ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Կազմակեպութեամբ ՀԲԸՄի «Սաթամեան» թատերախումբի վարչութեան, Կիրակի, Սեպտեմբեր 19ի երեկոյեան ժամը 7ին, Փասատինայի Առաջին Նազովրեցի եկեղեցւոյ («PazNaz») հսկայ սրահին մէջ, բացառիկ հանդիսութեամբ մը նշուեցաւ մայէսթրօ Արմէն Մանդակունեանի 60ամեայ ստեղծագործական վաստակի յոբելենական հանդիսութիւնը:
Մեծարանքի ու յարգանքի այս տօնակատարութեան, Տաճատ Ծ. վարդապետ Եարտըմեանի կողքին ներկայ էին ՀԲԸՄի պատասխանատուներէն Թալին Եագուպեան, յոբելեար Մանդակունեանն ու իր կողակիցը, ինչպէս նաեւ ընտանեկան պարագաները, ՀՀ Լոս Անճելըսի հիւպատոսի ներկայացուցիչ Արմելա Շաքարեանը, կազմակերպիչ միութեան Կեդրոնական յանձնախումբի անդամները, քալիֆորնիահայ մամուլի ներկայացուցիչներ, շրջանի հայ երաժիշտներու եւ երգիչներու հոյլ մը եւ աւելի քան հազար մշակութասէրներ, բարեկամներ, երաժշտասէր հասարակութիւն եւ հիւրեր, որոնք եկած էին ականատես ըլլալու յոբելեար վարպետի մեծարանքին, միաժամանակ՝ յայտնելու իրենց երախտագիտութիւնը, սէրն ու յարգանքը հայ երգի ու երաժշտութեան մասնագէտ մշակին:
Յիշենք, թէ ազգային առումով՝ հայ երաժշտութիւնը, առաջին իսկ հերթին, մեր ժողովուրդի ինքնատիպ արտայայտութիւններէն մէկն է եւ հայելին՝ անոր գեղարուսետական մտածողութեան: Այդ երգերուն միջոցով է որ հայ երգիչը, աշուղն ու մասնագէտ երաժիշտ-բանաստեղծը կրցած են արտայայտել իրենց ամէնէն նուիրական զգացումներն ու խոհերը:
Արմէն Մանդակունեան տարիներով երախտապարտ աշխատանք տարած է՝ հայ երաժշտութեան ծառայելով, աւելի բարգաւաճ եւ հարուստ դարձնելով զայն ու գիտակցելով իր սրբազան առաքելութեան: Հաստատօրէն, այդ երեկոյ, ի՛ր իսկ նոր պատմութիւնը կերտուեցաւ:
Ան բոլորովին անծանօթ անուն մը չէ: Շատերու նման ես ալ, մօտէն քաջածանօթ ըլլալով իր անձին, իր համբաւին եւ իր տաղանդին՝ կրնամ վկայել, թէ Մանդակունեանը արուեստագէտի ու բանաստեղծի իր համեստ կեցուածքով, իր ամբողջ տաղանդն ու կարողականութիւնը ի սպաս դրած է մեր ազգային երաժշտական զարգացման դաշտին:
Անցած վաթսուն եւ աւելի տարիներուն՝ հայրենիքի, իսկ 1974էն ետք՝ Սփիւռքի եւ յատկապէս Ամերիկայի մէջ, իբրեւ հմուտ եւ տաղանդաւոր երաժշտագէտ եւ բծախնդիր ղեկավար, Մանդակունեան իրեն հետ պտտցուց, պահեց, պահպանեց, գրեց, հրամցուց եւ ուսուցանեց հայ երգի ու երաժշտութեան հանդէպ իր ունեցած ապրումները՝ ժպտալից նայուածքով, զուարթ խնդակցութեամբ, հարստացնելով մեր երգացանկն ու իր շրջապատի հայու հոգին:
Օրուան յատուկ յայտագիրը, զոր իրերայաջորդ եւ արժանավայել կերպով վարեցին Նունէ Աւետիսեանն ու Յարութիւն Ֆուտուլեանը, սկսաւ հանրածանօթ արուեստագէտ Արմէն Ահարոնեանի կողմէ դաշնակի վրայ Մանդակունեան վարպետի հանրայայտ երգերու կատարումով: Ապա հանդիսավար Աւետիսեան հրաւիրեց յայտագիրի մասնակից բոլոր արուեստագէտները, որոնք բեմին վրայ դիմաւորեցին վարպետը։ Ապա, Տաճատ վրդ. Եարտըմեան ընթերցեց Ամենայն հայոց կաթողիկոսի՝ Մանդակունեանին նուիրած կոնդակը, եւ սրահը յոտնկայս ականատես եղաւ «Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ» շքանշանի տուչութեան:
Իրենց կարգին, նախ Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի հիւպատոսի ներկայացուցիչ Արմելա Շաքարեան Մանդակունեանին յանձնեց ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան «Գրիգոր Նարեկացի» մետալը՝ պատուագիրով միատեղ, ինչպէս նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Կոմիտաս» մետալը։ Ապա Կլենտէյլի քաղաքապետ Արա Նաճարեան յոբելեարին յանձնեց քաղաքապետութեան գնահատագիր-պատուագիրը: Յիշենք նաեւ, որ Հայաստանի յօրինողներու միութիւնը իր կարգին գնահատագիր մը ուղարկած էր։ Նաեւ, յանուն կազմակերպիչ ՀԲԸՄի Կեդրոնական յանձնախումբին, Գրիգոր Սաթամեան Մանդակունեանին յանձնեց յուշանուէր մը, ապա «Սաթամեան» թատերախումբին անունով, վարչութեան ատենապետ Գրիգոր Սիմոնեան գնահատագիր մը յանձնեց անոր:
Յայտագիրի ներկայացման ընթացքին, Նունէ Աւետիսեան եւ Յարութիւն Ֆուտուլեան ասմունքներով եւ բացատրականներով ներկայացուցին յոբելեարն ու ելոյթ ունեցող արուեստագէտ երգիչները, այս ձեւով առաւել փայլք տալով հանդիսութեան: Հանդիսաւոր ու պատմական այս գնահատականներուն ու սրտի անկեղծ խօսքերուն կողքին, յաջորդաբար ելոյթներ ունեցան գաղութի սիրուած երգիչներ, երաժիշտներ ու արուեստագէտներ: Այսպէս՝ մեներգեցին Յովիկ Գրիգորեան՝ «Հայոց տղերք» ու «Հայեացքդ երկնային», Յարութ Փամպուքճեան՝ «Հայրենիքում» ու «Հայաստանցի», Յովիկ Գրիգորեան՝ «Յոյսի նաւակ», Ճորճ Պաղտոյեան՝ «Արեւն իջել է» ու «Սէրս մի մարի», Արտաշէս Սէմէրճեան՝ «Երգ հաւատի», Արտաշէս Աւետեան՝ «Երեւան», իսկ Ռուբէն Յարութիւնեան տուտուկով ներկայացուց «Անուրջ»ը: Բոլոր մեներգներուն ընթացքին, բեմին վրայ տպաւորիչ կերպով պարեր հրամցուցին «Զուարթնոց» պարախումբի անդամները:
Կարճ դադարէ մը ետք, յայտագիրի երկրորդ բաժինով յաջորդաբար ելոյթներ ունեցան Ճորճ Պաղտոյեան՝ «Մեր հայոց լեզուն», Աննա Պոյրազեան՝ «Հայրենիք», Յարութ Փամպուքճեան՝ «Հեռացած ընկերներ», Ռուբէն Թելունց՝ «Վան», Արմէն Յովհաննէսեան՝ «Ղարաբաղ», Աւետիս Ազարեան՝ «Ես եւ դու», Պապին Պօղոսեան՝ «Ով այգեպան», Անահիտ Ներսիսեան՝ «Ծովը ինչ որ բան է ասում», դարձեալ Յարութ Փամպուքճեան՝ «Անցիր այ գետակ», Յովհաննէս Շահպազեան՝ «Սիրելիս», դարձեալ Յովիկ Գրիգորեան՝ «Սարերի աղբիւր», իսկ աւարտին՝ Ռազմիկ Մանսուրեան եւ Աննա Պոյրազեան՝ «Իմ Հայաստան, մայր իմ բարի»: Այս բաժինով եւս «Զուարթնոց»ն ու Մերուժան Մարգարեանը (ջութակ) ընկերացան երգիչներուն:
Հրամցուած մեներգներուն մեծ բաժինը կը պատկանէր վարպետի ստեղծագործութիւններուն՝ թէ՛ խօսքերով եւ թէ երաժշտութեամբ: Իսկ աւելին, թէեւ օրուան յատուկ գրքոյկին մէջ ամէն ինչ պարզուած էր հարազատօրէն, սակայն առ ի յիշեցում ըսենք, որ Միացեալ Նահանգներ իր հասատուելէն ի վեր (1974էն մինչեւ 2005), Արմէն Մանդակունեան մեր երգացանկին հրամցուցած է 42 նոր ստեղծագործութիւններ, որոնք ունենալով մեծ ժողովրդականութիւն՝ ամէն առիթներով հայրենիքի մէջ թէ Սփիւռքի տարածքին կ՛երգուին: Իր այդ երգացանկէն քանի մը ստեղծագործութիւն վարպետը նուիրած էր Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին:
Շքանշաններով զարդարուած կուրծքով, յոբելեար Արմէն Մանդակունեան յուզուած արտասանեց իր սրտի խօսքը՝ երախտագիտութեամբ ըսելով. «Ժողովուրդը պահեց իմ երգերը, որի համար ես երախտապարտ եմ»: Խօսք առաւ նաեւ Մանդակունեանի թոռը՝ Ազատը, որ անգլերէնով արտայայտեց իր եւ ընտանիքին երախտագիտութիւնը:
Աննախընթաց երեկոյ մըն էր, հպարտութիւն առթող բացառիկ ձեռնարկ մը, որ իր երկու բաժինով եւ շուրջ երեք ժամերու վրայ երկարող գեղարուեստական ճոխ յայտագիրով գրաւեց հարիւրաւոր հանդիսատեսներուն միտքն ու հոգին: Մեծապէս ցանկալի էր, որ սոյն հանդիսութիւնը վայելէր նաեւ համագաղութային բնոյթ, որովհետեւ, վերջ ի վերջոյ, սիրելի յոբելեարը կը պատկանի մեր բոլորին՝ հաւասարապէս:
Սրտագին շնորհաւորութիւններ բոլոր կազմակերպիչներուն եւ յայտագիրի մասնակիցներուն: Իսկ մեր սիրելի մայէսթրօ Արմէն Մանդակունեանին կ՛ըսենք՝ վարձքդ կատար, մե՛ծ վարպետ: