սուտն էր, որոնցմով ան կը փորձեր սիրաշահիլ հայ եւ արաբ անհատներ: Ճեմալ անհատական հարցերով դիմող բոլոր հայոց եւ տեղացիներուն գոհացում կու տար, միշտ հայոց անհատական գոյավիճակը պահպանել ձեւացնելով, բարեկամներ շահելու եւ կեղծաւորաբար անոնց վրայ լաւ տպաւորութիւն ձգելու ջանքով: Ճեմալ նկատի ունէր նաեւ Օսմանեան Պետութեան խիստ կարիքը՝ երկրին համար կենսական Պերլին- Պաղտատ երկաթուղագիծի աշխատանքներուն եւ ճանապարհաշինութեան մէջ հայ աշխատաւորներու բազուկներուն: Հայերը ժրաջան եւ ուշիմ՝ անփոխարինելի գործաւորներ էին: Այս բանը ան հանգիստ մտքով կ’ընէր, քաջ գիտնալով որ հայ անհատներու օգնելով, հայ զանգուածին բնաջնջման համար սահմանուած ծրագիրը չի խաբանուիր: Նոյնը կ’ընէր արաբներու հետ: Ճեմալ կը ձգտէր Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ թագաւորութիւն մը հիմնել իր մականին տակ: Այս պատճառով ան կը հարուածէր հայ եւ արաբ զանգուածները, սակայն կը պաշտպանէր անհատները, անոնցմէ օգտուելու նպատակով:
Ճեմալ փաշայի անհատներու օգնելու արարքը շահագործելով, արեւմտամէտ պատմաբաններն ու ընկերաբանները կ’ուզեն զայն դասել որպէս լաւ քաղաքագէտ եւ լաւ մարդ, այպանելով հայերն ու արաբները՝ զանոնք ներկայացնելով անոր հետ առողջ յարաբերութիւն մշակելու մէջ իբրեւ ձախողած կողմեր: Անոնք կ’անգիտանան կամ այդպէս կը ձեւացնեն Ճեմալի երկերես անձնաւորութիւնը, մերժելով անոր անձին շուրջ ընել շատ պարզ հոգեբանական վերլուծում մը՝ որոշ մութ նպատակներէ մղուած: Այդ պատմաբանները Ճեմալի հայաջինիջ քաղաքակնութեան մասին ոչ մէկ ակնարկութիւն կ’ընեն: Եթէ երբեք անձնաւորութեան մը անհատականութեան հոգեբանական վերլուծումը խրթին հարց մըն է, նշեալ արեւմտամէտները կ’անգիտանան նաեւ մարդը իր գործերէն դատելու պարզ երեւոյթը:
Յաճախ մարդիկ իրար հակասող վարուելակերպ կ’ունենան շուրջիններուն հանդէպ, զայն դիտողները թիւրիմացութեան մատնելով: Սակայն պատմաբաններն ու ընկերաբանները, որոնք լաւ գիտեն ճանչնալ ու կշռել մարդու անհատականութիւնը, մանաւա՛նդ պատմութեան մէջ եղող անհատներունը, երբ իբր թէ այդ թիւրամացութեան մէջ կ’իյնան, այդ մէկը միայն կեղծիք կրնայ ըլլալ, որոշ յետին նպատակներ իրագործելու համար: Ճեմալի դրսեւորած կեղծիքը փայլուն ու շքեղ ծրարով հրամցընելով, զայն իբրեւ դրական անձնաւորութիւն ներկայացնելը մարդոց աչքերուն փոշի ցանել կը նշանակէ: Անոնք աւելի առաջ կ’երթան եւ հայերն ու արաբները կը դատապարտեն լաւ մարդու մը՝ այս պարագային Ճամալի հետ չգործակցելու յանցանքով: Արեւմտամէտները կը շահագործեն Թալաաթ եւ Էնվեր փաշաներու հետ Ճեմալ փաշայի ունեցած տարակարծութիւնները, եզրակացնելու համար թէ վերջինս հայոց հանդէպ դրական դիրքաւորում ունէր, ինչ որ բացայայտ եւ դիտաւորեալ սխալ եզրակացութիւն մըն է:
Ղազար Չարըգ «Մարզպետը- Լուսաւոր Էջեր 1914-1918 Շրջանին» (Տպարան «Ազատ», Պէյրութ, 1945, Ա. Հատոր 97 էջ եւ Բ. Հատոր 94 էջ)», խորագրեալ յուշագիրքին մէջ կը քննարկէ Իթթիհատական Եռապետութեան անդամներուն` մէկ կողմէ Թալաաթ ու Էնվեր, միւս կողմէ` Ճեմալի յարաբերութիւնները: Ան կը բացատրէ, թէ ինչպէս Թալաաթն ու Էնվերը Ճեմալը խորամանկութեամբ հեռացուցած են մայրաքաղաք Կոստանդնուպոլսէն եւ պատուաւոր ձեւով աքսորած հարաւ՝ Սուրիա, ուր ան իր անձնական նախաձեռնութեամբ լաւագոյնս ընտելացած է շրջանի գործերուն: Ճեմալ ստանձնած էր Սուրիոյ, Լիբանանի, Պաղեստինի, Միջագետքի ու մինչեւ Օսմանեան Պետութեան ծայրագոյն հարաւն ու արեւելքը երկարող տարածքին քաղաքացիական ու զինուորական բոլոր գործերը: Հայեր կոտորելու կողքին, Ճեմալ հետամուտ էր շրջանի գործերու բարւօք ընթացքին, ի մտի ունենալով իր հիմնելիք թագաւորութիւնը:
Կարգ մը պատմաբաններ կ՛ըսեն թէ Ճեմալ փաշա իր իշխանութեան սահմաններուն մէջ հայերը զերծ կացուցանեց զինուորագրուելէ: Այս մէկը իրականութիւն չէ: Հարցը այն էր թէ ապագայի հեռանկարով իր հիմնելիք թագաւորութեան տնտեսական բարգաւաճումին եւ այդ ատենի տնտեսութեան պահպանման համար Ճեմալ քանիցս՝ միայն որոշ հայերու համար յետաձգել տուաւ զինուորական ծառայութիւնը: Բռնագաղթուած հայերէն շատեր զինուոր տարուեցան եւ տառապալի կեանք մը ապրեցան մանաւանդ Յորդանանի անապատային շրջաններուն մէջ, պատերազմական ճակատին մօտ: Ահաւասիկ վկայութիւն մը. «Ամմանի եւ Մաանի միջեւ երկաթուղագիծի վրայ գտնուող Թըֆըլիէ գիւղը տարուած 800 հայ զինուորները տառապալի կեանք մը կ’ապրէին: Հոնկէ վեց հայ զինուորներ փախուստ տալով Ճարաշ կու գան եւ կը պատմեն իրենց վատ վիճակը: Հայ զինուորները ջուրը երեք ժամ հեռու գտնուող հորէ մը պէտք էր քաշէին եւ բերէին զօրանոց: Անոնք հաց բերելու համար երկու օր պէտք է որ քալէին: Վահրամ այս տանջանքներէն զերծ մնացած էր իր հնարամտութեան շնորհիւ՝ զօրահաւաքի պահուն ապահով տեղ մը՝ Ճարաշի շրջակայ բլուրներու ժայռերու խոռոչներուն մէջ պահուըտելով», Վահրամ Տատրեան, «Դէպի Անապատ (Փրցուած Էջեր Օրագրէս)», «Կոչնակ» Տպարան, Նիւ Եորք, 1945, միջակ չափի 566 էջ, ամփոփուած 218-220 էջերէն): Նոյնիսկ Յորդանանի մէկ բանակավայրի մը մէջ տասնեակ մը հայ զինուորներ, որոնք Ճեմալի հրամանագիրով ծառայութիւն կ՛ընէին, ըմբոստացան եւ փախուստ տուին: Վահրամ Տատրեանի յուշերէն երեւան կու գայ այն իրականութիւնը, թէ Ճեմալ հայերը ոչ միայն բանակ կը տանէր, այլ նաեւ անոնց դառն կեանք մը ճաշակել կու տար: Եթէ երբեք իրե՛ն՝ Վահրամ Տատրեանի եւ շատ քիչերու համար միայն զինուորական ծառայութիւնը յետաձգուած էր այլեւայլ պատճառներով, անդին՝ հարիւրաւոր հայ գաղթական երիտասարդներ Ճեմալի իշխանութեան տակ գտնուող շրջաններէն բռնի կերպով հաւաքուեցան եւ օսմանեան բանակ տարուեցան:
Ճեմալ փաշայի մասին Ղազար Չարըգ կ’ըսէ. «Ան ի բնէ աւելի ուշիմ ու կորովի [քան Երիտթուրք Եռապետութեան միւս անդամները- Յ.Ի.], Սուրիոյ մէջ իր ստանձնած պաշտօնը հետզհետէ վերածած էր փոխարքայութեան մը եւ դարձած արաբական երկիրներու միահեծան ու իսկական տէրը, եւ դիրք բռնած Կ. Պոլսոյ դէմ»: Ճեմալ սիրաշահելով կամ ստիպելով իրեն միացուցած էր արաբական գլխաւոր քաղաքներու կառավարիչները, զինուորական հրամանատարները, երկաթուղագիծի երկայնքին ծառայող բարձրաստիճան թուրք եւ գերմանացի զինուորականները, սնունդի եւ տնտեսական ապրանքներու հայթայթման քաղաքային թէ բանակային բոլոր պատասխանատուները, կ’աւելցնէ Ղազար Չարըգ (Բ. Հատոր, էջ 19-20):
Իթթիհատի պարագլուխները կ’ամբաստանէին Ճեմալը հայերը Հալէպի շրջանին մէջ հաւաքելուն համար, յարաբերաբար ու մասամբ ապահով վիճակի մէջ: Անոնք վայրկեան առաջ կ’ուզէին բնաջնջել հայերը: Մինչդեռ Ճեմալ հայերը կը շահագործէր աշխատցնելով զանոնք Պերլին-Պաղտատ երկաթուղագիծի եւ ճանապարհաշինութեան ծանր աշխատանքներու մէջ: Այս հարցին մասին Ղազար Չարըգ կ’ըսէ թէ Իթթիհատական Եռապետութեան անդամներուն միջեւ «Գոյամարտը կը շարունակուէր կատաղի կերպով եւ հայ զանգուածներու ճակատագիրը կը մնար տարուբեր ու թելէ կախուած: Ճեմալ իր արտակարգ կորովովը եւ ստեղծած տարածուն կազմակերպութեամբ կը դիմադրէր եւ կը պահէր իր իշխանութիւնը: Այս իրողութեան շնորհիւ ալ հայերու հանդէպ ծրագրուած ոճիրները կը մնային մասնակի ու սահմանափակուած, կարեւոր անձերու չէզոքացման եւ տեղափոխութիւններու, ոստիկանական խստութիւններու ու կողոպուտներու սահմանին մէջ» (Բ. Հատոր, էջ 21):
Իշխանատենչութեան իր նոպայական սլացքին մէջ Ճեմալ կը թերանայ իրեն յանձնուած ամենէն կարեւոր պաշտօնին՝ պատերազմի հարաւային ճակատը եղող Եգիպտոսի անգլիացիներուն դէմ թրքական դիրքերը պաշտպանելու պարտականութեան մէջ եւ կը զբաղի հայերը կոտորելէ բացի Սուրիոյ եւ Լիբանանի ներքին հարցերով, կաշառակերութեամբ, բռնութեամբ եւ կեղծիքով: Այդ ընթացքով եւ անշուշտ այլ պատճառներով ալ, Թուրքիա եւ Գերմանիա չարաչար պարտուած դուրս եկան պատերազմէն: Իսկ Ճեմալի փայփայած երազները չքացան:
Իրականութիւնը կը մնայ անփոփոխ, որ Իթթիհատի Եռապետութեան ոճրագործ երեք պատասխանատուներն ալ՝ Թալաաթ, Էնվեր եւ Ճեմալ հաւասարապէս իրենց լրիւ անմարդկային «պարտականութիւնը» կամաւոր կերպով կատարած են Հայասպանութեան Ոճիրով:
Համաշխարհայնացումը սկսելէ ետք եւ այս խառն օրերուն ալ, կը լսենք մասնաւորաբար Ճեմալ փաշան եւ այլ թուրք ոճրագործներ արդարացնելու միտող օտար աղբիւրներէ լսուող աղաղակներ եւ շշուկներ՝ ընդհանրապէս հայոց բարոյագիտութիւն սորվեցնելու յանդգնութեամբ, որոնց դժբախտաբար կ’ընկերակցին նաեւ օտար աղբիւրներէ սնուող հայանուն «գիտնականներ»:
Խեղաթիւրումի վերոյիշեալ գործակատարները թէեւ տեղեակ ըլլալու են Ճեմալի ժամանակակից ականատես վկայ, գերմանացի միսիոնար Հայնրիխ Ֆիրպիւխերի բացայայտումներուն՝ Հայասպանութեան եւ ի մասնաւորի Ճեմալի ոճիրներուն մասին, սակայն անոնք կը փորձեն անտեսելով այս փաստը՝ վերջինիս վկայութիւնները դարակներու մութ անկիւնները մնացած եւ այդ ձեւով ճշմարտութիւնը ծածկուած կարծել: Ականատես վկայ գերմանացի յուշագրող միսիոնար Հայնրիխ Ֆիրպիւխեր հայոց նկատմամբ ճեմալի գործած ոճիրներէն (որոնց մասին յօդուածաշարքով արտայայտուած ենք «Պայքար»ի մէջ- Յ. Ի.) ետք, արաբներուն դէմ անոր մեծագոյն ոճիրին մասին կ’ըսէ. «1917թ. Ամառնային մի վաղ առաւօտ Դամասկոսի շուկայի հրապարակում ես տեսայ եօթ կախաղան: Դրանցից կախուած էին սիրիական երեւելի ու հարուստ ընտանիքների գլխաւորները: Այդ նոյն ժամին կախաղան հանուեցին Պէյրութում՝ քսանհինգ, Երուսաղէմում՝ եօթ, Հալէպում՝ եօթ, Հոմսում՝ չորս բարձրաստիճան անձինք: Ճեմալ փաշան կարգադրեց հաղորդել ապշած հասարակութեանը, որ մահապատիժի ենթարկուածները գերդաւաճաններ են եղել» (էջ 24): Ճեմալ փաշա կախաղան հանուած ազգասէր մարդոց ամբողջ ստացուածքը կը բռնագրաւէ, այդ մէկը իր գործած ահաւոր ոճիրին գլխաւոր նպատակը ըլլալով: Ֆիրպիւխեր Ճեմալ փաշայի համար կ’ըսէ. «Ճեմալի ենթակայութեան տարածքում այնքան շատ բռնութիւններ էին ծաւալւում բնակչութեան, որ դրանց նկարագրութեան համար հատորներ են պէտք» (էջ 25):
Այլ հեղինակաւոր պատմաբան մը ահաւասիկ կը քօղազերծէ ճշմարտութիւնը: «Հայկական Ժամանակակից Ուսումնասիրութիւն» (Etudes Armeniennes Contemporaines) կայքէջի՝ https://journals.openedition.org/eac/2090 մէջ թուրք պատմաբան Սելիմ Տերինկիլ Ճեմալ փաշայի եւ թուրք գրող Հալիտէ Էտիպ հանըմի մասին կ’ըսէ. «Մեծ Պատերազմին, որբացած հայ մանուկները իւրացնելը Հայոց Ցեղասպանութեան գործադրութեան մաս կը կազմէր: «Ամէն տեսակէտով, հայերը», ինչպէս Ռոնալտ Գրիգոր Սիւնի կծող ոճով կ’ըսէ, «որբացած ազգ» մը դարձան: Մասնայատուկ ուշադրութեան առարկայ է հայ որբերը իսլամացնելու եւ թրքացնելու նպատակով Ճեմալ փաշայի հաստատած որբանոցը Լիբանանի Անթուրա գիւղին մէջ: Իսլամացումի եւ թրքացումի գործընթացի իրականութիւնը կը հաստատուի Անթուարայի որբանոցի սանուկներէն երեք հոգիի հետագայի յուշագրութիւններուն մէջ: Թուրք ազգայնական յայտնի գրող Հալիտէ Էտիպ հանըմ այս ծրագիրին հիմնական գործունեայ մասնակիցներէն էր: Ճեմալ փաշայի կողմէ նշանակուած ըլլալով Սուրիոյ Կրթական Ընդահնուր Տնօրէն, Հալիտէ Էտիպ անձնապէս ներգրաւուած էր Անթուրայի հայ որբերու իսլամացումի եւ թրքացումի գործին մէջ, թէեւ ինք հետագային հերքած է այս իրականութիւնը իր յուշերուն մէջ»:
Դամասկոս գտնուած միջոցին, Ճեմալ փաշա փափաքեցաւ իր աթոռանիստ քաղաքը գեղեցկացնել: Ան նկատեց թէ փողոցները բաւական նեղ էին: Ուստի 1915-ի ամրան Ճեմալ երկար եւ նեղ փողոցի մը բնակիչները առանց նախապէս իմացնելու, սուիններով քշել տուաւ տուներէն եւ իր զինուորներուն քանդել տուաւ այդ տուները… Ժողովուրդը բաց օդին մնաց անկարող պատսպարուելու…: Ճեմալ երկար փողոցի բնակարանները մէկ ժամէն սրբեց…:
Լրագրող Միսաք Վասիլեան հանդէս կու գայ յօդուածով մը, որուն մէջ կը գտնենք Ճեմալ փաշայի նենգ ուշիմութեան մէկ օրինակը: Արդարեւ 1915-ին Թալաաթի հրամանով Չորք Մարզպանի Քելեկեան որբանոցը կը փակուի: Հոնկէ 10 հայ պատանիներ կը փոխադրուին Հարնի (կը գրուի նաեւ Հառնի- գիւղ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ, Բաղէշի նահանգի, Սասունի Հազզօ-Խաբլջող գաւառակի մէջ, 20րդ դարու սկիզբը ունէր 10 տուն հայ բնակիչ, քանդուած է 1915ին թուրքերու կողմէ- Թադեւոս Յակոբեան, Ստեփան Մելիք-Բախշեան, Յովհաննէս Բարսեղեան, «Հայաստանի եւ Յարակից Շրջանների Տեղանունների Բառարան», Երեւանի Համալսարանի հրատարակչութիւն, Երեւան, 1998, էջ 2454 / 4814) համացանցային կայք- Յ. Ի.) գիւղի գերմանական որբանոցը, ուր կարճ ժամանակի մէջ գերմաներէն կը սորվին եւ գերմանական բանակին կը ծառայեն իբրեւ թարգման: Ճեմալ Դամասկոսէն Կ. Պոլիս իր ուղեւորութեան ընթացքին Այրան գիւղի մէջ պատահմամբ կը հանդիպի այդ հայ տղոց եւ անոնցմէ մէկու մը՝ 16 ամեայ հայ պատանիի բերնէն զայս լսելով, կը սքանչանայ հայ ազգի ուշիմութեան, աշխատասիրութեան եւ յաւիտեան գոյատեւելու ամուր կամքին վրայ ու կ’ըսէ. «Ո՜վ զարմանք, այս կը նշանակէ թէ դուք բոլորդ բռնագաղթուած էիք Տէօրթ Եոլի Քելեկեան որբանոցէն եւ շուտով գերմանական բանակին մէջ թարգմաններ դարձաք: Ո՜վ թուրք ժողովուրդ, դուն չես կրնար բնաջնջել այս ազգը եւ այս ազգը պիտի գոյատեւէ… Աստուած հետդ ըլլայ, տղա՜ս:» https://horizonweekly.ca/fr/50520-2/: Կը նկատենք թէ Ճեմալ ուշիմ (ինչպես Ղազար Չարըգ զայն կ’անուանէ- Յ. Ի.) անձնաւորութիւն մը ըլլալով, գիտակցած է հայուն ստեղծագործ, բացառիկ կարողութիւններով եւ զօրաւօր գոյատեւելու կամքի տէր ըլլալուն, կրցած է արժեւորել այս իրականութիւնը: Անոր ըսածին մէջ ոչ մէկ հայանպաստ երեւոյթ կամ ձգտում չկայ: Ընդհակառակը, Ճեմալ այդպէս ըսելով, իր սրտին մէջ հայուն դէմ թաքնուած ոխն ու ատելութիւնը բացայայտօրէն աւելի սնուցած է: Այլապէս ի՞նչպէս բացատրել այն ահռելի սպանդները, զորս հայոց դէմ գործած է ան, եւ որոնց համար մահուամբ պատժուած է, իսկ անոր թոռը՝ Հասան Ճեմալ զղջալով եւ ցաւելով, ինքնարդարացման փորձով մը հայ ազգէն ներողութիւն խնդրեց:
Ինչպէս սկիզբը նշեցինք, նկատելի է թէ Ճեմալ փաշայի գործունութեան մասին վերոնշեալ հաստատումներուն հակառակ, վերջին տասնամեակներուն կարգ մը հայ թէ օտար պատմաբաններ, քաղաքագէտներ եւ ընկերային գործիչներ կը փորձեն արդարացնել անոր արարքները: Անոնք ի վիճակի չըլլալով Ճեմալ փաշայի գործունէութեան մասին ընդհանրական մօտեցում ցուցաբերել, միայն անոր զանազան հաշիւներէ ելած անհատական հիման վրայ գործած քանի մը հայանպաստ թէ այլ արարքները կը յիշեն, զորս Ճեմալ նիւթական ակնկալութեամբ կամ որոշ անձնական շահեր ապահովելու համար կատարած է: Հակասական եւ հարցականներով լեցուն պատմական ժխտական անհատի մը արաքները ընդհանրացնելու կամ բացարձակացնելու փորձերը բոլորովին կը հակասեն գիտականութեան եւ պատմական քննարկման առողջ մօտեցման: Յստակ է թէ Ճեմալի գործունէութեան նկատմամբ արդարացման այս մօտեցումները որոշ թելադրուած նպատակներ կը հետապնդեն կամ այդպէս կ’ընեն հետագային որոշ քաղաքական, ընկերային թէ այլ առիթներ շահագործելու հեռանկարով: Ոմանք Ճեմալը արդարացնելու ընդմէջէն կը ձգտին արդարացնել նաեւ ամբողջ ոճրային համակարգի մը՝ Երիտթուրքերու եղեռնագործութիւնը, այսինքն Հայասպանութիւնը, ջուր հայթայթելով թրքական ջրաղացին: Սակայն անոնց այդ ջանքերն ու յոյսերը ճշմարտութեան հետ բախելով, կը փշրուին եւ ամուլ կը դառնան: