ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը մեկնաբանեց Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութիւնը, որուն մէջ փորձ կը կատարուի, ընդհանուր պարունակէն կտրելով՝ խեղաթիւրել Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի խօսքերը:
Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան մեկնաբանութեան մէջ կ՛ըսուի, որ Արցախի Հանրապետութեան նախագահը առաւելագոյնս յստակօրէն յայտարարեց, որ Ստեփանակերտը եւ Արցախի այլ բնակավայրերը ռմբակոծելու սպառնալիքները, զորս ատրպէյճանական կողմը պարբերաբար կը հնչեցնէ, նաեւ՝ բարձրագոյն մակարդակով, անթոյլատրելի են:
«Ադրբեջանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը բազմիցս յայտարարել է Արցախում ցանկացած թիրախի ուղղութեամբ հարուածելու պատրաստականութեան մասին: Մասնաւորապէս` Ադրբեջանի պաշտպանութեան նախարարը հրթիռահրետանային զօրքերին ժամանակին յանձնարարել էր «պատրաստուել կործանարար հարուածներ հասցնել» Ստեփանակերտի եւ Արցախի այլ քաղաքների ուղղութեամբ: Յատկանշական է, որ Ադրբեջանի ԱԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչն այսօրինակ սպառնալիքներն արդարացնում էր նրանով, թէ իբրեւ Արցախում «չկայ քաղաքացիական բնակչութիւն, այլ միայն զինուորականներ են եւ դաշտեր»:
«Ադրբեջանը, ձգտելով թաքցնել վախեցնելու եւ ահաբեկելու վրայ հիմնուած սեփական ագրեսիւ (յարձակողապաշտ-Խմբ.) քաղաքականութիւնը, փաստերը նենգափոխելու եւ միջազգային հանրութեանը կանխամտածուած կերպով ապատեղեկացնելու միջոցով փորձում է սեփական քայլերը եւ գործողութիւնների շարժառիթները վերագրել հայկական կողմերին: Ոչ թէ Երեւանը կամ Ստեփանակերտը, այլ հենց Բաքուն է կանոնաւոր կերպով հանդէս գալիս Հայաստանի եւ Արցախի քաղաքացիական ենթակառուցուածքների ռազմավարական օբյէկտների եւ բնակավայրերի ոչնչացման սպառնալիքներով: Հայաստանի Մեծամորի ատոմակայանի, Երեւանի եւ Ստեփանակերտի ուղղութիւններով հրթիռային հարուածներ հասցնելու, Արցախ ուղեւորուող քաղաքացիական ինքնաթիռները խոցելու վերաբերեալ իր պաշտօնական յայտարարութիւններով, ինչպէս նաեւ կատարած բազմաթիւ ռազմական եւ մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւններով Ադրբեջանը ցուցադրում է, որ չի խորշում կիրառել ահաբեկչական մեթոդներ` որպէս իր պետական քաղաքականութիւն:
«Արցախի Հանրապետութիւնը պատրաստ է ամենավճռական կերպով կանխարգելել խաղաղ բնակչութեան դէմ ադրբեջանական զինուած ուժերի յարձակման ցանկացած փորձ: Գանձակ քաղաքի ռազմական օդանաւակայանը եւ ցանկացած այլ ռազմական օբյէկտ, որն ադրբեջանական կողմը կը փորձի օգտագործել Արցախի բնակավայրերի վրայ յարձակման համար, օրինական թիրախ կը դառնայ Արցախի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան բանակի համար: Արցախի Հանրապետութեան նախագահի յայտարարութիւնը նախազգուշացում է սպառնալիքի եւ ահաբեկչութեան միջոցով քաղաքական դիւիդենտներ (շահապաժին, առաւելութիւն-Խմբ.) շահելու փորձերի անհեռանկարայնութեան վերաբերեալ: Ադրբեջանա-ղարաբաղեան հակամարտութիւնը չունի ռազմական լուծում: Հերթական պատերազմի հրահրման փորձերը ողբերգական հետեւանքներ են ունենալու ողջ տարածաշրջանի համար», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ: