ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի 9 Փետրուարի հրամանագիրով կատարուեցան փոփոխութիւններ եւ լրացումներ 17 Դեկտեմբեր 2020ին «Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան կառուցուածքի մասին» իր հրամանագիրին մէջ։
Ըստ հրամանագիրին` Աշխատանքի, ընկերային եւ գաղթականներու հարցերու նախարարութիւնը վերանուանուեցաւ ընկերային զարգացման եւ գաղթականութեան նախարարութիւն, տնտեսութեան եւ գիւղատնտեսութեան նախարարութենէն առանձնացուեցաւ տնտեսութեան մասը եւ միացուեցաւ ելեւմուտքի նախարարութեան, պետական կառավարման մարմիններու կառուցուածքին վրայ աւելցաւ Պետական վերահսկողական ծառայութիւնը (ներկայիս գործող նախագահի վերահսկողական ծառայութեան իրաւայաջորդը) եւ նորաստեղծ Նիւթական վնասներու հարցերու կոմիտէն։