Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ Ազատ Գասպարեանը «Նայիրի» բժշկական կեդրոնի վերակենդանացման բաժանմունքը փոխադրուեցաւ։ Այս մասին տեղեկացուց «qahana.am» կայքէջի «Դիմատետր»ի պաշտօնական էջը, դիտել տալով , թէ Շահէ քահանայ Հայրապետեանը 31 Յուլիսին, Սուրբ հաղորդութիւն տուած է Գասպարեանին եւ աղօթած՝ անոր ապաքինման համար:
Լրատուամիջոցներուն կողմէ Յուլիսի սկիզբը կրկին տեղեկութիւն շրջան կ՛ընէր, թէ սիրուած դերասան Գասպարեանը բժշկական քննութեան ենթարկուելու նպատակով փոխադրուած է հիւանդանոց:
Ազատ Գասպարեան շարժապատկերի եւ թատրոնի նշանաւոր դերասան է, պետական մրցանակի դափնեկիր, Եւրոպայի բնական գիտութիւններու ակադեմիոյ անդամ: