ԵՐԵՒԱՆ.- Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումը կը շարունակէ մնալ Հայաստանի գլխաւոր առաջնահերթութիւնը:
Այս մասին «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ գրած է Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան:
«Մենք կը շարունակենք խաղաղ գործընթաց՝ ի բարօրութիւն տարածաշրջանի խաղաղութեան եւ անվտանգութեան: Կարգաւորումը պահանջում է բոլոր կողմերի ջանքերը», գրած է Փաշինեան: