Մեր իրականութիւնը լեցուն է տարբեր մտահոգութիւններով եւ երեւոյթներով: Ոմանց դրդապատճառը արտաքին է: Այսքանը հասկնալի է: Շատ մը երեւոյթներու պատճառներ ներքին են: Կը խուսափինք խոստովանելու այս մէկը: Դիւրին է միայն արտաքին գործօններու վրայ բեռցնել մեր ընկերութեան մէջ աւանդութեան վերածուած խոցելի երեւոյթներուն պատասխանատուութիւնը: Սակայն որքան ալ փորձենք մենք զմեզ համոզել, այս մէկը պիտի մնայ ժամանակաւոր: Առաւելագոյնը՝ կարկտան լուծում: Այսօրինակ լուծումը, անտարբեր ձեւանալը՝ պատասխանատուութենէ խուսափելու ինքնախափէութիւն է պարզապէս: Մեր հիմնական թուլութիւններէն մէկը դարձած է հարցեր քննարկել, եզրակացութեան հասնիլ, առանց ոեւէ մէկը վշտացնելու նախապամայնով, այսինքն՝ խուսափիլ ճշմարտութենէն: Խօսիլ, խօսելու սիրոյն, բայց առանց խորապէս քննարկելու հարցին լրջութիւնը, պատասխանատուութեան բաժինները, սխալ եզրակացութիւններու հետեւանքը:Առաւելագոյնը՝ ազատօրէն կը խօսինք, առարկայական քննարկումներէն չենք զլանար, նոյնիսկ ախտաճանաչումը կը կատարենք, բայց երբ հարցը կը հասնի եզրակացութեան՝ այնտեղ կը զլանանք դարմաններէն, «որովհետեւներ» ծագելու պատճառով….: Շատ յաճախ հարցերու կը մօտենանք ի սկզբանէ «Ինծի Ինչ»ի դիտանկիւնէն: Խուսափինք ճշմարտութիւններէն եւ փորձենք պահուըտիլ մեր մատին ետին, պարզապէս կեղծ համեստութիւն մը եւ կամ բարոյականութիւն մը արտայայտելու մխիթարութեամբ: Սակայն, ի վերջոյ ժողովուրդին վստահութիւնը վայելող, անոր ծառայելու պատրաստակամութիւն յայտնող անհատ կամ՝ իշխանութիւն, պատասխանատուութիւն մը ունի ստանձնելիք հաւաքական մտահոգութիւններուն առջեւ:
Սփիռւքահայ իւրաքանչիւր համայնք ունի իր վաղեմի եւ առօրեայ մտահոգութիւնները՝ ազգային, կրթական, եկեղեցական եւայլն: Երբ կը խօսինք այս մասին, շատեր ճշմարտութիւնները գիտնալով հանդերձ, անախորժութիւն կը զգան, երբ հարցը կը հասնի լուծումներու իրողութեան: Ընդհանրապէս մեծամասնութեամբ կը խուսափինք վճռական պահուն պատասխանատուութիւն կրելու, այսինքն՝ «գէշ մարդ» ըլլալու կարգավիճակէն:
Այսպէս է ազգային – ընկերային կեանքը: Երեւոյթներ կը տեսնենք, կը դիտենք, յաճախ ականատեսը ու մասնակիցը կը դառնանք, սակայն վճռական պահուն փախուստ կու տանք ճշմարտութենէն:
Միեւնոյն հոգեբանութիւնը կը գործէ նորանկախ Հայաստանի մէջ: Նորանկախ մեր հանրապետութիւնը ունեցաւ ազգընտիր երեք նախագահ:Նախընտրական բազմաթիւ խոստումներ լսեցինք բոլորէն: Արդար ըլլալու համար, խոստումները իրագործելու տրամադրութիւն ալ շօշափած ենք բոլորին մօտ, սակայն պետականութիւն կերտելու գաղափարախօսութիւնը մեր ժողովուրդին բարոյահոգեբանական հասկացողութեան մէջ կը մնայ անհասանելի, որովհետեւ՝ անձներու հայեցողութեան ճակատագրին յանձնուած է պետականութիւնը վարելու եղանակը եւ ոչ՝ սահմանադրական եւ իրաւական կառոյցներու գերիշխանութեան վրայ: Երբեւիցէ յաւակնութիւնը չունինք քննարկելու հայրենի աւագանիին աշխատանքն ու նուիրումը: Մեր ակնարկը կը վերաբերի տիրող մթնոլորտին ու հոգեբանութեան հետեւանքներուն: Անձերէ վեր եւ անձերէ հեռու: Հայաստանի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան, ընկերային, տնտեսական հարցերու վերաբերեալ ունինք մեր սեփական տեսակէտները, որոնք կրնան համընկնիլ կամ՝ անյարիր ըլլալ տուեալ նախագահին մօտեցումներուն: Հարցը չի վերաբերիր տեսակէտներու տարբերութեան: Մեր խօսքը կը վերաբերի տխուր երեւոյթի մը, աղէտի չափանիշներու հասած մտահոգութեան մը գործած հետեւանքներուն: Համազգային ողբերգութիւն մը, որ ներքնապէս կը հիւծէ ու կը տագնապեցնէ մեզ՝ արտագաղթը…: Հայաստանը լքելու եւ արտերկիր մեկնելու հայ անհատին
որոշումը սարսռալու աստիճան կը շանթահարէ մեզ: Ատրպէյճանի նախագահն անգամ հայուն արտագաղթին վրայ դրած է իր գրաւը: Մարդուժի, ուղեղներու հոսքը կը պարզէ սխուր ցուցանիշ: Որքան ալ փորձենք ծածկել, որքան ալ փորձենք մեղմացնել, անտարբեր ձեւանալ, գոռացող ճշմարտութեան մը առջեւ չենք կրնար մենք զմեզ խուլ ձեւացնել: Նախանձախնդիր իւրաքանչիւր հայու պարտականութիւնն է հարց բարձրացնել այս մտահոգիչ երեւոյթին շուրջ եւ դարմաններ փնտռել: Հայը ինչո՞ւ պիտի լքէ հայրենիքը, այնպիսի յաճախականութեամբ, որ Ալիեւի նման հրէշ մը հայաթափաումի վրայ դնէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծումը: Հաւաքական պատասխանատուութիւն մը կայ այստեղ, որուն համար անհրաժեշտ է համազգային,առարկայական մօտեցում: Վիճակագրական տուեալները որքան ալ ծածկենք, իրողութիւն մը կայ պահուած: Ճիշդ այս պատճառով, անգամ մը եւս կը կրկնենք. Ինքզինք սպառած ընդդիմութիւն մը եւ քաղաքական կրկէսին ծանօթ անուններ մեղսակցութեան մեծ բաժին մը ունին համազգային այս տխուր կացութեան առջեւ: Ժամանակն է, որ համազգային սեղանի վրայ քննարկենք արտագաղթը, անոր պատճառները եւ որոնենք լուծումները: Արտագաղթը լուռ բայց հիւծող ցաւ է: Խօսելու ժամանակը սպառած: Հրեաները օտարներու հայրենիքը բռնագրաւելով հանդերձ, մինչեւ օրս «Դէպի հայրենիք» կարգախօսի տակ միջազգային համաժողովներ եւ ազգահաւաք կը կազմակերպեն: Մեր արդար իրաւունքն է մնայուն ահազանգել այս յոյժ մտահոգիչ կացութեան առջեւ ու պահանջել հրատապ լուծում:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ