ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան ընդունեց Հայաստանի մօտ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Անտրէա Վիքթորին։
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի մէջ յետ-պատերազմեան հարցերուն եւ, մասնաւորապէս, ընթացիկ սահմանային իրավիճակին: Միտքեր փոխանակուեցան նաեւ Եւրոպական Միութեան հետ համագործակցութեան խորացման եւ շարք մը ոլորտներու մէջ փոխգործակցութեան ընդլայնման կարելիութիւններուն վերաբերեալ: