Հայաստանի պաշտպանութեան բանակի ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան անգամ մը եւս ընդգծեց, թէ պատերազմի այս փուլին տեղի չէ յստակ դիրքեր, բնագիծեր, նոյնիսկ բնակավայրեր նշելը:
« Պատերազմը սաստիկ է, հայկական բանակը կը վարէ ծանր մարտեր, զինք քանի մը անգամ գերազանցող թուրք-ազերիական ուժերու դէմ, որուն լիովին կ’աջակցին թրքական օդուժը, հետախուզական եւ այլ համակարգերը, մեծ թիւով վարձկաններ, ահաբեկիչներ եւ յատուկ զինուորական կազմակերպութիւններ:
Այս գերազանցող ուժերուն հայկական բանակը կը դիմակայէ մեծ յաջողութեամբ, այնպիսի յաջողութեամբ, որ համաշխարհային փորձագէտները անգամ կը նշեն: Ըստ մարտավարական եւ գործողութիւններու անհրաժեշտութեան, պաշտպանութեան բանակը կը կատարէ ինչպէս նահանջ ու բնագիծերու փոփոխութիւն, այնպէս ալ յարձակում եւ հակայարձակում:
Վստահ ենք մեր բանակին, մենք անկասկած պիտի յաղթենք». գրած է Յովհաննիսեան: