Արտաքին եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբը երէկ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան Ֆատի Ալամէի եւ ներկայութեամբ` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, ինչպէս նաեւ յանձնախումբի անդամ երեսփոխաններ Նատա Պուսթանիի, Ուաէլ Ապու Ֆաուրի, Ինայա Իզզէտտինի, Ալի Ամմարի, Սելիմ Սայէղի, Ալի Օսէյրանի, Ատնան Թրապուլսիի, Նաամաթ Աֆրամի, Իպրահիմ Մուսաուիի, Հասան Իզզէտտինի, Էլիաս Խուրիի, Նասեր Ժապերի, Միշել Տուէյհիի, Միշել Մըրի եւ Ռամի Ֆանժի:
Հանդիպումէն ետք Ալամէ շեշտեց, որ Արտաքին եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբը գումարեց իր առաջին նիստը, որուն նպատակն էր աշխատանքային ծրագիր մը ճշդել եւ գործադրել զայն` նկատի ունենալով երկրին ներքին եւ արտաքին կարիքները:
Ալամէ նշեց, որ նիստին ընթացքին որոշ համախոհութիւն մը կար յանձնախումբին կատարելիք աշխատանքին մասին:
Ան յայտնեց, որ յանձնախումբը անհրաժեշտ գտած է հանդիպում մը ունենալ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարին հետ` իմանալու համար Լիբանանի դիմագրաւած մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ ընդգծած է դիւանագիտական հանդիպումներու եւ արտերկրի լիբանանցիներուն հետ գործակցելու աշխուժացումը:
Ալամէ յայտնեց, որ յանձնախումբը շաբաթական դրութեամբ իր նիստերը պիտի գումարէ` սերտելու համար լիբանանցիներուն միջեւ գտնուող գերզգայուն խնդիրները, եւ պիտի ջանայ անոնց տրամաբանական լուծումները գտնել: