Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
«Արմէնփրես» պետական լրատուական գործակալութիւն ընկերութեան տնօրէն նշանակուեցաւ Նարինէ Նազարեանը:
Որոշումը տրուեցաւ մարտ 18-ին, ընկերութեան հիմնադիր լիազօր ներկայացուցիչներու ընդհանուր ժողովի նիստին` հիմք ունենալով ընկերութեան տնօրէնի թափուր պաշտօնի համար իրականացած մրցոյթի յանձնախումբին որոշումը եւ եզրակացութիւնը` Նարինէ Նազարեանի մարտ 15-ին կայացած մրցոյթին իբրեւ արդիւնք յաղթող ճանչնալու մասին:
Մասնագիտութեամբ հոգեբան Նարինէ Նազարեան լրատուութեան ոլորտին մէջ ունի աւելի քան 18 տարուան փորձառութիւն, որուն 17 տարին աշխատած է «Արմէնփրես»-ի մէջ` աւելի քան եօթը տարի վարելով ընկերութեան փոխտնօրէնի պաշտօնը, իսկ 2011-2021 թուականներուն` «Արմէնփրես»-ի գլխաւոր խմբագիրի պաշտօնը:
Նշենք, որ «Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը հիմնուած է 18 դեկտեմբեր 1918-ին: Հանրութեան կը ներկայանայ վեց լեզուով` հայերէն, ռուսերէն, անգլերէն, արաբերէն, ֆրանսերէն եւ թրքերէն, ունի գործընկերային լայն ցանց, անդամ է միջազգային լրատուական 4 կազմակերպութիւններու:
Հաղորդենք, որ Նարինէ Նազարեանը «Արմէնփրես»-ի 103-ամեայ պատմութեան մէջ առաջին կին ղեկավարն է: