«Արմինըն Նէյվի Պենտ» ժողովրդային – ճազային խումբը իր սիրահարներուն ներկայացուց երկու նոր ձայնասկաւառակներ: Խումբի հիմնադիր Առտօ Թունճպոյաճեան նշեց, թէ ձայնասկաւառակին մէջ ամփոփուած են իր տարբեր տարիներու ստեղծագործական փորձերը: «Երաժշտութիւնը նման է խնձորի, ոմանց համար ան կրնայ նոր երեւիլ, ոմանց համար՝ ոչ այնքան».-համեմատականներ տալով նշեց երաժիշտը: Ան ըսաւ, թէ խումբը նոր տեսահոլովակի մը պատրաստութեան լծուած է ներկայիս:
Թունճպոյեաճեանը հանրածանօթ եւ հեղինակաւոր անուն է երաժշտական աշխարհին մէջ: Ան երկար տարիներ ընկերակցած է գերաստղերու: Արտօ ծնած է Թուրքիա, 1957-ին: 1981-ին փոխադրուած է Միացեալ Նահանգներ : 1998-ին հիմնած է Արմինըն Նէյվի Պենտ խումբը եւ յաջողած է նուաճել երաժշտասէրներու յարգանքը: