Անգլիոյ Փըրըմիէր Լիկ-ի ախոյեանութեան մրցումներուն գծով, Արսենալ սեփական դաշտին մէջ ընդունեց Ուեսթ Համ Եունայթըտը եւ 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:
Կապրիէլ Մարթինելի եւ Էմիլ Սմիթ Ռաու նշանակեցին «Կանըրզ»ներուն կոլերը: Շնորհիւ սոյն յաղթանակին Արսենալ՝ 29 կէտով ընդհանուր դասաւորման 4-րդ դիրքին բարձրացաւ: Ուեսթ Համ Եունայթըտ՝ 28 կէտով 5-րդ դիրքը կը գրաւէ: