ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահներ Էրտողանի եւ Ալիեւի Շուշի այցելութեան ու յայտարարութիւններուն վերաբերեալ Արցախի կառավարութեան յստակ դիրքորոշումն այն է, որ անոնց գործողութիւնները ապօրինի են։ Այս մասին «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է Արցախի պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան՝ տեղեկացնելով, որ Արցախի կառավարութեան մէջ մշակուեցաւ «Բռնազաւթուած տարածքների մասին» օրէնքի նախագիծը, որ յառաջիկայ օրերուն շրջանառութեան մէջ պիտի դրուի կառավարութեան մէջ եւ հաստատուելէ ետք պիտի ուղարկուի Ազգային ժողով:
Բեգլարեան հրապարակեց օրինագիծէն որոշ մեջբերումներ, մասնաւորապէս, ըստ օրինագիծին, «Բռնազաւթուած տարածքի» կարգավիճակ պիտի ստանան Արցախի բոլոր այն շրջանները, որոնք կը գտնուին Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ, եւ բռնագրաւուած տարածքները Արցախի անբաժանելի մաս են, որոնց եւս կը վերաբերի Սահմանադրութեան եւ այլ օրէնքներու գործողութիւնը:
Օրինագիծով՝ «Բռնազաւթուած տարածքներում Սահմանադրութեամբ ամրագրուած մարդու եւ քաղաքացու իրաւունքների եւ ազատութիւնների պաշտպանութեան պարտականութիւնը եւ դրանց խախտման պատասխանատուութիւնը, միջազգային իրաւունքի նորմերի եւ սկզբունքների համաձայն, ընկնում է բռնազաւթումն իրականացրած Ադրբեջանի Հանրապետութեան վրայ» եւ որ՝ «Բռնազաւթուած տարածքներում օտարերկրեայ անձանց մուտքը, ելքը եւ տեղաշարժը թույլատրւում է միայն Արցախի օրենսդրութեամբ սահմանուած կարգով։ Այդ կարգի խախտումն առաջացնում է Արցախի օրէնսդրութեամբ սահմանուած հետեւանքներ»։