Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան շաբաթ օր Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի, վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեանի հետ մասնակցած է Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով պետական կառավարման համակարգի ներկայացուցիչներուն համար կազմակերպուած ընդունելութեան:
Նախագահ Սարգսեանը շնորհաւորելով ներկաները ընդգծած է, որ 2018-ն յատուկ տարի էր մեր երկրին ու ժողովուրդին համար. «Անիկա պատմական տարի է տարբեր իմաստներով: Եթէ մտածենք, թէ հայը ինչպէս կը բնութագրեն ե՛ւ Հայաստանի մէջ, ե՛ւ դուրսը, կ՛արձանագրենք, որ կը նշեն աշխատասէր, ազնիւ մարդու կերպարը: Ազգ, որ առաջին քրիստոնեան եղած է, որ կրած է 20-րդ դարու առաջին մեծ ողբերգութիւնը` Մեծ եղեռնը: Բայց նաեւ պիտի յիշենք, որ 2018-ին մեր ժողովուրդը կատարեց հսկայական փոփոխութիւններ, որոնք կարելի է գնահատել ե՛ւ իբրեւ թաւշեայ յեղափոխութիւն, ե՛ւ իբրեւ յեղափոխութիւն հայկական ձեւով»:
Հանրապետութեան նախագահը նշած է, որ, միաժամանակ, մեզմէ` իբրեւ երկիր ու ժողովուրդ, աշխարհի սպասելիքները աւելի շատ են. «Մեզմէ պիտի սպասեն նոր յեղափոխութիւններ` տնտեսական, մշակութային, թերեւս նոր, փոքր հրաշքներ: Վստահաբար, նմանատիպ հրաշքներ պիտի սպասէ նաեւ ամբողջ ժողովուրդը»:
Նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է բոլորին, որոնք ազնուօրէն, հայրենասիրաբար, մասնագիտական ձեւով ծառայած են հայրենիքին, պետութեան եւ ազգային շահերուն:
«Կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել հեռացող Ազգային ժողովին, պարոն Բաբլոյեան, ձեզի յատկապէս, կառավարութեան բոլոր անդամներուն: Եւ, վստահ, կ՛ուզեմ առիթը օգտագործել շնորհաւորելու պարոն վարչապետ, ձեզ եւ ձեր գործընկերները` խորհրդարանական ընտրութիւններուն փայլուն յաղթանակ տանելու առիթով: Կ՛ուզեմ շնորհաւորել պարոն Ծառուկեանն ու պարոն Մարուքեանը եւ անոնց գործընկերները` Ազգային ժողովին մէջ իրենց ներկայութիւնը ապահովելու համար:
Անգամ մը եւս բոլորը շնորհաւորելով 2018-ն պատմական տարի դարձնելու համար` նախագահը նշած է. «Կ՛ուզեմ մաղթել, որ 2019-ն ե՛ւ Հայաստանի համար, ե՛ւ միջազգային առումով կրկին ըլլայ հայկական տարի»:
Փաշինեան. «Ինչպէս 2018-ն, Այնպէս Ալ 2019-ն Պիտի Ըլլայ Յաղթանակներու Տարի»
Նոյն ընդունելութեան իր խօսքին մէջ Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորելով ներկաները ըսած է. «Հիմնական հարցը, որ կը ծագի 2019-ի սեմին` հետեւեալն է. արդեօք կրնա՞նք ընել այն, որուն մասին կը խօսինք: Այս հարցը, վստահ, ունի մէկ պատասխան, անիկա դրական է, բայց այդ պատասխանին զուգահեռ գոյութիւն ունին պայմաններ: Այո՛, կրնանք, եթէ մենք կարենանք հաւատալ մեր ուժին, իսկ որպէսզի կարենանք հաւատալ մեր ուժին` անհրաժեշտ է, որ կարենանք հաւատալ մեր առաքելութեան: Մեր կառավարութիւնը առաքելութեան կառավարութիւն է, որ պիտի կատարէ իր առաքելութիւնը, որովհետեւ անիկա ձեւակերպուած է մեր ժողովուրդի անցեալի եւ ապագայի նկատմամբ ունեցած հաւատքի եւ վստահութեան վրայ:
«Այդ առաքելութիւնը ձեւակերպուած է այն ընկալման վրայ, որ չի կրնար ժողովուրդը, որ անցած է հազարամեայ աղէտներով, պարտուիլ, որովհետեւ եթէ անիկա ըլլար պարտուող ժողովուրդ, ապա այդ պարտութիւնը վաղուց հասած պիտի ըլլար: Հետեւաբար, հայ ժողովուրդը յաղթող է եւ հայ ժողովուրդը 2018-ին ապացուցեց ատիկա:
Մենք պէտք է հասկնանք, որ բոլոր այն խնդիրները, առաջադրանքները, որոնք կը ձեւակերպենք` մեզի կ՛առաջադրէ մեր ժողովուրդը: Անոնք բոլորը լուծելի են, եւ մենք պարտաւոր ենք լուծել այդ խնդիրները այն հէնքի վրայ, որ բոլորս պէտք է արձանագրենք եւ հասկնանք` այդ խնդիրներու լուծումը կը գտնուի այստեղ եւ այստեղ (խմբ. ուղեղին եւ սրտին մէջ): Եթէ մենք կարենանք հետեւիլ այս բանաձեւին` միանշանակ մեր առջեւ դրուած բոլոր խնդիրները պիտի լուծենք»:
«Կը շնորհաւորեմ բոլորիս 2018-ի եւ 2019-ի առիթով: Համոզուած եմ, որ ինչպէս 2018-ն, այնպէս ալ 2019-ն պիտի ըլլայ յաղթանակներու տարի, բայց անոնք պէտք է ըլլան շատ աւելի մեծ, շատ աւելի ընդգրկուն եւ շատ աւելի ռազմավարական յաղթանակներ», ըսած է վարչապետի պաշտօնակատարը:
Արա Բաբլոյեան. «Մտանք Քաղաքական Ու Հասարակական Կեանքի Վերափոխումներու Նոր Փուլ»
Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեանը շնորհաւորական ուղերձ յղած է Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով:
Ուղերձին մէջ նշուած է.
«Սիրելի՛ հայրենակիցներ,
Կը շնորհաւորեմ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով, կը մաղթեմ ամենայն լաւն ու բարին:
Աւարտող 2018-ին մենք մտանք քաղաքական ու հասարակական կեանքի վերափոխումներու նոր փուլ: Ունեցանք ե՛ւ լաւ, ե՛ւ դժուարին օրեր: Ու թող 2019-ն դառնայ դէպի ապագան գացող մեր մտայղացումները կեանքի կոչելու տարի:
Բնականաբար, նախ եւ առաջ կը շնորհաւորեմ մեր զինուորները, հրամանատարները, Ամանորը սահմանամերձ բնակավայրերուն մէջ դիմաւորող մեր հայրենակիցները, որոնք կը պաշտպանեն այս երազած ու յաղթական խաղաղութիւնը:
Տօնական այս օրը կը ցանկամ, որ ամանորեան եղեւնիները զարդարող շղթաները նաեւ լուսաւորեն ժողովրդավարական պետութիւն ու քաղաքացիական հասարակութիւն ստեղծելու մեր ընտրած ճամբան:
Կրկին շնորհաւորելով Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով` կը մաղթեմ, որ սկսող 2019-ն դառնայ առողջութեան, բարեկեցութեան, հայոց պետականութեան հետագայ ամրապնդման, տնտեսութեան, մշակոյթի, գիտութեան ու կրթութեան զարգացման եւ մեր երազանքներու իրականացման հերթական տարին»: