Արցախի մէջ Հայաստանէն զօրակոչուած ժամկէտային զինուորներ պիտի չըլլան, իսկ պատերազմի ընթացքին պաշտպանութեան բանակին օգնելու համար Արցախ գացած ստորաբաժանումներու` Հայաստան վերադառնալու գործընթացը պիտի աւարտի սեպտեմբերին, «Արմէնփրես»-ին տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան:
«Հրադադարի հաստատումէն եւ Ղարաբաղի մէջ Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրամասի տեղակայումէն ետք Հայաստանի Զինուած ուժերու ստորաբաժանումներու դուրսբերումը Ղարաբաղէն տրամաբանական է: Ինչ կը վերաբերի պաշտպանութեան բանակին, անիկա Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եղած է եւ պիտի շարունակէ այնտեղ մնալ», նշած է ան:
Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը պնդած է, որ անվտանգութեան առումով ոչինչ փոխուած է Արցախի մէջ, որովհետեւ այնտեղ նախապէս ալ անվտանգութեան ապահովման գործը եղած է պաշտպանութեան բանակի ուսերուն: Ապա աւելցուցած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ռուսիոյ խաղաղապահ ուժերու տեղակայումը անվտանգութեան երաշխիք պիտի ըլլայ: