«Հիմքեր չկան ենթադրելու, որ Ազէրպայճան պիտի չկրկնէ նախայարձակի իր փորձը»
Արցախի Արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան Պարսելոնայի «Nationalia» լրատու գործակալութեան հետ ունեցած հարցազրոյցին յայտնած է, որ եթէ հաշուի առնենք այն հանգամանքը, թէ Ազէրպայճան ի՛նչ ծաւալներով կը համալրէ իր զինանոցը, պարզ կը դառնայ, որ այդ երկիրը զէնք կը գնէ ոչ թէ պահեստի մէջ պահելու, այլ օր մը օգտագործելու մտադրութեամբ:
“Ազէրպայճան ամէն մէկ առիթ կ՚օգտագործէ փորձարկելու եւ ստուգելու՝ արդեօք ճիշդ ժամանա՞կն է նոր նախայարձակում սկսելու համար: Մենք տեսանք այդ նախայարձակման արդիւնքը՝ 2016 Ապրիլին, եւ վերջերս՝ Յուլիս 12-ին, հայ-ազէրպայճանական սահմանին՝ Հայաստանի Տաւուշի մարզին մէջ: Երկու պարագաներուն ալ Արցախի եւ Հայաստանի պաշտպանական ուժերը համարժէք պատասխան տուին։ Հիմքեր չկան հաւատալու, որ Ազէրպայճան կրկին անգամ պիտի չձեռնարկէ նման փորձի, երբ զգայ, որ բաւական հզօրացած է։ Իհարկէ, մենք այդ կը գիտակցինք եւ Արցախի Պաշտպանութեան բանակը պատրաստ է ետ մղելու որեւէ նախայարձակում”,– յայտարարած է ԱԳ նախարարը։
Այն հարցումին, թէ արտաքին գործոց նախարարութիւնն ու ընդհանուր առմամբ Արցախի կառավարութիւնը ձեռնարկա՞ծ են արդեօք միջազգային դիւանագիտական ասպարէզի մէջ Հանրապետութեան դիրքերը ամրապնդելու ուղղութեամբ քայլեր առնելու՝ նկատի առնելով այն փաստը, որ Արցախը տակաւին ճանչցուած չէ, Մայիլեան պատասխանած է. “Մեր նախարարութիւնը, եւ, ընդհանրապէս Արցախի իշխանութիւնները կ՚ընեն առաւելագոյնը՝ աշխարհին ներկայացնելու կացութեան իրական պատկերը: Անկախության հռչակումէն ի վեր մեր հանրապետութեան դիրքորոշումը անփոփոխ մնացած է: Մենք միշտ կողմ եղած ենք հակամարտութեան բացառապէս խաղաղ լուծման։ Այս դիրքորոշումը ներկայացուցած ենք բազմաթիւ առիթներով՝ թէ հրապարակաւ եւ թէ ԵԱՀԿ ներկայի նախագահի ու Մինսքի խումբի համանախագահներու հետ հանդիպումներու ընթացքին։ Մենք չենք թաքցներ այն փաստը, որ խաղաղութիւն կ՚ուզենք, միեւնոյն ժամանակ, գիտակից ենք, թէ ինչ նկատի ունէր լատին փիլիսոփան` նշելով «Si vis pacem, para bellum – Խաղաղութիւն կ՚ուզես պատրաստ եղիր պատերազմի»:
Երբեմն տարածաշրջանին վրայ նոյնիսկ հայեացք մը կը բաւէ՝ հասկնալու հակամարտութեան գօտիին մէջ տեղի ունեցող զարգացումներու հիմքին ինկած իրականութիւնը: Ինչպէս յայտնի է, վերջերս Պաքուի մէջ հազարաւոր ցուցարարներ Ազէրպայճանի կառավարութենէն կը պահանջէին լայնածաւալ պատերազմ սկսիլ: Արդարութեան համար, սակայն, հարկ է նշել, որ երկրի խորհրդարանի շէնքը ներխուժած ցուցարարները ունէին նաեւ հակակառավարական օրակարգ: Այդ պարզապէս ցոյց կու տայ, թէ ի՛նչ դեր կը խաղայ հակամարտութիւնը Ազէրպայճանի ներքին կեանքին մէջ, եւ ազէրպայճանական հասարակութիւնն ու կառավարութիւնը որքանով պատրաստ են խաղաղութեան կամ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման։
Հնարաւոր չէ խաղաղութեան հասնիլ միակողմանիօրէն, ատոր պէտք է ձգտին հակամարտութեան բոլոր կողմերը: Եւ անկախ անկէ, որ մենք բազմիցս յայտարարած ենք մեր դրացիներուն հետ խաղաղութեան հասնելու պատրաստակամութեան մասին, վերջիններս պէտք է ընկալեն եւ տրամադիր ըլլան խաղաղութեան: Ցաւօք, տարիներ շարունակ Ազէրպայճանի մէջ հակահայկական տրամադրութիւնները պետական քաղաքականութեան մաս կը կազմեն, եւ Ազէրպայճան իր բնակչութիւնը խաղաղութեան փոխարէն նախապատրաստած է պատերազմի: Եւ սա է այն իրականութիւնը, որով միջազգային հանրութիւնը պէտք է զբաղի: Անկախ այն փաստէն՝ երկիրը ճանչցուած է, թէ ոչ, մենք, առաջին հերթին, պէտք է մտածենք ժողովուրդի մասին: Մենք այդ առումով կ՚ապահովենք ոչ միայն մեր ժողովուրդի անվտանգութիւնը, այլեւ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան նպաստող կառուցողական դեր կը կատարենք”։
Ինչ կը վերաբերի այն կարծիքին, թէ 2018-ին Հայաստանի մէջ Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութեան գալով ճամբայ բացուած է Ազէրպայճանի հետ երկկողմանի համաձայնագրերու կնքման նոր հեռանկարներու համար, ինչը, ի վերջոյ, կրնայ յանգեցնել խաղաղ բանակցութիւններու յառաջընթացին, Մայիլեան նշած է. “Ես արդէն յայտնեցի, թէ կարելի չէ միակողմանիօրէն խաղաղութեան հասնիլ։ Ազէրպայճան նոյնպէս պէտք է աշխատի յանուն խաղաղութեան, ինչպէս նաեւ վստահութեան միջավայրի ձեւաւորման, ինչ որ առիթ կու տայ յառաջ մղելու խաղաղութեան գործընթացը։ Առանց ուժի կիրառման բացառման եւ խաղաղ բանակցութիւններու վերսկսման համար կառուցողական միջավայրի ձեւաւորման, իրավիճակը պիտի չբարելաւուի։ Եւ ամէնէն կարեւորը այն է, որ Ազէրպայճանը պէտք է մէկընդմիշտ հասկնայ, որ առանց բանակցութիւններու եռակողմ ձեւաչափի վերականգնման՝ Արցախի Հանրապետութեան ուղղակի մասնակցութեամբ, միամտութիւն կ՚ըլլայ որեւէ շօշափելի յառաջընթաց ակնկալել խաղաղ գործընթացին մէջ։ Թոյլ տուէք յիշեցնել, որ մինչ օրս խաղաղութեան գործընթացին մէջ միակ նշանակալի ձեռքբերումը 1994 Մայիս 12-ի հրադադարի անժամկէտ համաձայնագրի ստորագրութիւնն է, երբ Արցախը կը մասնակցէր բանակցութիւններուն։ Քանի որ կրակի եւ ռազմական գործողութիւններու դադրեցման մասին համաձայնագիրը ստորագրուած է հակամարտութեան երկու հիմնական կողմերէն մէկուն՝ Արցախի կողմէ, հետեւաբար տրամաբանական է, որ խաղաղութեան պայմանագիրը նոյնպէս պէտք է ստորագրուի Արցախի կողմէ։ Հրաժարիլ այս փաստէն, կը նշանակէ միտումնաւոր կերպով մերժել խաղաղութիւնը։
Ազէրպայճան եւ միջազգային համապատասխան կազմակերպութիւնները պէտք է աշխատին Ազէրպայճանի մէջ մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան հետ կապուած իրավիճակի բարելաւման ուղղութեամբ։ Անոնք պէտք է նպաստեն երկրի ժողովրդավարական զարգացման եւ ազէրպայճանական հասարակութիւնը իրազեկ պահեն խաղաղութեան առաւելութիւններու եւ ոչ թէ պատերազմի մասին”։ ■