ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ
A work of art is above all an adventure of the mind
Eugene Ionesco
Մայիս 2000, Ֆլորանս:
Առաւօտուն, երբ կը պատրաստուէի դուրս գալ Brunelleschi-ի անուան պանդոկի նախասրահէն, յանկարծ ներկայանալի կին մը կեցուց զիս ու ըսաւ.
– Մոյսէյը դո՞ւք էք:
– Այո՛, ես եմ, իսկ դո՞ւք…
– Ես Սիլիան եմ, Ռոպերթոյի կինը: Անոր անգլերէն չգիտնալուն պատճառով իրեն փոխարէն ես եկայ, որպէսզի ուղեկցիմ ձեզի…
– Օ՜…, շատ շնորհակալ եմ, սակայն ինծի համար քիչ մը շատ չէ՞ ձեզի պէս բացառիկ գեղեցկուհի մը իբրեւ առաջնորդ ունենալը եւ այն ալ` Ֆլորանսի մէջ:
Շրջանցելէ ետք իմ հաճոյախօսութիւնը, աւելի լրջանալով` ըսաւ.
– Ձեր ընկերը` Փիերոն, երէկ գիշեր Հռոմէն հեռաձայնեց ու խնդրեց, որ օգնենք ձեզի:
– Այո՛… Փիերոն իմ հին ընկերներէս է: Մեծապէս շնորհակալ եմ… Սուրճ մը չէ՞ք առներ:
– Ժամանակը կարճ է, իսկ մենք բազմաթիւ տեղեր պիտի այցելենք: Ճանապարհին կը խօսինք, սուրճն ալ ընթացքին կ՛առնենք:
Ես շլացած էի ի տես անոր մարմնի բարեձեւութեան ու հմայիչ կանացիութեան: Ճանապարհին, զգալով իրեն հանդէպ իմ ունեցած խանդավառութիւնն ու համապատասխան վերաբերմունքը ու կանխելու համար իմ կողմէս որեւէ տեսակի անախորժ առաջարկը, ի սկզբանէ տեղեկացուց.
– Մենք օրինաւոր ամուսիններ ենք: Արդէն իսկ փոքրիկ մանչ մը ունինք, իսկ երկրորդը ճանապարհին է. յոյս ունինք, որ աղջիկ կը ծնի:
Խնդակցութիւնս յայտնելէ եւ բարի ազատում մաղթելէ ետք, ըսի.
– Ես գիւղացի տղայ եմ, ընտանեկան սրբութիւնները կը յարգեմ ու կը գնահատեմ: Փիերոն համակրանքով ու բարձր գնահատանքով կը խօսի ձեր ամուսինին ու մանաւա՛նդ անոր արուեստին մասին:
Մինչեւ որ հասնինք Delle Belle Arti հրապարակը, մենք առիթ ունեցանք զրուցելու: Պարզուեցաւ, որ ինք նորաձեւութեան նախկին բնորդուհի է, իսկ ներկայիս, բացի Ռոպերթոյին «ծառայելէ», կ՛աշխատի նաեւ Ֆլորանսի գեղարուեստից ակադեմիային (Accademia di Belle Arti di Firenze) մէջ` իբրեւ արհեստավարժ բնորդուհի:
Այդ օր հազիւ կրցանք այցելել Pallazzo di Pitti, Cappella di Medici եւ Santa Maria del Fiore եկեղեցին: Ընթացքին, երբ կը ճաշէինք բացօթեայ ճաշարանի մը մէջ, ցանկութիւն յայտնեցի ներկայ գտնուիլ իր բնորդութեան պահերէն մէկուն: Ան քաղաքավարութեամբ բացատրեց.
– Սկզբունքով դէմ չեմ, սակայն այս կարճ ժամանակի մէջ նման բան մը հնարաւոր չէ, մանաւանդ որ ամուսինս ուրիշի մը ներկայութեան չի սիրեր ծեփակերտել:
– Ափսո՜ս, կ’ուզէի բան մը սորվիլ, այսինքն կ’ուզէի համեմատել Երեւանի կամ Պէյրութի ու ձեր կեցուածք ընդունելու կերպերը:
– Կը հասկնամ, դուք արուեստաբան էք ու մասնագիտական աչքով կը նայիք, այդ պատճառով ալ մեր ակադեմիայէն ներս արուեստաբաններուն կը թոյլատրուի, սակայն յատուկ արտօնութիւն պէտք է…
Անշո՛ւշտ ես համակերպեցայ եւ, թէեւ մասնագիտական բաժինը զիս կը հետաքրքրէր, այնուամենայնիւ բուռն ցանկութիւն մը ունէի նաեւ անոր մերկութիւնը ըմբոշխնելու:
Երեկոյեան երկուքս ալ յոգնած էինք: Հանգստանալու իրաւունք չունէի: Ինք մեկնեցաւ, իսկ ես դուրս ելայ առանձինս քալելու… Գիշերով տարբեր հմայք ունի Ֆլորանսը:
Յաջորդ առաւօտեան հաւատարիմ ուղեկիցս պանդոկի շքամուտքին զիս կը սպասէր: Առանց ժամանակ կորսնցնելու` դիմեցինք ուղիղ Uffizzi-ի պատկերասրահը:
Իմ արուեստասէր ընթերցող, ես պիտի չխօսիմ այն տպաւորութիւններուն մասին, որոնք զիս «շլացուցին», մինչեւ որ հասանք Լէոնարտօ տա Վինչիի տաղաւարը, ուր ուզեցի քիչ մը հանգստանալ ու ամփոփուիլ, ոչ թէ անոր համար, որ յոգնած էի. այլ կարճ ժամանակի մէջ այնքան շատ գլուխ-գործոցներ տեսնելէն էապէս լիացած էի, ու միտքս սկսած էր ըմբոստանալ զգայարաններուս դէմ… Չորս կողմս նայեցայ, նստելու յարմարութիւն չկար: Յանկարծ լոյս մը ծագեցաւ մտքիս մէջ: Ուժ մը եկաւ վրաս եւ անդիմադրելի մղում մը ունեցայ շօշափելու Լէոնարտոյի «Աւետումը»… ստուգելու համար «sfumato»-ի արհեստագիտութիւնը:
* * *
Հոս հարկադրաբար պէտք է փակագիծ մը բանամ, որպէսզի համբերատար ընթերցողս նախ ըմբռնէ, թէ ինչո՛ւ նման անազնիւ ու վտանգաւոր քայլի մը ուզեցի դիմել եւ երկրորդ` ի՞նչ է «sfumato»-ն:
Ուրեմն ուշադիր կարդացէք.
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի համեմատաբար հանգիստ օրերէն մէկն էր: Փոլ Կիրակոսեանը հեռաձայնեց, որպէսզի տանիմ զինք Պէյրութի պետական համալսարան, ուր կը դասաւանդէր: Նման պարագաներու ես հաճոյքով կ՛ընկերանայի իրեն, նախ անոր համար, որ իր ներկայութիւնը ուսանելի էր ու հաճելի, ապա առիթ մըն էր նաեւ «մերկուհիներ» ճեպանկարելու… Քաղաքացիական պատերազմի այդ աննպաստ պայմաններուն տակ, օրեր առաջ Կիրակոսեանը Լէոնարտոյի մասին դասախօսութիւն մը տուած էր Իտալական մշակոյթի կեդրոնին մէջ: Ճանապարհին, երբ խօսքը բացի, ան ափսոսանքով ըսաւ, որ շատ դժբախտ կը զգայ ինքզինք, որ առիթ չէ ունեցած մատներով շօշափել Լէոնարտոյի ստեղծագործութիւներէն մէկը: Ապա ան աւելցուց.
– Ինծի թոյլ չտուին անպիտանները: Սխալ ըրի, պէտք էր որ գաղտնի շօշափէի…
– Իսկ ինչո՞ւ կ՛ուզէիր անպայման շօշափել, որքան գիտեմ խիստ արգիլուած է նման բան մը, կրնային բանտ տանիլ քեզ:
– Հոգս չէ, իտալացիները բարի են, շատ շատ քանի մը օր կամ քանի մը շաբաթ պիտի բանտարկէին…
– Լա՛ւ, բայց պատճառը ի՞նչ էր:
– «Պարաքէ» կայ մէջը: Ինծի «inspire» կ՛ընէ:
Ըսել կ՛ուզէր` «բախտաբեր» է, աւելի ճիշդը` կ՛ուզէր հասկցնել, որ Լէոնարտոն ներշնչում կը պարգեւէր իրեն: Ես շարունակեցի.
– Չեղաւ, համոզիչ չէ ըսածդ, ճի՛շդը պիտի ըսես:
– Դուն գիտես ի՞նչ է «sfumato»-ն:
– Գիտեմ միայն, որ Լէոնարտոն ստեղծած ու այնքան կատարելագործած է զայն, որ գեղանկարչական արհեստագիտութեան մէջ տակաւին չէ գերազանցուած:
– «Sfumato» մուխ կը նշանակէ, ուր չկայ գիծ, չկայ լոյսի եւ մութի հակադրութիւն, սակայն կայ շուք, որուն լոյսի աղբիւրը անյայտ է եւ ոչ միայն կրնայ ծաւալի զգացողութիւնը փոխանցել այլեւ` տարածականութեան:
* * *
Լա՛ւ, հիմա վերադառնանք Uffizzi-ի Լէոնարտոյի տաղաւարը: Երբ մտորումներու մէջ տակաւին կը յամենայի «Աւետում»-ին դիմաց, իմ համակրելի ուղեկիցս` Սիլիան մօտեցաւ, նախ զգաստութեան հրաւիրեց եւ ապա ըսաւ.
– Ըստ երեւոյթին շատ կը սիրես Լէոնարտոն… պէտք է որ աճապարենք, որովհետեւ տակաւին շատ բան կայ տեսնելու:
– Այո՛…, բայց բան մը պիտի խնդրեմ… կ՛ուզեմ, որ օգնես ինծի:
– Եթէ որեւէ բացատրութեան պէտք ունիս, խնդրեմ` ըսէ:
– Ըսելու բան չէ, այլ ընելու,
– Ի՞նչ է, յոգնեցա՞ր, կ’ուզե՞ս դուրս գանք տեղ մը նստինք: Նոյն տոմսերով կրնանք նորէն ներս մտնել:
– Ո՛չ, շա՛տ յարգելի տիկին: Նայէ այս «ոստիկանին», որ երկու սենեակներուն կը հսկէ:
– Կը տեսնեմ, յետոյ…
– Կ՛ուզեմ, որ միւս սենեակը անցնի, որպէսզի առիթ ունենամ Լէոնարտոյի «Աւետում»-ը շօշափելու:
– Ի՞նչ, ես ճի՞շդ լսեցի:
– Այո՛, եթէ միւս սենեակը անցնիս ու արհեստական վէճ մը ստեղծես մէկու մը հետ, ան ստիպուած հոն կու գայ, իսկ ես առիթ կ՛ունենամ…միայ՜ն ակնթարթ մը… Լէոնարտոյի «Աւետում»-ը թեթե՜ւ մը պիտի շօշափեմ:
– Դուն խե՞նթ ես, ատիկա բացարձակօրէն արգիլուած է: Յանկարծ չփորձես…
– Ինծի համար շատ կարեւոր է, պէտք է, որ գիտնամ, թէ «sfumato»-ն ի՛նչ է:
– Նայէ, քեզի բանտ կը տանին, հոս Լիբանան չէ:
– Հարց չէ… շատ շատ քանի մը օր կամ քանի մը շաբաթ պիտի արգելափակեն: Կեանքիս մէջ բնաւ բանտ չեմ մտած, ի՞նչ կայ որ, փորձառութիւն մը կ՛ըլլայ: Յետոյ իտալացիները բարի մարդիկ են, լաւ կը նային ինծի:
– Օ՜, դուն իսկական խենթ ես… Մենք` իտալացիներս արուեստի հանդէպ շատ զգայուն ենք: Չըլլայ, որ նման բան մը ընես: Հասկցա՞ր, այլապէս կը ձգեմ ու կ՛երթամ:
Իմ պարկեշտ ընթերցո՛ղ, գիտեմ, որ դուն ալ դէմ ես ինծի, գիտեմ նաեւ, որ պիտի այպանես զիս, սակայն ես ուրիշ ճար չունէի: Առիթն էր, ու պէտք է որ ստուգէյի «sfumato»-ի յօրինուածքը (texture): Բաւականին վիճելէ ետք որոշեցինք, որ ինք դուրսը պիտի սպասէ, եւ եթէ շատ ուշանամ… պիտի երթայ:
Մնացի առանձին: Այցելուներուն` նկարներուն մօտենալը արգիլելու միտումով պատերու երկայնքին երիզուած էին, ոսկեգոյն շղթաներ, որոնք սակայն ցած էին ու անցնիլը` դիւրին: Քանի մը վայրկեան ետք բախտս բերաւ, ու պահակը միւս սենեակը մտաւ: Անմիջապէս շղթայէն ներս մտայ, թէեւ ահազանգը հնչեց, սակայն մինչեւ որ պահակը վերադառնայ, ես կրցայ նկարը շօշափել: Երբ ներս մտաւ, ես տակաւին շղթային ու նկարին միջեւ էի: Ան գոռալով սկսաւ հասկցնել, որ դուրս գամ, սակայն ես ձեռքերս վերցուցի ու մնացի անշարժ: Երբ համոզուեցաւ, որ «ապուշի» մը հետ գործ ունի, առանց քաշքշելու կամ կոպտելու` ձեռքէս բռնեց ու շղթայէն դուրս հանեց: Զանգը դադրեցաւ: Երկրորդ պահակ մըն ալ եկաւ, եւ անոնք անգլերէնով ու իտալերէնով սկսան բացատրել, որ արգիլուած է շղթայէն ներս անցնիլ եւ այլն, եւ այլն: Ես երկու բառ կ՛արտասանէի` sorry եւ ok, ու մեր Մուսա Լերան բարբառով ու ձեռքերուս շարժումներով կը բացատրէի, թէ կ’ուզէի մօտիկէն դիտել նկարը: Խորհրդակցելէ ետք իրարու հետ, առաջին պահակը թեւէս բռնեց ու ամենայն քաղաքավարութեամբ առաջնորդեց դէպի դուրս: Ընթացքին զգացի, որ Սիլիան կը հետեւի ինծի: Ձայն չհանեցի: Երբ դուրս ելանք, պահակը խստիւ պատուիրեց, որ չվերադառնամ: Յանցաւոր էի, գլուխս կախ` ներողութիւն խնդրեցի պահակէն, որուն մեկնելէն ետք Սիլիան յանդիմանական արտայայտութեամբ ըսաւ.
– Աժան ազատեցար, լաւ է, որ մէկը չմատնեց քեզ:
– Մենք համաձայնեցանք, որ դուն դուրսը պիտի սպասէիր…
– Բայց ինչպէ՞ս կրնայի քեզի պէս կատարեալ խենթ մը առանձին ձգել…
– Այո՛, իմ ըրածս խենթութիւն էր… Ստիպուած էի: Անգամ մը եւս կը ներես: Ես չափազանց շնորհակալ եմ քու մարդկային վերաբերմունքին համար…
– Այո՛, շնորհակալ ես եւ հաւանաբար նաեւ` գոհ, իսկ ես սարսափահար կրակի վրայ կեցած` կը սպասէի, թէ ինչպէ՞ս պիտի ձերբակալեն քեզ:
Սիրելի՛ ընթերցող, բնականաբար բան մը կոտրուած էր Սիլիայի մէջ ու զղջացած կը թուէր ըլլալ ուղեկցած ըլլալու ինծի: Ձեւականօրէն ցտեսութիւն ըսինք իրարու ու… բաժնուեցանք:
Հակառակ անոր որ Լէոնարտոյի վրձնահարուածներուն թրթիռները տակաւին կը յամենային մատներուս վրայ, խիղճս կը տանջէր զիս Սիլիային նման ազնիւ անձ մը վշտացուցած ըլլալուս համար… Յոգնած ու անտրամադիր վերադարձայ պանդոկ, ուր բնազդաբար այդ օր ձեռքերս… չլուացի: Ի վերջոյ Լէոնարտոյի «օրհնութիւն»-ը ստացած էի:
Ի դէպ, տարիներ ետք, երբ նորէն այցելեցի Uffizzi-ի պատկերասրահը, տեսայ, որ Լէոնարտոյի, Դիցիանի եւ քանի մը այլ մեծերու ստեղծագործութիւնները դրուած էին վեցանկիւն տաղաւարի մը մէջ, ուր մտնելը արգիլուած էր, իսկ գեղանկարները կարելի էր դիտել յատուկ պատուհաններէ միայն: Արդեօք իմ «անկրթութի՞ւնս» պատճառ հանդիսացած էր նման խիստ պաշտպանողական որոշումի մը…
* * *
Յաջորդ առաւօտեան ժամանակէն շուտ արթնցայ: Մտազբաղ ու անտրամադիր իջայ նախաճաշի: Պարտք կը զգայի հեռաձայնել Սիլիային ու անոր ամուսինին, սակայն վստահ չէի, որ պիտի յօժարին լսել զիս: Հազիւ նստայ, յանկարծ մատուցողը մօտեցաւ ու տեղեկացուց, որ տիկին մը իմ մասիս կը հարցնէ: Ոտքի ելայ ու ի՜նչ տեսնեմ, սիրելի՛ ընթեցող… Սիլիան էր, որ լայն ու համակրելի ժպիտ մը դէմքին` մօտեցաւ, բարեւեց ու այս անգամ սրտանց ողջագուրուեցաւ հետս` աւելցնելով.
– Կը ներէք, որ երէկ կոպիտ վարուեցայ ձեզի հետ:
– Ի՞նչ կ՛ըսէք, կոպիտ ու անկիրթ վարուողը ես էի: Ե՛ս յանցաւոր եմ թէ՛ քու, եւ թէ՛ ամուսինիդ առաջ: Ե՛ս պէտք է, որ ձեր քով գայի, սակայն վստահ չէի, որ կ՛ընդունիք զիս: Ի զուր տեղը այդքան վշտացուցի ձեզ… Խնդրեմ, նստէք, միասին նախաճաշենք…
– Կուշտ եմ, սակայն սիրով սուրճ մը կ՛առնեմ…
Իմ ազնիւ ու կիրթ ընթերցո՛ղ, Սիլիան նստաւ, սուրճ պատուիրեց ու բացատրեց.
– Երէկ, երբ տուն հասայ, ամուսինս նշմարեց, որ անտրամադիր եմ ու մտազբաղ: Կ՛ենթադրէր, որ փորձած էք դարպասել զիս ու` վշտացուցած: Քեզի հանդէպ իր ունեցած կասկածները փարատելու համար ես ամէն ինչ պատմեցի իրեն: Ան մեղադրեց զիս` ըսելով. «Մոյսէյը իսկական արուեստը գնահատող տղամարդ է, ես սիրեցի այդ մարդը: Վաղը պէտք է, որ երթաս ներողութիւն խնդրես ու հոս բերես զինք: Կ՛ուզեմ անպայման ծանօթանալ հետը»: Գիտես` Ռոպերթոն քեզմէ պակաս չէ, հիմա կը մտածէ, թէ ինչպէ՛ս ընէ, որ կարողանայ Տոնաթելլոյի կամ Միքէլ Անճելոյի նման մեծերու արձանները շօշափել, ստուգելու համար անոնց յօրինուածքներն ու նեշնչուելու անոնցմէ: Օ՜, Մոյսէյ, գործս միշտ խենթերու հետ եղած է…
Ես պապանձեցայ… Սիլիան նշմարեց, որ յուզուած եմ, ձեռքը մտերմաբար ուսիս դրաւ ու շարունակեց.
– Լա՜ւ… հասկնալի է, ամէն ինչ լաւ է ու բնական: Գիտեմ` երկու ժամ ետք պէտք է Փատովա մեկնիս:
– Ճի՛շդ է…
– Հիմա ամէն ինչ փոխուեցաւ. նախ այստեղէն ուղիղ Ռոպերթոյի արուեստանոցը պիտի երթանք, ուր ես կեցուածք պիտի ընդունիմ, իսկ դուն առիթ պիտի ունենաս մեզ դիտելու եւ ուսումնասիրելու… Ան անհամբեր կը սպասէ մեզ:
– Բայց…
– Գիտեմ, գիտեմ, ես արդէն վաղուան նոյն ժամուն տեղ ապահոված եմ քեզի համար, կը մնայ, որ համաձայնիք…
Ի՞նչ ըսեմ, սիրելի՛ ընթեցող, այսպէս ալ կ՛ըլլայ եղեր… Անսպասելիօրէն ամէն ինչ փոխուեցաւ:
Սիլիայի կողակիցը զիս դիմաւորեց հարազատի նման: Քաղաքի արուարձաններուն մէջ, իրենց տան կողքը կառուցուած արուեստանոցը իր յարմարաւէտութեամբ ու բնական լուսաւորման սկզբունքներով կը յիշեցնէր Ռուբէն Նաքեանի Stamford-ի արուեստանոցը: Ծանօթացման կարճատեւ զրոյցէ մը ետք, Սիլիան անմիջապէս կողքի սենեակը մտաւ ու վերադարձաւ ուսերուն պարեգօտ մը, որուն շարժումներէն ի յայտ կու գար, որ տակէն բան մը չէր հագած: Մինչ այդ ես հարեւանցիօրէն աչք մը նետեցի անոր կարգ մը քանդակներուն վրայ, որոնք իսկապէս գեղեցիկ էին ու ինքնատիպ: Մինչեւ որ ես կարծիքս յայտնեմ, Ռոբպերթոն ընդմիջեց.
– Որոշած եմ յղի կնոջ գեղեցկութիւնը դրսեւորել` առանց յիշեցնելու նախկինները…
– Բայց ձեր կնոջ յղութիւնը տակաւին յայտնի չէ…
– Խնդիրը ճի՛շդ այդ է, մեծ որովայնով յղի կին պատկերելը դիւրին է, եւ շատեր իրագործած են արդէն: Իմ նպատակս կերտել է կնոջ այնպիսի կերպար մը, որով դրսեւորուի անոր թէ՛ յղութիւնը, եւ թէ՛ իգական հմայքը միաժամանակ, առանց որովայնի մեծութեան:
– Օ՜, ահաւասիկ ստեղծագործական մարտահրաւէր մը, որ բացառիկներու միայն վերապահուած է, բայց ուրկէ՞ այս գաղափարը ծնաւ ձեր մէջ:
– Կնոջս առաջին յղութեան շրջանին նշմարեցի, որ ան շատ աւելի գեղեցիկ է ու հմայիչ, քան առաջ, ու թէեւ քանի մը կերպար ծեփակերտեցի, սակայն չէի խորացած, աւելի ճիշդը` չէի կրցած խորանալ թեմային մէջ: Այս յղութեան հետեւեցայ իրեն ու համոզուեցայ, որ յղի կինը իւրաքանչիւր օր աստիճան մը աւելի կը գեղեցկանայ թէ՛ արտաքնապէս, եւ թէ՛ ներքնապէս: Այս օրերուն անոր կանացի հմայքը գեղարուեստական ուրիշ տարածականութեան վրայ է: Արդէն իսկ մէջս հասունցած է, սակայն վէճ մը կայ մեր մէջ: Ես կ՛ուզեմ զինք քանդակել իբրեւ բագոսուհի ու ձեռքը տալ հռոմէական գինիի բաժակ մը, անոր համար, որ Bacchus-ը միաժամանակ թէ՛ գինիի, եւ թէ՛ բեղմնաւորման աստուածն էր, իսկ ինք կ՛ուզէ, որ կարմիր վարդ մը բռնած ըլլայ` իբրեւ մաքուր սիրոյ արտայայտութիւն, որուն արդիւնքը յղութիւնն է: Ո՞ր մէկը ճիշդ կը գտնես:
– Իրականութեան մէջ երկուքն ալ իմաստալից են ու գեղեցիկ, կարելի է երկուքն ալ ծեփակերտել եւ կ՛ունենաս երկու կերպար… Այնուամենայնիւ, սակայն, ես կը նախընտրէի նուռը:
– Նո՞ւռը:
– Այո՛, նուռը:
– Բայց ինչո՞ւ նուռը: Այո՛, թէեւ տեսքը գեղեցիկ է, սակայն ես կ՛ուզեմ իմաստ մը տալ անոր:
– Ճիշդ անոր համար, որ նռան իմաստն ալ գեղեցիկ է ու կը յարմարի բեղմնաւորման գաղափարին հետ: Հին աշխարհի մէջ նռնենին պաշտուած է իբրեւ Կենաց ծառ: Նոյնիսկ Սուրբ գիրքի, Թալմուտի ինչպէս նաեւ` Քուրանի մէջ յիշատակուած է իբրեւ բուժիչ յատկութիւններ ունեցող սրբազան պտուղ: Դուն պէտք է գիտնաս, որ Վերածնունդի մեծերէն շատեր Մանուկ Յիսուսին ձեռքը նուռ պատկերած են: Դեռեւս երէկ էր, որ Uffizzi-ի մէջ հանդիպեցանք Botticelli-ի Madonna della melagrana (նուռով Աստուածածինը) ստեղծագործութեան, որուն դիմաց բաւականին երկար մնացինք:
– Օ՜ Santa Maria, դուն ճիշդ ես, ինչպէ՞ս չեմ անդրադարձած մինչեւ հիմա…
– Իսկ մենք` հայերս, շատ գեղեցիկ աւանդութիւն մը ունինք: Հին ժամանակներուն կիները կ՛ամչնային իրենց ամուսիններուն ըսելու, որ իրենք յղի են: Փոխարէնը, երբ գործէն կը վերադառնար փեսան, նորահարսը նուռ մը կը նուիրէր անոր…
– Grazzie, grazzie mille, դոտտորէ Մոյսէ, գտա՛նք, Սիլիա, գտանք. լաւ է, չէ՞: Ուրեմն ես կը քանդակեմ քեզ նուռը նուիրած պահուն` մերկ, սակայն հեզ ու շիկնանքը այտերուդ գեղջկուհիի կերպարով: Հրաշալի է, այս էր փնտռածս: Նոր յղացք է… Իսկ հիմա գործի…
Մոնրէալ, մարտ 2021
(Շար. 1)