ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- 15 Մարտի յետմիջօրէի ժամը 5։30ի շուրջ, Պաշտպանութեան բանակի հիւսիսային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մէջ, փորձերու ընթացքին տեղի ունեցած արկածի մը հետեւանքով զոհուած է 1999ի ծնունդ զինուոր Էդգար Գէորգի Երեմեան:
Արցախի Պաշտպանութեան բանակէն կը յայտնեն, որ դէպքին մանրամասնութիւնները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն։
«Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ զոհուած զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: