Արցախի զբօսաշրջային հնարաւորութիւնները ներկայացուած էին Սպանիոյ մայրաքաղաք Մատրիտի մէջ յունուար 17-21 կայացած «Ֆիտուր» միջազգային զբօսաշրջային 38-րդ ցուցահանդէսին: ԱՀ մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան պատուիրակութիւնը Արցախի գրաւիչ ու բազմաբնոյթ զբօսաշրջային արդիւնքը ներկայացուց Հայաստանի հետ միասնական տաղաւարին մէջ:
Ինչպէս կը տեղեկանանք ԱՀ մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան ֆէյսպուքեան էջէն, ցուցահանդէսին ընթացքին մեծ թիւով այցելուներու մասնակցութեամբ կազմակերպուած է նաեւ արցախեան գինիի համտեսում, որուն ընթացքին Արցախի պատուիրակութեան կողմէ ներկայացուած են արցախեան գինեգործութեան աւանդոյթները եւ գինիի ուղիներու մասին տեղեկութիւններ:
ԱՀ մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան աջակցութեամբ ցուցահանդէսին մասնակցութիւն ունեցած են նաեւ Արցախի Հանրապետութեան մէջ հաշուառուած զբօսաշրջային համակարգողներ եւ մասնագիտացուած կազմակերպութիւններ:
«Ֆիտուր-2018»-ը Եւրոպայի մէջ կազմակերպուող նմանատիպ ցուցահանդէսներէն խոշորագոյններու շարքին է: Այս տարի ցուցահանդէսին մասնակցած է աւելի քան 10.000 ընկերութիւն 165 երկիրներէ, իսկ այցելուներու թիւը կազմած է մօտ 140.000, բարձր ցուցանիշ արձանագրելով նախորդ տարիներուն համեմատ: