Արցախի հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակը յաջողեցաւ կասեցնել ազերի թշնամիին այսօրուան լայնածաւալ յարձակումը: Կարգ մը շրջաններու մէջ մեր քաջարի տղաքը հակայարձակողականի դիմած են: Բախումները տակաւին կը շարունակուին:
Սոյն տեղեկութիւնները հաղորդեց Հայաստանի հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ քարտուղար Շուշանիկ Ստեփանեանը: