Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ:
Այս մասին Արայիկ Յարութիւնեան գրած է Դիմատետրի իր էջին վրայ:
«Հետաքրքրուած եմ ստեղծուած իրավիճակով, տեղւոյն հայկական համայնքին ունեցած կորուստներով: Վեհափառէն խնդրած եմ նաեւ մեր խորին ցաւակցութիւնները յայտնել ողբերգութեան պատճառով զոհուած մեր հայրենակիցներու հարազատներուն, Լիբանանի բարեկամ ժողովուրդին` բոլոր վիրաւորներուն շուտափոյթ ապաքինում մաղթելով:
Անգամ մը եւս զօրակցելով լիբանանահայ մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն` այս օրհասական պահուն բոլոր կարելի միջոցներով աջակցելու պատրաստակամութիւն յայտնած եմ: Արցախը Լիբանանի հետ է», գրած է նախագահ Յարութիւնեան: