ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
(նկարին կեդրոնը՝ մեծ հայրս,որուն անուանակիրն եմ)
Ժողովուրդներու ազատագրական պայքարի, ազգային ինքնորոշման եւ իրաւունքներու պաշտպանութեան ամենափայլուն էջերէն մէկն է Հաճնոյ հերոսամարտը: Տարիներու հարթութեան վրայ անժամանցելի, ժամանակի քննութեան դէմ պայքարը յաղթահարած, մեր ժողովուրդին հերոսական սխրագործութեան պանծալի մէկ էջն է Արծուաբոյնի հերոսամարտը: Խորհուրդ մը կայ այնտեղ՝ հայրենասիրութեան եւ ազատասիրութեան: Արտայայտութիւն մը՝ աննահանջ կամքի ու վճռակամութեան: Խիզախում մը՝ մինչեւ վերջին շունչը պայքարելու …:
Հաճնոյ հերոսամարտը մեր ժողովուրդի պատմութեան մանրապատումն է միաժամանակ: Ազատ ու ինքնավար հայրենիք մը իրականացնելու, թշնամիին անձնատուր չդառնալու, օտարներէ ստացած խոստումներու յուսախաբութիւնը՝ այս բոլորին եւ տակաւին շատ մը երեւոյթներու մանրապատումն է Հաճնոյ իննամսեայ հերոսամարտը: Հաճընցիին ճակատագիրը տարբեր չէր կրնար ըլլալ իր ժողովուրդէն: Թիւով համեստ, կտրիճ հաճընցին անտեսեց զրկանք ու սպառնալիք, սով ու շրջափակում, ռմբակոծում եւ թշուառութիւն եւ ինը ամիս շարունակ դիմադրեց թիւով տասնապատիկ անգամ հզօր թշնամիին:
Իննամսեայ հերոսական պաշտպանութիւնը այսօր եւս կը շարունակուի մեր թշնամիին դէմ: Մահաց՞աւ հաճընցին, ո’չ երբեք, այլ վերածնաւ աշխարհով մէկ, հայրենիքէն մինչեւ Սփիռքի բոլոր ափերը, գտեպնդուեցաւ իր նահատակներուն յիշատակով, անոնց ազատատենչ ոգիով, իր նահատակներուն կտակը սրտին՝ յանուն ազատ ու անկախ Հայաստանի իրագործման:
Հարիւր եւ մէկ տարիներ անցած են հերոսապատումի այդ օրերէն: Հարիւր եւ մէկ տարիներ ետք հաճընցին կը մնայ աննկուն, հաւատարիմ ու յանձնառու իր նահատակներուն եւ ժողովուրդին կտակին: Հարիւր եւ մէկ տարիներ անցած են, սակայն պայքարը կը մնայ անփոփոխ, պայքարին եղանակները կրնան ենթարկուիլ փոփոխութեան, սակայն պայքարը կը մնայ նոյնքան աննահանջ ու վճռական, որքան՝ երէկ: Թուրքը կրնայ կոտորել մեզ, բայց հաճընցին, ինչպէս հայութեան բոլոր հատուածները, կը մնայ յանձնառու իր ազգային իրաւունքներուն:
Ուշ կամ կանուխ պիտի գայ հաշուեյարդարի պահը: Կեղծիքն ու ժխտումը չեն կրնար յարատեւել առյաւէտ:
Պիտի գայ օրը, երբ հայ ժողովուրդը յանցագործ ցեղասպանէն պիտի ստանայ իր ֆիզիքական, հողային, տնտեսական, մշակութային կորուստներուն հատուցումը : Պիտի գայ օրը, երբ ցեղասպանը դէմ յանդիման պիտի կենայ պատմական ճշմարտութեան առջեւ:
Ինչպէս՝ երէկ, այսօր եւ վաղը՝ Հաճընցին հաւատարիմ կը մնայ իր նահատակներուն ուխտին:
Արծուաբոյնի ոգին պիտի մնայ անմար:
Յարգանք Հաճնոյ Նահատակներուն Յիշատակին: