ԹԵՀՐԱՆ.- Իրանի խորհրդարանի անդամ Ահմատի Պիղաշ խորհրդարանական նիստի մը ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ անդրադարձաւ արցախեան պատերազմին, Թուրքիոյ վարած արտաքին քաղաքականութեան եւ քննադատեց Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանը: «Իրան Ինթըրնեշընըլ» կայքը կը գրէ, թէ իր խօսքին մէջ երեսփոխանը նշեց, թէ իրանցի հիւլէական գիտնականներուն դէմ կատարուած մահափորձերը նաեւ Էրտողանի վարած քաղաքականութեան արդիւնքն են:
Ան անդրադարձաւ նաեւ արցախեան վերջին պատերազմին եւ կարծիք յայտնած, որ ուժերու հաւասարակշռութիւնը պահպանելու համար Իրան պէտք էր Հայաստանին աջակցէր։