Արցախի հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակը կը հարուածէ թշնամիի բացառապէս ռազմական դիրքերը: Սոյն յայտարարութիւնը կատարեց Հայաստանի հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեանը:
«Այո, պաշտպանութեան բանակը կը հարուածէ Ազրպէյճանի մեծ քաղաքներուն մէջ տեղակայուած բացառապէս ռազմական թիրախները». նշեց Յովհաննիսեան:
Թշնամին Կիրակի առաւօտեան ժամերէն կը ռմբակոծէ Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտը, փորձելով խուճապի մատնել անոր բնակչութիւնը: Ազրպէյճան կ’օգտագործէ միջազգային մարդասիրական իրաւունքով արգիլուած զինատեսակներ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց յայտարարութիւն մը, ուր դիտել կու տայ, թէ Ազրպէյճան հեռահար հրթիռներով եւ օդուժի օգնութեամբ կը հարուածէ Ստեփանակերտ եւ Մարտակերտ քաղաքները: «Ազրպէյճանի կողմէ միտումնաւոր այս յարձակումները միջազգային իրաւունքի կոպիտ խախտում է». կը նշէ յայտարարութիւնը:
Պաշտօնական Երեւան յայտարարեց, թէ Հայաստան ոչ մէկ հրթիռ արձակած է Ազրպէյճանի ուղղութեամբ: