Արցախի եւ Հայաստանի պետութեանց կողմէ Լիբանանահայութեան համար ղրկուած սննդամթերքի օժանդակութիւնը արդէն իսկ Թեմիս եկեղեցիներուն խողովակով կը բաժնուի մեր ժողովուրդին:
Արդարեւ, Լիբանանի միջազգային օդակայանէն ներս ստանձնելէ ետք վերոնշեալ օժանդակութիւնը (որ առաւելաբար կը պարունակէր տեսակաւոր անուշի պահածոներ եւ բուսական ձէթ), 11 եւ 12 Օգոստոս 2020-ին, Ազգային Առաջնորդարանը նախ առանձնացուց Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական համայնքներուն բաժինը եւ ապա՝ Ազգային Միացեալ Վարժարանի եւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի աշակերտներուն աջակցութեամբ պատրաստեցին 2000 ընտանիքներու համար կապոցներ, որոնք 13 Օգոստոսէն սկսեալ, շրջաններու թաղական խորհուրդներուն միջոցաւ սկսան բաժնուիլ մեր հայրենակիցներուն:
Այս առթիւ, մեր շնորհակալութիւնը կը յայտնենք Արցախի ու Հայաստանի մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ