Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Շուշան Ստեփանեան յայտնեց, թէ նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան ճնշման տատանումներ ունեցած է, ներկայիս գոհացուցիչ է ինքնազգացողութիւնը:
«Ան ունեցաւ ճնշման տատանումներ: Այժմ քննութիւններու կ’ենթարկուի, ինքնազգացողութիւնը լաւ է». ըսաւ Ստեփանեան:
Խօսնակը հերքեց Յովհաննիսեանի՝ սրտի տագնապ անցնելու տեղեկութիւնները: