ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Պերլինի մէջ կայացող ճատրակի աշխարհի ախոյեանութեան յաւակնորդներու մրցաշարքի չորրորդ մրցումին, Լեւոն Արոնեան արձանագրեց իր առաջին յաղթանակը՝ պարտութեան մատնելով ռուս Սերկէյ Քարիաքը։
Նշենք, որ ան հաւասարութեամբ աւարտած էր չինացի Տին Լիրենի եւ ատրպէյճանցի Շահրիար Մամետեարովի դէմ մրցումները, իսկ երրորդ մրցումին պարտութիւն կրած էր ռուս Վլատիմիր Քրամնիքէն:
Չորս խաղերէն ետք առաջատար է իտալական արմատներով ամերիկացի Ֆապիանօ Քարուանան, որ ունի 3 կէտ։ Կիսական կէտով իրմէ ետ կը մնան Քրամնիքն ու Մամետեարովը։
Լեւոն Արոնեանի յաջորդ մրցակիցը ռուս Ալեքսանտր Կրիշչուքն է։