ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը միաձայնութեամբ ընդունեց ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահութեան՝ ՄԱԿին եւ համապատասխան կառոյցներուն դիմելու մասին յայտարարութեան նախագիծը, որմով խորհրդարանը միջազգային կառոյցներուն կոչ կ՛ուղղէ՝ համարժէք գնահատականի արժանացնելու յատկապէս վերջին օրերուն Ատրպէյճանի գործողութիւնները, ջանքեր գործադրելու՝ սանձելու նման յանցաւոր ոտնձգութիւնները:
Արցախի Ազգային ժողովի արտակարգ նիստին յայտարարութեան նախագիծը ներկայացուց պատգամաւոր Գեղամ Ստեփանեան:
«Վերջին օրերին լարուածութիւնն Արցախի սահմանամերձ բնակավայրերում նոր թափ է ստացել, մասնաւորապէս Ադրբեջանն ինտենսիւ (բուռն) կրակոցներ է արձակել, ականանետեր կիրառել Ասկերանի շրջանի Խրամորթ, Նախիջեւանիկ գիւղերի, Մարտունու շրջանի Խնուշինակ եւ Կարմիր Շուկայ բնակավայրերի ուղղութեամբ: Ադրբեջանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան նման սադրիչ գործողութիւնները միտուած են ինչպէս Արցախի ժողովրդին ահաբեկելուն եւ մշտական տագնապի մէջ պահելուն, այնպէս էլ ռուսական խաղաղապահ ուժերի առաքելութեան հեղինակութեան նսեմացմանը», ըսաւ պատգամաւորը:
Յայտարարութեան մէջ, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը խստօրէն կը դատապարտէ Արցախի նկատմամբ Ատրպէյճանի յարձակողական եւ ահաբեկչական գործողութիւնները, Արցախի Հանրապետութեան բնակավայրերը թիրախ դարձնելը, խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ հոգեբանական, տեղեկատուական ճնշումները, Արցախը բնական կազով ապահովող միակ կազատարի վերանորոգման աշխատանքները խոչընդոտելը: Այսպիսով՝ պաշտօնական Պաքուն կը շարունակէ իր հայատեաց քաղաքականութիւնը, կը խարխլէ տարածաշրջանի փխրուն խաղաղութիւնը եւ կայունութիւնը, ինչ որ անգամ մը եւս կը փաստէ, թէ Ատրպէյճան պատրաստ չէ տարածաշրջանին մէջ յարատեւ խաղաղութեան հաստատման:
«Ստեղծուած իրավիճակը մէկ անգամ եւս ցոյց է տալիս, որ Արցախի ժողովրդի անվտանգ ապրելու, անկախ պետականութիւն ունենալու իրաւունքի ճանաչումը հանդիսանում է միակ ճիշդ, այլընտրանք չունեցող եւ քաղաքակիրթ որոշումը», ըսաւ Ստեփանեան:
Յայտարարութեան նախագիծը ընդունուեցաւ միաձայնութեամբ՝ 32 թեր ձայներով: