ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- 19 Ապրիլին, Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան, խմբակցութիւններու ղեկավարներուն մասնակցութեամբ՝ ընդունեց արտախորհրդարանական ուժերը, որոնք 31 Մարտ 2020ին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն չընտրուեցան եւ մաս չկազմեցին Ազգային ժողովին: Անոնք են՝ «Ազգային վերածնունդ», «Անկախութեան սերունդ», «Արցախի կոմունիստական կուսակցութիւն», «Արցախի յեղափոխական կուսակցութիւն», «Արցախի պահպանողական կուսակցութիւն», «Միացեալ Հայաստան» եւ «Վաղուայ Արցախ» կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները:
«Հանդիպմանը արտախորհրդարանական ուժերի առաջնորդներն արտայայտել են իրենց կարծիքն ու դիրքորոշումը Արցախի հարցի շուրջ եւ այդ համատեքստում կարեւորել են ԱԺ խմբակցութիւնների միահամուռ ու միասնական գործելու հանգամանքը: Կուսակցութիւնների ներկայացուցիչները շեշտել են, որ լիովին սատարում եւ միանում են Արցախի Ազգային ժողովի՝ 2022ի Ապրիլի 14ի արտահերթ նիստում ընդունած յայտարարութեանը», կ՛ըսուի այս առիթով հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ:
Նշենք, որ 13 Ապրիլին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ազգային ժողովի ամպիոնէն յայտարարեց Արցախի կարգավիճակի հարցին մէջ հայկական կողմի նշաձողը իջեցնելու մասին: Արցախի Ազգային ժողովը 14 Ապրիլին գումարած արտակարգ նիստին որդեգրեց յայտարարութիւն մը, որուն միջոցաւ Հայաստանի իշխանութիւններէն կը պահանջէ հրաժարիլ «աղէտալի դիրքորոշումից»: