Համայն հայութիւնը տագնապալից պահեր կ’ապրի այս ժամերուն, հայկական դիրքերու վրայ ազերիական անակնկալ յարձակումին պատճառով: Վստահ ենք, որ մեր քաջարի բանակը պիտի յաջողի ետ շպրտել թշնամին եւ լիարժէք պատասխան տալ անոր ծաւալապաշտական արկածախնդրութիւններուն:
Այս առիթով անգամ մը եւս կը վերահաստատենք Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքին, հայրենիքի վերելքին եւ բարգաւաճումին աւանդական մեր զօրակցութիւնը
Մեր խորազգած ցաւակցութիւնը հայրենիքի հողին պաշտպանութեան ի խնդիր ինկած քաջարի նահատակներուն եւ խաղաղ բնակիչներուն: Ոչ ոք կրնայ մոռնալ հայրենիքի համար իրենց գերագոյնը զոհելու անոնց անսակարկ նուիրումն ու խիզախութիւնը:
Արցախը կը պատկանի հայ ժողովուրդին եւ պիտի մնայ հայ ժողովուրդին: Թուրք-ազերիական բոլոր սադրանքները դատապարտուած են ձախողութեան:
Բիւր յարգանք հայրենիքի բոլոր նահատակներուն եւ անոր սահմաններուն անվտանգութիւնը երաշխաւորող մեր քաջարի բանակին: