ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- 30 Ապրիլին, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը գումարեց լիագումար նիստ:
Նախքան շրջանառութեան մէջ դրուած քանի մը օրինագիծերու քննարկումը, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Ազգային ժողովի նիստին հանդէս եկաւ Արցախի նախագահի 2019ի ծրագիրի կատարման ընթացքին ու արդիւնքներուն եւ 2020ի Յունուարէն մինչեւ Արցախի նախագահի լիազօրութիւններու աւարտը ծրագիրի կատարման վերաբերեալ զեկուցումով։
Բակօ Սահակեան ներկայացուց իրականացուած աշխատանքները` ըստ առանձին ուղղութիւններու, եւ նշեց, որ 2019ին հանրապետութեան կենսագործունէութեան բոլոր ոլորտներուն մէջ իրականացուած է լայնածաւալ աշխատանք, արձանագրուած են դրական ցուցանիշներ եւ ապահովուած է կայուն յառաջընթաց, որուն կարեւորագոյն ցուցանիշներէն է 10.3 տոկոսի տնտեսական աճը:
Զեկոյցին եզրափակիչ մասին մէջ Արցախի նախագահ Սահակեան անդրադարձաւ իր պաշտօնավարման ընթացքին Արցախի Հանրապետութեան զարգացման շարք մը հիմնական ցուցանիշները:
Տարեկան գործունէութեան ծրագիրին վերաբերեալ հարցադրումով հանդէս եկած Ազգային ժողովի փոխնախագահ, «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Վահրամ Բալայեան բարձրացուց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրովի յայտարարութեան հարցը, ըստ որուն, ղարաբաղեան տագնապի կողմերուն ներկայացուած է լուծման փուլային տարբերակ ենթադրող նախագիծ:
Պատասխանելով հարցումին՝ Սահակեան նշեց, որ բանակցային սեղանին չկայ քննարկուող փաստաթուղթ, սակայն Արցախի իշխանութիւնները պիտի գործադրեն դիւանագիտական կարողութիւններ եւ պիտի շարունակեն համագործակցութիւնը համազգային ճակատի վրայ գործունէութիւն իրականացնող կազմակերպութիւններուն հետ:
Նշենք, որ գործող խորհրդարանին լիազօրութիւնները պիտի դադրեցուին 21 Մայիսին: