Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը այսօր՝ շաբաթ տարածեց յայտարարութիւն մը՝ միջազգային ընտանիքէն պահանջելով ճանչնալ Արցախի անկախութիւնը:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան դիմատետրի էջին վրայ արձանագրած է, թէ մեր հերոսական զօրքը ծանր եւ յամառ մարտեր կը մղէ, թշնամիին պատճառելով մեծ կորուստներ:
Յովհաննիսեան նաեւ գրած է, թէ ազերիները Արցախի խաղաղ բնակչութեան վրայ կ’արձակեն LAR-160 տիպի ռումբեր: