ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրամանագիրով Արման Մարալչեան նշանակուեցաւ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) սահմանապահ զօրքերու հրամանատար։
«Հիմք ընդունելով վարչապետի առաջարկութիւնը՝ համաձայն Սահմանադրութեան 133րդ յօդուածի 1ին մասի, ինչպէս նաեւ «Սահմանապահ զօրքերի մասին» օրէնքի 4.1ին յօդուածի 1ին մասի՝ Արման Մարալչեանին նշանակել Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան ծառայութեան սահմանապահ զօրքերի հրամանատար», կ՛ըսուի նախագահին հռամանագիրին մէջ։
Հայաստանի նախագահի մէկ այլ հրամանագիրով Վաղինակ Սարգասեան ազատ արձակուեցաւ Հայաստանի ԱԱԾ սահմանապահ զօրքերու հրամանատարի պաշտօնէն: