ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն»․- Ատրպէյճան կը շարունակէ 44օրեայ պատերազմին ընթացքին իր գրաւած շրջաններուն մէջ նոր զօրամասեր հաստատել, կը հաղորդէ այդ երկրի պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
Արդարեւ, երկու նոր զօրամասերը բացուած են Խոճաւենտ շրջանին մէջ, որ, ըստ Ատրպէյճանի 1991ի վարչատարածքային բաժանման, կ՛ընդգրկէ նախկին Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզի Մարտունի եւ Հադրութ շրջանները:
Ըստ ատրպէյճանական «Էյ․Փի․Էյ․» լրատու ործակալութեան` զօրամասերուն բացման արարողութեան մասնակցեցաւ երկրին զինուած ուժերու 2րդ բանակային բաժանմունքի հրամանատար զօր․ Մայիս Պարխուտարով: