Այս գաղափարին հետեւելով` Սփիւռքահայ ուսանողներու խորհուրդի Հոգեբանական ակումբը երկու ամիս առաջ սկսաւ դասընթացք մը բուժում արուեստի միջոցով : Բուժում արուեստի միջոցով, կ’օգնէ կողմնորոշուիլ յոյզերու խճճուած աշխարհին մէջ, աւելի լաւ ճանչնալ սեփական ես-ը: Տեղի ունեցած ութ հանդիպումներու ժամանակ դասընթացքի մասնակիցները կաւի, նկարչութեան միջոցով փորձած էին հասնիլ հոգեկան հաւասարակշռութեան, խաղաղութեան:
Մայիս 15-ին Ամերիկեան համալսարանի շէնքին մէջ տեղի ունեցաւ դասընթացքի վերջին հանդիպումը: Մասնակիցները եւ դասընթացքի խմբավար Ասիա Ղազարեան ամփոփեցին հանդիպումներու արդիւնքով ստացած տպաւորութիւնները: Դասընթացքին սկիզբը մասնակիցները նկարներ նկարած էին, ուր տարբեր պատկերներու միջոցով ներկայացուցած էին իրենց յոյզերն ու զգացումները, ատոնց տեղաբաշխումը մարմնին մէջ: Վերջին հանդիպման ժամանակ բժիշկը բաժնեց բոլորի նկարները եւ ներկայացուց վերլուծութիւն` ըստ նկարած պատկերներու, նկարագրեց հեղինակներու յոյզերը, թէ ինչ զգացած են նկարելու ժամանակ: Մասնակիցները նշեցին, որ հանդիպումներու ժամանակ շատ մեծ բաւականութիւն ստացած են, լիցքաւորուած են դրական զգացումներով, նաեւ ձեռք բերած նոր ընկերներ:
Լիլիթ Հայրապետեան