ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Զօրեան հիմնարկի` Հայոց Ցեղասպանութեան բանաւոր պատմութեան հաւաքածոյի հարցազրոյցներէն մէկուն` Օրորա Մարտիկանեանի վերաբերող հարցազրոյցին հիման վրայ պատրաստուած է «Արշալոյսի Լուսաբացը» շարժանկարը (animation) ժապաւէնը, որ այժմ կը մասնակցի «Էննեսի» շարժապատկերի միջազգային փառատօնին: Լուրը հաղորդեցին «Հայաստանի Զօրեան հիմնարկ» հետազօտութիւններու եւ զարգացման միջազգային հիմնարկէն:
Հիմնարկը նաեւ կը տեղեկացնէ, որ «Արշալոյսի Լուսաբացը» վաւերագրական շարժանկար է Արշալոյս-Օրորա Մարտիկանեանի կեանքին մասին: 1915ին, ընդամէնը 14 տարեկանին ան ապրած է Հայոց Ցեղասպանութեան սարսափները: Մէկ տարուան ընթացքին՝ ականատես ըլլալով իր ընտանիքի բոլոր անդամներու մահուան, Արշալոյսը կորսնցուցած էր ամէն ինչ եւ վաճառուած թրքական կանանոցին: Սակայն իր բացառիկ խիզախութեամբ եւ յաջողութեամբ ան կրցած է փախուստ տալ եւ հասնիլ Ամերիկա, ուր իր պատմութիւնը դարձած է ցնցիչ:
Այս ժապաւէնով «Զօրեան» հիմնարկի նպատակն է՝ ներկայացնել հիմնարկի` Հայոց Ցեղասպանութեան բանաւոր պատմութեան հաւաքածոյի վկայութիւնները մեծ պաստառի վրայ` վաւերագրական շարժանկարի միջոցով, փոխանցել Ցեղասպանութենէն վերապրածներու պատմութիւնները երիտասարդ սերունդներուն` յատկապէս աղջիկներուն, հզօրացնել զանոնք եւ ներկայացնել անոնց նախնիներուն ապրած մեծ դժբախտութիւնները եւ բռնութիւնները:
2015ին` Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին, «Զօրեան» հիմնարկը համագործակցութեան պայմանագիր կնքեց Հայաստանի մէջ գործող «Բարս Մեդիա» մշակութային հիմնարկին հետ` Ա. Մարտիկանեանի վկայութեան հիման վրայ շարժանկար պատրաստելու նպատակով:
Այս ժապաւէնը կեանքի կոչուած է Հայաստանի «Զօրեան» հիմնարկի պատասխանատուներու գիտական աջակցութեամբ եւ հիմնուած է հիմնարկին՝ Ցեղասպանութեան բանաւոր պատմութեան արխիւին մէջ պահուող հարցազրոյցին վրայ, որ կատարուած է 29 Յունուար 1984ին:
Ժապաւէնին բեմադրիչն է Իննա Սահակեան: Անիկա պատրաստուած է Վարդան Յովհաննիսեանի կողմէ ղեկավարուող «Բարս Մեդիա»ի, Gebrueder Beetz Filmproduktion & Artbox Laisvalaikio Klubas-ի կողմէ, Eurimages-ի, Հայաստանի «Զօրեան» հիմնարկի եւ Հայաստանի ազգային շարժապատկերի կեդրոնի ֆինանսական համագործակցութեամբ, եւ Lithuanian Film Center, ZDF/ARTE, Հայաստանի հանրային պատկերասփիւռի ընկերութեան եւ LRT-ի աջակցութեամբ: