ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- «Սասնայ Ծռեր»ու խումբէն Արմէն Բիլեան Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի ներկայացուցիչներուն հետ «Նուբարաշէն» բանտի մէջ առանձնազրոյց ունենալէն ետք դադրեցուց հացադուլը:
Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմի ներկայացուցիչներուն ուղեկցութեամբ՝ Բիլեան տեղափոխուեցաւ «Դատապարտեալներու հիւանդանոց»:
Աշխատանքներ կը տարուին նաեւ հացադուլի մէջ գտնուող Սմբատ Բարսեղեանը «Դատապարտեալներու հիւանդանոց» տեղափոխելու ուղղութեամբ: