ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- 25 Նոյեմբերին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան հեռաձայնային զրոյցներ ունեցաւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներ Իկոր Փոփովի (Ռուսիա), Սթեֆան Վիսքոնթիի (Ֆրանսա) եւ Էնտրիւ Շոֆըրի (Միացեալ Նահանգներ) հետ: Այս մասին հաղորդեց նախարարութեան կայքը:
Նախարար Այվազեան ընդգծեց Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ հրադադարի հաստատման եւ Արցախի մէջ խաղաղապահներու տեղակայման կարեւորութիւնը:
Նախարարը եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները անդրադարձան Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամի պայմաններուն մէջ արցախահայութեան շահերու պաշտպանութեան եւ իրաւունքներու վերականգնման` այդ պարունակին մէջ շեշտելով միջազգային համապատասխան կազմակերպութիւններուն տեղւոյն վրայ աշխատանքներուն ներգրաւման անհրաժեշտութիւնը:
Արա Այվազեան ընդգծեց ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահութեան` որպէս միջնորդութեան միջազգային իրաւասութիւն ունեցող միակ ձեւաչափի շարունակականութեան ապահովման կարեւորութիւնը:
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղ գործընթացին վերաբերող հարցերու եւ համանախագահներու յառաջիկայ ժամանակացոյցնի շուրջ։